Արժանթինի Հայ Համայնքը Կը Դատապարտէ

Ապրիլ 5-ին, ժամը 17:00-ին, Արժանթինի հայ համայնքը քայլերթ պիտի կազմակերպեն դէպի Արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատուն:
Այս քայլով արժանթինահայերը իրենց բողոքը պիտի արտայայտեն Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն դէմ: