100 Ուսանողներ Կամաւոր Արձանագրուած Են Առաջնագիծ Մեկնելու Համար

Առտուն կանուխէն ԵՊՀ ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքներու կեդրոնին մէջ ԵՊՀ մարտական պատրաստութեան ակումբի եւ Ուսանողական խորհուրդի աշխոյժ անդամները կը ցուցակագրեն այն կամաւոր ուսանողները, որոնք ծառայութիւնը իրականացուցած են Արցախի մէջ: Կը հաւաքուի նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր եւ պահածոյացուած սննդամթերք Արցախի սահմանամերձ համայնքներ ուղարկելու համար: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօրի» ` հաղորդագրութիւն տարածած է Երեւանի պետական համալսարանի ֆէյսպուքեան էջը:
Այս պահուն արդէն աւելի քան 100 ուսանողներ, որոնք ծառայութիւնը իրականացուցած են Արցախի մէջ, կամաւորագրուած են առաջնագիծ մեկնելու համար:
Դեռեւս զինուորական ծառայութիւն չանցած հարիւրաւոր ուսանողներ ալ դիմած են կամաւորագրուելու համար: