Սամցխէ-Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Խստօրէն Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակումները

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ սոյն թուականի Ապրիլ 1 լոյս 2-ին Ատրպէյճանի կողմէն ԼՂՀ սահմանի ողջ երկայնքով իրականացուցած յարձակումը:

Ատրպէյճանի այս յարձակողական գործողութիւնները ոչ միայն կը վտանգեն խաղաղութիւնը ԼՂՀ-ի եւ Հայաստանի մէջ, այլեւ ողջ տարածաշրջանի, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Վրաստանը իր բոլոր քաղաքական ու տնտեսական ծրագիրներով:

Ջաւախահայութիւնը խորապէս մտահոգուած է Ատրպէյճանի կողմէ իրավիճակի խիստ լարումով եւ խստօրէն կը դատապարտէ անոնց յարձակողական գործողութիւնները սահմանագիծին:

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդին թշնամիի յարձակողական գործողութիւնները կասեցնելու գործին:

http://javakhkmedia.com/

Scroll Up