Ախալցխայի Մէջ Աղօթած Են Արցախի ՄԷջ Կռուող Հայ Զինուորներուն Համար

Ապրիլ 3-ին Ախալցխայի Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Պատարագէն ետք տեղի ունեցած է հոգեհանգիստի արարողութիւն Արցախի մէջ Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը Ատրպէյճանական յարձակումներուն ժամանակ զոհուած զինուորներուն եւ մէկ երեխայի համար: Այս մասին կը յայտնէ Akhaltskha.net-ը:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ ախալցխացիները աղօթած են Արցախի սահմանին կռուող հայ զինուորներուն համար: Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ Հայ Յակոբի խօսքերով Ախալցխայի ժողովուրդը այս դժուարին օրերուն Արցախի ժողովուրդի կողքին է եւ հարկ եղած պարագային օգնութեան ձեռք կը մեկնէ իր եղբայրներուն:

 

Scroll Up