ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն կըդատապարտէ ԼՂՀ-ի դէմ ատրպէյճանական յարձակումները
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանի ամբողջ երկայնքին ատրպէյճանական այսօրուան յարձակումները՝օգտագործելով օդային զինուժ, զրահամեքենաներ եւ ծանր հրետանի: Հայկական կողմը զոհ տուաւ 18 զինուորներ, եւ ունեցաւ 35 վիրաւորներ. նաեւ, 12 տարեկան աշակերտ մը զոհուեցաւ, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Ատրպէյճանը կը շարունակէ ձախողեցնել բանակցային խաղաղ գործընթացը՝ խափանելով ԵԱՀԿ Մինսկիխումբի աշխատանքը: Խումբի համանախագահները սեպտեմբեր 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ կոչ ըրած էինՀայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն, ընդունելու զինադադարի խախտումները հետաքննելու մեքանիզմ մը: Անոնք յայտարարած էին «առանց նման մեքանիզմի, կողմերը պիտի շարունակեն մեղադրելզիրար, թէ ո՞վ նախաձեռնող եղած է շփման գծին երկայնքին ու հայ եւ ատրպէյճանական սահմանին մահացու յարձակումներուն. Հայաստանը համաձայնած է քննել մեքանիզմին մանրամասնութիւնները, եւմենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին եւս ընդունելու»:
Անշուշտ, ինչպէս ընդունուած է Պաքուի կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման խաղաղ բանակցութիււններու կոչերը անտեսուեցան: Ընդհակառակը, Ատրպէյճանը 1994 թուականի զինադադարի հաստատումէն ասդին ամենածանր յարձակումներուն դիմեց:
Եթէ միջազգային հանրութիււնը Ատրպէյճանին զսպուածութեան կոչ ըրած ըլլար, այսօր կեանքեր չէինկորսուեր: Պատասխանատու կառոյցները պէտք է այլեւս դադրին միայն անհանգստութիւն յայտնելէ եւ«երկու կողմերուն զսպուածութեան» կոչեր ընելէ, այլ՝ պէտք է մատնացոյց ընել Ատրպէյճանը եւ սանձել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, ըսաւ.- «Առաջին հերթին, մենք մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհուածներու ընտանիքներուն, զինուորներուն եւ խաղաղ բնակչութեան, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին այսօր. վիրաւորներուն կը մաղթենք արագ ապաքինում:Մենք ուշադիր կը հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի սահմաններուն վտանգաւորզարգացումները, եւ արդէն անհրաժեշտ քայլերու դիմած ենք զօրաշարժի ենթարկելու Եւրոպայի մերկառոյցները, իրենց երկիրներու մէջ հանդիպելու իրենց պետութեան եւ միջազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն՝ ստիպելու Ատրպէյճանը վերադառնալու բանակցութեանց սեղան: Թուրքիան նաեւ համապատասխանատու է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումներուն համար»:
«Մենք կ’ողջունենք նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կոչը՝ Հայաստանի եւ ԼեռնայինՂարաբաղի միջեւ պաշտպանութեան համաձայնագրի ստորագրման եւ ամբողջովին կ’աջակցինք այսնախաձեռնութեան. պատրաստ ենք աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կ’երաշխաւորեն Հայաստանի եւԼեռնային Ղարաբաղի սահմանները եւ ապահովութիւնը», եզրափակեց Կարապետեան: