Տխրունիական Երիտասարդներ Բացիկներ Կը Բաժնեն Լիբանանցիներուն
Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը եւ Մար Մխայէլի մէջ բացիկներ բաժնեց անցորդներուն, տեղեկացնելով ղարաղաբեան վտանգաւոր զարգացումներուն եւ ատրպէյճանական ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին: «Հակառակորդը պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններ կատարած է: Թշնամին կրակ բացած է նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ: Ատըրպէյճանական ուժեր փորձած են ներթափանցում կատարելով գրաւել հայկական դիրքեր, սակայն ձախողութեան մատնուելով ստացած են արժանի հակահարուած եւ ետ մղուած: Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը յաւելեալ լարւածութեան ամբողջական պատասխանատուն կը համարէ հակառակորդը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան կոչ կ՚ուղղէ ցոյցեր կազմակերպելու Ատրպէյճանի դեսպանատուներուն առջեւ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Իսկ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան մամլոյ դիւանը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կատարածը ահաբեկչութիւն է ու ապտակ` միջազգային հանրութեան:
«Մենք վստահ ենք, որ Արցախի զինուած ուժերու պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքները երկար պիտի անդրադառնան թշնամիի բարոյական եւ քաղաքական իրավիճակին վրայ: Մենք գործ ունինք ակնյայտ բռնութիւններու հետ, որոնց պէտք է տրուի անհամաչափ պատասխան: ՍԴՀԿ վստահ է, որ Ատրպէյճանի լկտի գործողութիւնները համաձայնեցուած են Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահի միջեւ, տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր լարուածութիւն ստեղծելու համար», ըսուած է ՍԴՀԿ Հայաստանի Շրջանի Վարիչ Մարմնի յայտարարութեան մէջ:
Այս մասին կը յայտնէ Արարատ պարբերականը: