Յարգել, Յիշել Եւ Մեծարել Տարեցները

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Չորեքշաբթի 30 Մարտ 2016- ին, միջօրէի ժամը 12։30- ին տեղի ունեցաւ հալէպահայ տարեցներու հետ մտերմիկ հանդիպում, որուն ընթացքին սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթելով կարեւորեց անոնց օրհնաբեր ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Այս առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ օժանդակութիւններու բաշխում հալէպահայ մեծաթիւ տարեցներէն ոմանց:

Հանգրուանային ձեւով իրականանալի այս ծրագիրը պիտի շարունակուի՝ հասնելու համար հնարաւորինս մեծ թիւով տարեցներու։ Ինչպէս սրբազան հայրը յայտնեց.«Դժուար է բոլորին հասնիլ, սակայն մեր մեծ հայրիկներն ու մայրիկները որեւէ մէկ ձեւով հատուցանելը Աստուածաշնչական ու հայկական առաքինութիւն է»:

Յովիկ Շէհիրեան

«Գանձասար»

տարեցներ1տարեցներ2 տարեցներ3 տարեցներ4

Scroll Up