Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի Ս. Յարութեան Տօնի Տօնակատարութիւնը
Երեքշաբթի 22 Մարտ 2016-ին, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնի նախորեակին Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզին մէջ արտակարգ եռուզեռ մը կար: Ներկուած հաւկիթը գեղեցիկ «ձեռային» պարտէզի մը մէջ պիտի հասնէր բոլոր աշակերտներուն տուները՝ զարդարելու տօնական սեղանները:
Առ այդ, ունեցանք այցելուներ, փոքրիկներու սիրած հերոսները՝ աքլորն ու շնիկը, որոնք դպրոց հասցուցին հաւկիթներու ծանր կողովը, ներկեցին եւ զետեղեցին զանոնք տուփիկներու մէջ:
Կարելի չէր չհամտեսել ախորժաբոյր հաւկիթները: Անուշ երաժշտութեան ներքեւ Փռապանին ղրկած տաքուկ հացիկներուն մէջ զատկուայ համեմուած հաւկիթները բոլոր փոքրիկները համով հոտով կերան: Այնուհետեւ ուսուցիչներուն ձեռքով պատրաստուած անուշեղէնը հիւրասիրուեցաւ փոքրիկներուն, իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները՝ աքլորին ու շնիկին ընկերակցող նապաստակին հրամցուցին համեղ ստեպղին եւ վայելեցին անոր կենդանի ներկայութիւնը: Տօնական մթնոլորտը ճոխացաւ խմբային երգերով, պարերով ու խաղերով:
Բարձր տրամադրութիւնը պահպանուեցաւ ամբողջ տօնակատարութեան ընթացքին: Աքլորն ու շնիկը իրենց ձեռամբ փոքրիկները յանձնեցին ծնողներուն եւ յաւերժացնող յիշատակի նկարներուն մէջ տեղ գտաւ անոնց ներկայութիւնը:
Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ: Թող որ արեւշատ եւ խաղաղ օրերով աւարտի այս տարեշրջանը:
Այս մասին կը յայտնէ Կրթասիրաց Մշակութային Միութիեան ֆէսպուքէան էջը: