Շնորհաւորական նամակ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանին

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ

ՌԱՖՖԻ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆԻՆ

Յարգելի՛ պարոն Համբարեան,

Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետի կարեւոր, պատասխանատու եւ պատուաբեր պաշտօնին նշանակուելու համար: Նման նշանակում ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէն իւրօրինակ գնահատանք է Ձեր անձի նկատմամբ ունեցած վստահութեան եւ արժեւորում՝ Ձեր վարած յոյժ կարեւոր պաշտօններուն եւ ծաւալուն աշխատանքներուն:

Ձեր վեհատեսիլ կառոյցը իր աւելի քան կէսդարեայ գործունէութեան ընթացքին միշտ յայտնի եղած է իր հայրենանուէր առաքելութեամբ, պաշտպանած է հայ ժողովուրդի իրաւունքները միջազգային ատեաններէն ներս, ձգտած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգայնացման եւ մէկ միասնական հայրենիքի կերտման:

Հայ դատի յանձնախումբերը իրենց գրասենեկներով իրաւամբ կը համարուին Հայկական հարցի աննահանջ պահանջատէրերը աշխարհի մէջ:

Հայ դատի մշտաջան գործունէութեան շնորհիւ է, որ ԱՄՆ-ի քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը, Եւրոպայի խորհրդարանը եւ բազմաթիւ երկիրներու օրէնսդիր մարմիններ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւեր, եւ ԱՄՆ-ի շուրջ 42 նահանգներու մէջ Ապրիլ 24-ը յայտարարուած է Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Վստահաբար Ձեր երկար տարիներու քաղաքական աշխոյժ գործունէութեն շնորհիւ, դուք եւս մեծ ներդրում ունեցած էք իրականացուած յաջողութիւններու իրականացման գործին մէջ։

Յարգարժա՛ն պարոն Համբարեան,

Համոզուած եմ, որ դուք այս պաշտօնը ստանցնելով եւ խոստանալով «հայութինը հզօրացնող կամուրջներ կառուցել», քաջատեղեակ ըլլալով Հայ դատի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն` նոր շունչ եւ լիցքեր պիտի հաղորդէք Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան:

Հայ դատի վիթխարի դերակատարութեան լաւագոյն արտացոլումն էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու յաջող իրականացումը եւ հայութեան աննախադէպ համախմբուածութիւնը:

Ձեզի կը մաղթեմ անսպառ եռանդ եւ բեղուն ու լուսաւոր աշխատանքային ուղի` ի նպաստ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք անքակտելի եռամիասնութեան եւ Հայ դատի արդարացի պահանջներու լուծման:

Յարգանքով`

Հրանոյշ Յակոբեան

Scroll Up