Թէ Ինչպէս Սուրիահայ Կարոն Կտրեց Պաշշար Ասատի Եղբօր Մազերը

Եզնիկ Կողբացի փողոցի վրայ գտնուող փոքրիկ վարսավիրանոցին մէջ կ՛աշխատին սուրիահայ վարսավիրներ Կարօ եւ Յովիկ Թաւոյեանները: Սուրիոյ մէջ այս անունները մեծ հռչակ եւ յարգանք կը վայելեն ոչ միայն սուրիահայերու, այլեւ արաբներու մէջ: Անոնք Սուրիոյ ամենայայտնի վարսավիրներէն են ու վայելած են շրջապատի յարգանքը:

Թաւոյեաններու ընտանիքին մէջ վարսավիրութիւնը աւանդական գործ է. վարսավիրութեամբ զբաղած են նաեւ անոնց հայրն ու պապը: Թաւոյեան եղբայրները, ի հարկէ, այդ հարցով հասած են վարպետութեան ամենաբարձր մակարդակի: Եղբայրները սպասարկած են Սուրիոյ ամենաբարձր խաւի անձերու, որոնց շարքին ներկայ նախագահ Պաշշար Ասատի եղբօրը` Պասել Ասատին:

«1979 թուականն էր: 17 տարեկան էի ու պէտք է զօրակոչուէի բանակ: Ընդհանուր զօրքի պատասխանատուի ազգականը իմ յաճախորդս էր, եւ ես մեկնեցայ Դամասկոս, որպէսզի զինուորական ծառայութեան հարցերը քննարկեմ: Այդ ընթացքին բարեկամացայ ընդհանուր զօրքի պատասխանատուի եւ անոր որդիներուն հետ: Անոնց մազերը կտրեցի եւ անոնք շատ հաւնեցան: Մինչ ես Դամասկոս էի, անոնց քով յաճախ կը հիւրընկալուէր Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պաշշար Ասատի եղբայրը` Պասել Ասատը:  Օր մըն ալ ծանօթներս ինծի առաջարկեցին կտրել Պասել Ասատի մազերը: Ատիկա ի հարկէ մեծ պատիւ էր, քանի որ Պասելը Սուրիոյ մէջ շատ կը յարգէին եւ եթէ ան չզոհուէր, հաստատ կը դառնար Սուրիոյ յաջորդ նախագահը: Պասելը շատ ազնիւ մարդ էր, յարգանքով, խելացի: Ընդհանրապէս, Ասատները լաւ մարդիկ են, հայասէր եւ յարգանքով կը վերաբերին հայերուն»,-­ կը պատմէ Կարոն:

Սակայն այսքանով Կարոյի յայտնի յաճախորդներուն մասին պատմութիւնները չեն աւարտիր: Սուրիոյ մէջ գործունէութեան ընթացքին իր մազերը Կարոյին եւ Յովիկին վստահած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լեւոն Սարգսեան: «Ես Լեւոն Սարգսեանը շատ կը հաւնիմ: Շատ յարգանքով, խելացի եւ դաստիարակուած անձնաւորութիւն է, մեծատառով մարդ: Մէկ օր ալ զանգեց` ըսաւ, որ պէտք է եղբօր մազերը կտրեմ: Այդ ժամանակ Սերժ Սարգսեան Պաշտպանութեան նախարար էր: Ան շատ յարգանքով էր մեզի հանդէպ»,-­ կը յիշէ Կարոն ու ի պատախան հարցումին, «Արդեօ՞ք նախագահը գոհ մնաց», կ՛ըսէ` «Ի հարկէ»: Սա Թաւոյեան եղբայրներու միակ հանդիպումը չէր Սերժ Սարգսեանի հետ: «Ան եւս մէկ անգամ դիմեց մեր ծառայութեան: Այդ ժամանակ արդէն անոր մազերը կտրած եմ ես»,­- կը պատմէ Յովիկը:

Եղբայրները արդէն մէկ ու կէս տարիէ հոս են: Նախ Կարօն եկած է, յետոյ` Յովիկը: Մինչ Երեւան գալը Կարոյին հետ դժբախտութիւն մը կը պատահի. որդին` Յակոբը Հալէպի մէջ կը վիրաւորուի: Կը վնասուին պատանիին թոքերը, լեարդն ու ողնաշարը: Ծանր պայմաններու մէջ զայն Հալէպէն կը տեղափոխեն Պէյրութ, այնուհետեւ Երեւան: Կարօն կը պատմէ, որ որդիին կեանքն հոս հնարաւոր եղաւ փրկել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան օժանակութեամբ: Կ՛ըսէ` օդակայան իրենց արդէն կը սպասէին նախարարութեան աշխատակիցներն ու այնտեղէն պատանին տեղափոխած են հիւանդանոց:

«Յակոբը հիւանդանոց պառկեցաւ հինգուկէս ամիս: Բուժման ամբողջ ծախսերը հոգած Սփիւռքի նախարարութիւնը: Հիմա ան անշարժ վիճակի մէջ է: Այժմ Կարմիր Խաչի հիւանդանոցին մէջ ֆիզիոթերափիա պէտք է անցնի»,-­ կը պատմէ Կարոն:

Ներկայ դրութեամբ Կարոյի կեանքի գլխաւոր նպատակը որդին ոտքի կանգնեցնելն է. ատիկա կ՛ըլլայ Երեւանի, Եւրոպայի թէ Գանատայի մէջ նշանակութիւն չունի. կարեւորը որդին ոտքի կանգնի. «Բայց երբ ոտքի կանգնի յաջորդ օրը պիտի վերադառնանք Հայաստան, որովհետեւ ոչ ես, ոչ ալ ընտանիքիս մնացած անդամները չենք ցանկար այլ վայրի մէջ ապրիլ: Երեւանը սիրուն, հանգիստ քաղաք է, ժողովուրդը լաւն է, բարի: Մէկ տարի վեց ամիսէ Երեւան եմ, մէկ հատ սխալ մարդու չեմ հանդիպած»,- կ՛ըսէ Կարոն ու կ՛աւելցնէ, որ միակ դժուարութիւնը տան վարձը տալն է:

Կենցաղային դժուարութիւններէն զատ Կարոն սորված է նաեւ հայկական կարգապահութիւնը: Կ՛ըսէ` իրեն զարմացուցած ու հիացուցած է այն հանգամանքը, որ խանութի, բանկի կամ սրճարանի մէջ մարդիկ հերթի կը կանգնին: Կարոյին եւ Յովիկին զարմացուցածր են նաեւ հայ աղջիկները: Ի տարբերութիւն արաբներուն, հայ գեղեցկուհիները ճաշակով են, աւելի զարգացած ու խելացի: Տղաներու պարագային սակայն սուրիահայ եղբայրներուն ոգեւորութիւնը նոյնը չէ: Կարոյին խօսքով` կարծրատիպը շատ է: «Օրինակ, կու գան որպէսզի մազերը կտրեն, բայց իրենց ընտրած սանրուածքը իրենց դիմագիծերուն յարմար չէ: Երբ խորհուրդ կու տաս` կը հրաժարին, չեն ցանկար նորը ընդունիլ: Յաճախ կ՛ըսեն` պատուհաններուն շերտավարագոյներ քաշէ, որպէսզի դուրսէն չերեւայ, որ եկած ենք վարսավիրանոց: Տղաներուն մեծ մասը կ՛արգիլեն, որ իրենց մազերուն ժել քսես: Տեսակ մը շատ ամփոփուած են»,- ­կ՛ըսէ Կարոն:

Եղբայրները վարսավիրութիւնը ոչ թէ արհեստ, այլ արուեստ կ՛ընկալեն: «Եթէ մէջդ սէր չկայ, չես կրնար աշխատիլ: Մենք դեռ մեր մանկութենէն հօրս կողքէն հեռու չէինք երթար: Գիտէինք, որ վարսավիր պիտի դառնանք: Մենք մեր գործը սիրով կ՛ընենք եւ ուրախ ենք, որ յաճախորդը կը հաւնի մեր աշխատանքը»,-­ կ՛ըսէ Կարոն ու կ՛աւելցնէ, որ սկիզբը իրենց յաճախորդները հիմնականօրէն սուրիահայեր էին: Ժամանակի ընթացքին անոնց ծառայութիւններէն սկսած են օգտուիլ նաեւ տեղացի հայերը, մինչեւ իսկ արուեստագէտներ:

Երեւանի մէջ ալ Կարոն եւ Յովիկը կը հետեւին Սուրիոյ զարգացումներուն. կատարուածը կ՛աւանեն արհեստական պատերազմ, դուրսէն հրահրուած նախաձեռնութիւն, որուն նպատակը Սուրիան կործանելն էր: Կարոն վստահութիւն չունի, որ Մարտ 1-էն Սուրիոյ մէջ հրադադար պիտի կնքուի. Կ՛ըսէ քաղաքականութեան շատ հաւատալու պատճառ չունի, համոզուած է, որ պատերազմը դեռ երկար պիտի շարունակուի: Կ՛ափսոսայ, որ Սուրիան յայտնուած է այդ վիճակին ու նաեւ կ՛ափսոսայ, որ սուրիահայերուն մեծ մասը Հայաստանի փոխարէն կը նախընտրեն Գանատան:

 ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

«Արմենփրես»

Scroll Up