Հակառակ Պայթումներուն Ու աւերին. Հոգեհանգիստ Հալէպի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող անապահով վիճակին եւ երէկ Նոր Գիւղի ՔԵԱ Ճեմարանի փողոցը մինչեւ այժմու Հայ Ծերանոցը («Վ.Կիւլպէնկեան» Մայրանոց) քանի մը հրթիռներու պայթիւնին ու մասնաւորաբար Ս. Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցւոյ կրած վնասներուն, այսօր հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին առաւօտեան Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցւոյ զանգերը աւելի ուժգին հնչեցին: Այս մասին կը յայտնէ Perio News:
Ս. Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ննջեցեալներուն հոգւոյն հոգեհանգիստ` ներկայութեամբ ՍՕԽաչի Շրջանային Վարչութեան, նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամններուն, խաչուհիներուն եւ հաւատացեալներուն: