Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած “Իմ Հայաստան” համահայկական 3-րդ փառատօն

ՏԵՂԵԿԱՏՒՈԻԹԻՒՆ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2016 թուականին կ’իրականացնէ “Իմ Հայաս­տան” համահայկական երրորդ փառատօնը:

Փառատօնի նպատակն է աջակցիլ Հայաստան-սփիւռք, Սփիւռք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման, Սփիւռքի մէջ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանմանն ու զարգացման, Հայրենիքի եւ Սփիւռքի երիտասարդ ստեղծագործողներու միջեւ մշակութային կապերու խորացման, նոր նախա­գիծերու մշակման:

Փառատօնը պիտի ընթանայ հետեւեալ ուղղութիւններով`

“պարարուեստի օրեր” (Յուլիս 20-30-ը),

Ասմունքի համահայկական փառատօն Շուշիի մէջ (օգոստոս 1-5-ը),

“երգչախմբային արուեստի օրեր” (Օգոստոս 5-10-ը),

“տուտուկի եւ հայկական այլ նուագարաններու փառատօն” (Սեպտեմբեր 21-26-ը),

“հայ երգի օր” (Սեպտեմբեր 26),

Փառատօնի ծիրէն ներս նախատեսուած են համերգներ Երեւանի, մարզերու եւ Արցախի մէջ, շրջագայութիւն Հայաստանի տեսարժան վայրերու մէջ:

Փառատօնին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու պարախումբեր, երգչախումբեր, նուագախումբեր, անսամպլ (տրիօ, կվարտետ, կվինտետ, այլ) եւ անհատ կատարողներ:

Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ յայտնի խումբեր եւ անհատ կատարողներ Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն:

Մասնակիցներու ընտրութիւնը պիտի կատարէ “Իմ Հայաստան” համահայկական փառա­տօնի կազմկոմիտէն` ըստ տրամադրուած տեսանիւթերու եւ ձայնագրութիուններու:

 Դիմումները կ’ընդունուին մինչեւ 2016 թ. Ապրիլ 1:

Փառատօնին մասնակցութեան պայմանները

Փառատօնին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել համապատասխան դիմումնաձեւերը եւ ուղարկել imhayastan.paraton@yahoo.com ելեկտրոնային հասցէին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կ’ապահովէ “Իմ Հայաստան” համահայկական 3-րդ փառատօնի կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները եւ պիտի հոգայ մասնակիցներու սնունդի եւ կեցութեան (ովքեր կարիք ունին) (3 գիշեր, 4 օր) ծախսերը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը անհրաժեշտութեան րարագային կրնայ աջակցիլ Ձեզի ՀՀ մուտքի արտօնագրի անվճար ձեռքբերման հարցով (կարիքի պարագային կը խնդրենք տեղեկացնել ժամանումէն առնուազն 45 օր առաջ):

Մասնակից խումբերը պէտք է տրամադրեն մինչեւ 20 րոպէ տեւողութեամբ համերգային ծրագիր (3-5 համար(, անհատները` 3-4 համար, վերջին մէկ տարուան ընթացքին ունեցած ելոյթները ներկայացնող անհրաժեշտ նիւթեր (տեսագրութիւն, թերթօն, լուսանկարներ, ցուցապաստառ, այլ):

Փառատօնի իրականացման վերջնական ծրագիրը պիտի կազմուի դիմումները ամփոփելէն յետոյ: Ուստի  կը խնդրենք խստագոյնս պահպանել անոնց ուղարկման ժամկէտը, ինչը պիտի երաշխաւորէ տուեալ խումբի կամ անհատի մասնակցութիւնը փառատօնին, խումբերու եւ անհատ կատարողներու ներառումը ձեռնարկները ամփոփող գրքոյկի մէջ:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել “Իմ Հայաստան” համահայ­կա­կան փառատօնը համակարգող աշխատակազմի գրասենեակ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3, ել. փոստի հասցէ` imhayastan.paraton@yahoo.com, հեռ.` (+374) 10585601 (117) կամ այցելել imhayastan.am ­ կայքէջը:

“Իմ Հայաստան” համահայ­կա­կան փառատօնը

համակարգող աշխատակազմ

Ղեկավար` Էդուարդ Եսայեանց

Scroll Up