Սուրիական Բանակը Իր Հակակշռին Տակ Առաւ Ալ Րապիաա Աւանը

Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը, ռուսական օդուժին օգնութեամբ, երեկ իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղերու ահաբեկչական խմբաւորումներուն հակակշռին տակ գտնուած վերջին որջը՝ ռազմավարական կարեւոր դիրք վայելող ալ Րապիաա աւանը, այսպիսով ամբողջութեամբ ազատագրելով Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղերը։
Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասարը»: