Սուրբ Ծննդեան Տունօրհնէքի Մասին

Տունօրհնէքի արարողութիւնը կու գայ առաքելական շրջանէն: Այդ ժամանակներուն առաքեալները կը շրջէին տուները` մարդոց աւետելով Քրիստոսի ծնունդն ու յարութիւնը` համաձայն Տիրոջ հրամանի. «Ինչպէս Հայրը ղրկեց զիս, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ: Գացէք,  ուրե՜մն, եւ  բոլոր ազգերը աշակերտ ըրէք ինծի» (Մատթ ԻԸ 18-19):

Եւ այսօր, ըստ սուրբ Եկեղեցւոյ կանոնի, Աստուածայայտնութեան տօնէն ետք,Ծննդեան ութօրէքին`  Յունուար 6-էն մինչեւ 13, հոգեւոր հովիւները կը շրջին իրենց վիճակուած հոտի անդամներու տուները, այնտեղ կը կատարեն տունօրհնէքի կարգը եւ իրենց հայրական խօսքով կը մխիթարեն, կը խրատեն ու հոգեւոր ուրախութիւն կը պատճառեն իրենց հոգեւոր զաւակներուն: Ասով այն մեծ ու սքանչելի խորհուրդը, որ այսօր յայտնուեցաւ, կը մտնէ մեր բնակավայրերը, եւ Ան, Որուն երկինքն ու երկիրը չեն կրնար պարփակել, կը մտնէ մեր տուն, ինչպէս մտաւ Բեթղէհէմի այրը:

Մեծ Արքան, մտնելով մեր ընտանիքէն ներս, կը սրբէ եւ կ’օրհնէ մեր տունը, ինչպէս Իր ծննդեամբ սրբեց այրը: Եւ ինչպէս ծննդեան գիշերը հովիւները, հրեշտակէն աւետիս ստանալով, ընծաներով հանդերձ մտան այն այրը, ուր ծնաւ Քրիստոս, այդպէս ալ այսօր Եկեղեցւոյ հովիւները կը մտնեն մեր տուները` իրենց հետ բերելով Աստուծոյ օրհնութիւնները:

Քահանան տուն մտնելով կու տայ Ծննդեան աւետիսը, կ’երգէ Մովսէս Խորենացիի «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը եւ իր քահանայական իշխանութեամբ ու աստուածային հրամանով կ’օրհնէ տան ջուրը, հացը եւ աղը, ինչպէս Քրիստոս աշխարհ գալով օրհնեց ջուրը, երկիրը եւ անոր պտուղները, որոնք անցեալին անէծքի տակ էին Ադամի պատճառով: Ապա քահանան օրհնուած ջուրը խաչաձեւ կը ցօղէ տան պատերուն, խնկարկելով տունը եւ մեր խնդրանքները ի մի հաւաքելով` կը մատուցէ Աստուծոյ` մեզի համար պահպանութիւն հայցելով Ամենակալէն:

 Նիւթի աղբիւրը` ter-hambardzum.net կայքի

Scroll Up