«Կոմիտաս» Ձայնասկաւառակ` Նոր Շունչ Եւ Միջազգային Հանրայնացում Հայկական Երաժշտութեան…

Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի ապագայ, եթէ կ’ապրի եւ անընդհատ կը շնչէ, եւ ունի միջազգային հետաքրքրութիւն, եթէ համամարդկային արժէք է: Հայկական երաժշտութիւնը խորունկ է եւ համամարդկային, եւ կրնայ հանդիսանալ հինաւուրց քաղաքակրթութիւններու ընկալման կարեւոր բանալիներէն մէկը:
Վերջերս հայութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` Գերմանական ECMrecords-ի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` իր 30 էջնոց բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ եւ լուսանկարներով: Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսգէնեանի կողմէ:
Ձայնասկաւառակը հրաշալի հնարաւորութիւն եւ առիթ է Կոմիտասի երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ բացայայտելու եւ տարածելու համար: Այն կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդին հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը:
Սա մինչեւ օրս միջազգային ամենամեծ ու լայն անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի երաժշտութեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecords-ը, ըլլալով աշխարհի մէջ շատ յայտնի եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ’օգտագործէ աշխարհով մէկ ունեցած իր բոլոր լծակները` նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան: Այն նաեւ կ’ապահովէ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու երաժշտական փառատօններու անդրադարձը:
Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ գրի առնուած եւ, քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս օրինակ`«Կարնոյ ետ ու առաջը», «Կարնոյ շորորը», «Մշոյ շորորը», Կանացի մենապարերը, Մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով`տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչա, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն:
Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսգէնեան`որպէս գործերու սկզբնաղբիւր օգտագործելով այն ժողովրդական նուագարանները, որոնց մասին որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան վրայ նշած է Կոմիտասը`թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն:
Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային` ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան, ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին` բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է»:
Անգլիական “Songlines magazine”-ի կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տաս լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին:
Այն արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ առցանց վաճառակէտերուն:
ECM 2451
Komitas -The Gurdjieff Ensemble- levon Eskenian
Կարճամեթրաժ տեսահոլովակ «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակի մասին.
Կարճամեթրաժ ֆիլմ ծրագիրի մասին.
«Կուրճիեւ» համոյթը միջազգային համբաւ ունեցող հայկական ամենայայտնի համոյթներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 2008 թուականին Լեւոն Իսգէնեանի կողմէ` նպատակ ունենալով ներկայացնել հայկական աւանդական երաժշտութիւնը եւ հայ մեծանուն փիլիսոփայ, երաժիշտ Գ.Ի.Կիւրճիեւի եւ մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու գործիքաւորումները: Համոյթի կազմին մէջ Հայաստանի յառաջատար երաժիշտներ են:
Գերմանական յայտնի ECM ձայնագրման ընկերութիւնը թողարկած է նաեւ «Կուրճիեւ» համոյթի առաջին ձայնասկաւառակը`«Music of Georges I «Gurdjieff» , որ 2012 թ.-ին Հոլանտայի մէջ արժանացած է հեղինակաւոր Edison մրցանակին, Հայաստանի ազգային երաժշտական մրցանակին, ինչպէս նաեւ խոշոր ռատիօկայաններու կողմէ ընտրուած է որպէս շաբթուան լաւագոյն ձայնասկաւառակ (ABC ռատիօկայանը Աւտրալիոյ, WQXR-ը` ԱՄՆ-ի մէջ):
«Կուրճիեւ» համոյթը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ ունեցած է շարք մը յայտնի սրահներու եւ միջազգային փառատօններու մէջ, եղած է Լիբանանի, Գերմանիոյ, Պրազիլիոյ, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Պելճիգայի, Փորթուկալիոյ, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ:
Համոյթը նպատակադրուած է Կոմիտասի ծրագիրով շարունակել իր համերգային շրջագայութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, համերգային սրահներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Նշենք, որ ECM records ընկերութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նաեւ Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները Լուսինէ Գրիգրոյեանի կատարմամբ 2016 թուականին: