Գառնուկը Վստահիլ Գայլերուն Կամ Ինչպէս Կ’ապրին Սուրիացի Փախստականները Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու թեման  միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է արդէն երկար ժամանակ: Խնդիրը աւելի սուր բնոյթ ստացաւ , երբ ատոր հետ անմիջապէս առնչուեցաւ հէնց եւրոպական հասարակութիւնը: Թէեւ այս գաղթականներու կէսէն աւելին չորս տարի է, որ փախստական են Թուրքիոյ մէջ եւ հէնց այդտեղէն ալ կը փախչին դէպի Եւրոպա:

Սուրիացի փախստականները պաշտօնապէս սկսած են Թուրքիա մուտք գործել 2011 թուականի Ապրիլէն: Պատերազմի գաղթականներուն առջեւ դռները բացած Թուրքիան աշխարհին ցոյց տուաւ իր «հիւրընկալութիւնը» ու «մեծահոգութիւնը»: Ի հարկէ` ոչ անվճար:
Փաստը, որ թրքական կառավարութեան` թուրքերուն համար ազատ վիզայի կարգը եւ 3 միլիար եւրոյի տեսքով պահանջները ԵՄ-ի կողմէ բաւարարուեցան, բոլորովին զարմանալի չէր: Իսկ այն, որ սուրիացի գաղթականներու բեռէն ազատիլ փորձող Եւրոպան թուրքերուն վիզա բաժնելով  քանի մը տարիէն պիտի բախուի ոչ պակաս վտանգաւոր խնդիրի` այս անգամ եւրոպական քաղաքներու աւելի մեծ թափով «թրքացման» հետ, միայն ու միայն եւրոպացիներու խնդիրն է:

Այն, ինչ որ կը ցանկամ քննարկել` արդեօ՞ք այս շռայլ նուէրները ընդունող Թուրքիան ի վիճակի է այդքան գաղթականներու խնդիրները լուծել կամ, առհասարակ, արդեօք կը լուծէ՞  այս մարդոց խնդիրները եւ ամէնէն առաջ հասկնանք. եթէ Թուրքիան այդքան հիւրընկալ ու մեծահոգի է այս փախստականներուն հանդէպ, ապա ինչու՞  անոնց թրքական նաւահանգիստներէն հարիւր հազարներով կը փախչին Եւրոպա եւ  վիզաներէն, տոլարներէն ու եւրոներէն բացի ի՞նչ հարցերով  թուրքերը կ’օգտուին սուրիացի գաղթականներու ծանր վիճակէն:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Թուրքիոյ մէջ կը բնակին աւելի քան 2, 200 000  սուրիացի գաղթական, որոնց համար մինչ օրս Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ըստ իր ներկայացուցած պատկերին, ծախսած է 8 միլիար տոլար:
Եւ մինչ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մեծ մասը կը բողոքեն, թէ վերջին տարիներուն առանց այդ ալ ոչ այնքան լաւ տնտեսական վիճակի մէջ գտնուող իրենց երկրի կառավարութիւնը ինչու՞  որոշած է ընդունիլ այդքան սուրիացի գաղթականներ, թուրք-սուրիական սահմանը կը շարունակէ բաց մնալ ու ծառայել ոչ միայն պատերազմէն փախչողներուն, այլեւ տարիներ շարունակ հէնց այդ նոյն սահմանէն ներս ու դուրս ընող իսլամիստ ահաբեկիչներուն համար, որոնք ի դէպ իրենց գրասենեակները ունին հէնց Սթամպուլի սրտին մէջ եւ յաճախ անվճար բուժօգնութիւն կը ստանան Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ:

Չորս տարուան ընթացքին սուրիացի գաղթականներու ծախսերը հոգալու նպատակով արտերկրէն Թուրքիա մտնող գումարի չափը մինչ Էրտողանի պրիւքսելեան վերջին բանակցութիւնները կը հաշուէր 400 000 միլիոն տոլարէն աւելի:
Խնդրին շուրջ Եւրոպայի հետ վերջին քննարկումներուն ժամանակ, ինչպէս յայտնի է,  Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ ազատ վիզայի կարգի եւ «Սուրիացի գաղթականներու բոլոր կարիքները բաւարարելու եւ գաղթականներուն իրենց հարազատ տարածաշրջանը չլքելու համար պայմաներ ապահովելու նպատակով»   3 միլիար եւրոյի օգնութեան շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը Թուրքիոյ վերջին «խոշոր շահումն էր» այս խաղէն:

Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ են անոնք, որոնց շուրջ կը պտտի այս ամբողջ խաղը ու արդեօ՞ք կը ցանկան Թուրքիա մնալ. թերեւս սա քիչերուն կը հետաքրքրէ:

Մեր հարցումներն ու փոքրիկ ուսումնասիրութիւնը ուղղուած էին հետեւեալ հարցին պատասխան գնտելու. արդեօ՞ք Թուրքիոյ կառավարութիւնը հետեւողականօրէն կը կատարէ իր` պատերազմի փախստականներուն հանդէպ օրէնքով ստանձնած պարտականութիւնները:

Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականները օրէնքով ունին հարկային որոշ արտօնութիւններ, իրաւունք ունին անվճար բուժօգնութիւն եւ կրթութիւն ստանալու: Թէեւ այս արտօնութիւններէն կրնան օգտնուիլ գաղթականներու միայն շատ փոքր հատուած մը:

«Ինը հոգիով մէկ սենեակի մէջ կ’ապրինք, ընդհանուր պայմանները սարսափելի են, բաղնիք եւ առանձին զուգարան չունինք:  Երեխաներուն դպրոց գրանցելու դժուարութիւններ ունինք, ուրիշ ծնողներ չեն ցանկար, որ իրենց երեխաներու դասարանին մէջ սուրիացի փախստականի երեխայ յաճախէ,  իսկ տնօրէնները միւսներուն հետ խնդիրներ չեն ուզեր ունենալ:
Երեխաներուն  թրքերէն չգիտնալն  ալ խնդիր է: Անոնց համար որեւէ լեզուի դասընթացներ չեն կազմակերպուիր:
Ձմեռնային հագուստի, սնունդի խիստ պակասութիւն կը զգանք: Եկած էինք երեք ամիսով, դարձաւ երեք տարի, երանի  օր մը վերադառնանք…»:

Ասիկա Թուրքիոյ մէջ մեր հանդիպած սուրիացի փախստականներէն միայն մէկն էր:
Իրականութեան մէջ նման ծանր պայմաններու մէջ կ’ապրի Թուրքիոյ մէջ սուրիացի փախստականներու գերակշիռ մասը:

Թուրքիա անցնող սուրիացի փախստականներուն մեծ մասը սկիզբէն ի վեր այստեղ  եկած է կարճ ժամանակ անց հայրենիք վերադառնալու միտքով, իսկ ոմանք ալ յետագային Եւրոպա անցնելու նպատակով: Եկողներու զգալի հատուածը Հալէպէն, Ղամիշլիէն եւ Ռուպանէյէն են, թէեւ կարելի է ըսել, որ այստեղ կան Սուրիոյ գրեթէ ամէն կողմէն գաղթածներ:
Անոնց մեծ մասը կ’ապրի Թուրքիոյ Հաթա, Ատանա Կազիանթեփ, Շանլըուրֆա, Մարտին,Մալաթեայ, Ատըյաման, Շըրնաք, Պաթման, Էլեազըղ նահանգներուն մէջ. այսինքն` յաճախ փախստականները շատ հեռու չեն գացած սահմանէն, հնարաւորութեան պարագային կրկին Սուրիա վերադառնալու նպատակով:
Սակայն փախստականներու մէկ այլ հատուած մը հաստատուեցան աւելի մեծ  քաղաքներու` Գոնեայի, Անգարայի, Անթալիոյ, Իզմիրի մէջ եւ, ի հարկէ, Սթամպուլի մէջ: Ըստ պաշտօնական տուեալներու 400 000 սուրիացի փախստական կ’ապրի Սթամպուլ: Սակայն սա միայն պաշտօնական տուեալներու համաձայն:
Դէպի Թուրքիոյ արեւմուտք շարժուող եւ  հիմնականին մէջ նաւահանգստային քաղաքներուն մէջ ապաստանած այս փախստականները մեծ մասամբ դէպի Եւրոպա արտագաղթելու առիթներ փնտրողներն են, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու համեմատաբար ֆինանսապէս ապահովուած խաւը, որոնք մեծ քաղաքներու մէջ կը հիմնեն իրենց փոքր եւ միջին գործարարութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի փախստականներու ազգային պատկանելիութեան, անոնց մէջ կը գերակշռեն արաբներն ու քիւտրտերը, որոնք հիմնականին մէջ կը հարին իսլամի «սուննի» ճիւղին, թէեւ քիչ չեն նաեւ շիա-ալեւի արաբները: Գաղթականներուն մէջ կան նաեւ եզտիներ, քրիստոնեայ հայեր եւ ասորիներ:

Սուրիայէն, ինչպէս նաեւ Իրաքէն Թուրքիա գաղթած հայերուն թիւը միւսներուն համեմատ բաւականին համեստ է եւ ամբողջ երկրի տարածքին մէջ չի գերազանցեր 10 000-ը:  Անոնց  մէկ հատուածը կը բնակի Սթամպուլ, Հաթա, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին` Եօզղատ, Էրզրում, Ուրֆա, Մարտին եւ այլն: Վերջիններս յայտնուած են, մեղմ խօսքով, ոչ այնքան բարենպաստ միջավայրի մէջ, եւ ստիպուած են թաքցնել իրենց ազգային ու կրօնական պատկանելիութիւնը:  Իսկ կրթութեան ու աշխատանքի մասին խօսիլը աւելորդ է: Քիչ թէ շատ աւելի բարենպաստ վիճակի մէջ են Սթամպուլ հասած հայ գաղթականները, որոնք տեղի հայկական եկեղեցւոյ միջոցով որոշակի աջակցութիւն ստացան Կ.Պոլսոյ հայերէն: Շատերը յաջողած է իրենց երեխաները գրանցել հայկական համայնքի դպրոցներուն մէջ, թէեւ երեխաներուն մէկ մասը դեռ «հիւր-աշակերտ»-ի կարգավիճակի մէջ է եւ չեն ստանար դպրոցէն համապատասխան վկայական յետագայ ուսումը համալսարանի մէջ շարունակել կարենալու համար:
Թէ Սթամպուլի մէջ եւ թէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ յայտնուած հայ գաղթականները Թուրքիա  եկած են յետագային Եւրոպա կամ ԱՄՆ անցնելու նպատակով:

Վերադառնալով Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու ընդհանուր խնդիներուն` նշենք, որ չնայած ոմանք յաջողած են աշխատանք ու անգամ սեփական գործարարութիւն զարգացենելու ուղիներ գտնելու, սակայն  գաղթականներու մօտ  ծայրայեղ աղքատութեան մէջ գտնուողները ու պետութեան կողմէ յատուկ հոգացութեան կարիք ունեցողները կը գերակշռեն:

Փախստականներու իրաւունքներու միջազգային ընկերակցութեան ( ��?’ Internation Refugee Rights Association”) իրականացուցած ուսումասիրութեան համաձայն (http://multecihaklari.org.tr/turkiyede-bulunan-suriyeli-multecilere-dair-istatistikler/), Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներու 63.3%-ը կը բնակին վարձով տուներու մէջ,  21.5%-ը լքուած ու աւերակ տուներու, 10.3 %-ը վրաններու, իսկ մնացածները այգիներու, փողոցներու  եւ այլն:

Գաղթականներու շուրջ 36.7%-ը ունի բժշկական օգնութեան, իսկ 31.7% -ը դեղօրայքի կարիք:
Հիւանդներու 39%-ի պնդմամբ` պետական հիւանդանողներէն չեն կրնար ստանալ իրենց հասանելիք անվճար դեղօրայքը: Փախստականներու 38.3% -ը կը յայտնէ, որ իրենց կացարանային պայմանները շատ վատ են, իսկ 9.3%-ը մշտական վախի մէջ է, որ կրնան ամէն վայրկեան դուրս վռնտուլի իրենց ժամանակաւոր կացարաններէն:
Սուրիացի փախստականներու 21%-ը Թուրքիոյ մէջ սովի  մատնուած է, իսկ  46%-ը գրեթէ միշտ մեծ դժուարութեամբ  սնունդ կը հայթայթէ: Փաստերը ցոյց կու տան նաեւ, որ լեզուական, ընդելուզման եւ ընկերային խնդիրներու պատճառով սուրիացի երեխաներուն մեծ մասը Թուրքիոյ մէջ չեն կրնար կրթութիւն ստանալ: Թէեւ հարկ է նշել, որ ծանր ֆինանսական պայմաններու մէջ գտնուող ընտանիքներու երեխաները յաճախ հնարաւորութեան պարագաներուն ալ չեն կրնար դպրոց այցելել, քանի որ ստիպուած են աշխատելու:
Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու աշխատանքային պայմանները առանձին եւ բաւականին բարդ թեմա է:
Սուրիացի գաղթականներու մեծ  զանգուած մը Թուրքիոյ մէջ կը շահագործուի բազմաթիւ գործատուներու կողմէ մասնաւոր գործարաններու մէջ, խանութներու եւ, ի հարկէ, հասարակաց տուներու մէջ եւ «մուրացկանութեան գործով»:
Անշուշտ, մեծ սխալ կ’ըլլայ պնդել, որ նշուած վերջին երկու ոլորտներուն մէջ բոլորը զոհ են եւ իրենց կամքէն անկախ  յայտնուած են այդ գործերուն մէջ:
Սակայն պէտք է խօսինք Սթամպուլի մէջ 12 ժամ աշխատող եւ 100 տոլար վաստակող անչափահաս սուրիացի գաղթականներու եւ անմիջապէս թուրք-սուրիական սահմանին վրայ վաճառուող կանանց ու աղջիկներուն մասին, որոնց շահագործողները բոլորովին ալ անօրինական կազմակերպութիւններ չեն եւ բաւականին լուրջ յարկեր կը վճարեն պետութեան:

Անձնագիր ունեցող իւրաքանչիւր Սուրիոյ քաղաքացի  Թուրքիոյ մէջ մէկ տարուան բնակութեան թոյլատրութիւն կը ստանան եւ կրնան դիմել աշխատելու իրաւունք ստանալու համար: Սակայն քիչ չեն անգամ որեւէ փասթաթուղթ չունեցող փախստականները, որոնք, սակայն, բազմաթիւ վկայութիւններու համաձայն` անկախ այդ ամէնէն կ’անցնին թուրք-սուրիական սահմանով առանց մեծ դժուարութիւններու:
Անօրինական այս փախստականները  ամենախոցելի խումբն են եւ ամէնէն շատ  կ’ենթարկուին շահագործման ամենատարբեր ոլորտներու մէջ:
Գաղթական դեռահասները եւ երիտասարդները հիմնականին մէջ իրենց ապրուստին համար կը վաստակեն կերպասի արտադրամասերու մէջ, ուր անոնց աշխատավարձը կը կազմէ միջինը 100-էն 250 տոլար (այն պարագային, երբ տեղացի աշխատողները այդ նոյն գործը կատարելուն կը վաստակեն 350-է մինչեւ 500 տոլար):
Սուրիացի անչափահասները Թուրքիոյ   քաղաքներուն մէջ շատ յաճախ նաեւ կ’աշխատին որպէս հաւաքարար, բեռնակիր եւ շրջիկ վաճառողներ:
Քիչ չեն Թուրքիոյ մէջ սուրիացիներու հանդէպ թէ գործատուներու, թէ հասարակ քաղաքացիներու կողմէ կիրառուած ֆիզիկական բռնութեան դէպքերը:
Երկրի արեւելքը, ուր բնակչութեան կենսամակարդակը հինգ անգամ ցած է, քան ամբողջ Թուրքիոյ միջինը, եւ աշխատատեղերը այդքան ալ շատ չեն, ցաւօք սրտի, այս փախստականներու հիմնական գործը մուրացկանութիւնն է:

Մինչ մարմնավաճառութեան եւ մուրացկանութեան գործի առաջնորդները Թուրքիոյ մէջ մեծ օգուտներ կը քաղեն սուրիացի փախստականներու ներհոսքէն, հասարակ քաղաքացիներու դժգոհութիւնը օր օրի կ’աճի. անոնք կը բողոքեն ոչ միայն մուրացկաններու եւ գողութեան դէպքերու շատնալուն, այլեւ վարձով տուներու գիներու կտրուկ աճի, աշխատատեղերու նուազման եւ այլն (բնականաբար, բազմաթիւ գործատուներ պէտք է նախընտրեն արժան աշխատուժն ու իրենց նախապատուութիւնը տան սուրիացի փախստականներուն, որոնց հանգիստ կրնան վճարել պարզապէս կոպեկներ):

Թուրքիոյ քաղաքացիներու մեծ մասը կը կարծէ, որ իրենց երկիրը պատրաստ չէր այդքան մեծ թիւով գաղթականներու ապաստան տրամադրելու եւ կերակրելու:
Երբեմն սուրիացի գաղթականներու դէմ լարուած տրամադրութիւնները թուրք հասարակութենէն ներս կը հասնին իրենց գագաթնակէտին:
Սակայն «երկրիս մէջ սուրիացի փախստական տեսնել չեմ ցանկար» բղաւող թուրքերը կարծես թէ իրենց բողոքը արտայայտելու համար սխալ հասցէ  ընտրած են, քանի որ թուրք-սուրիական սահմանը փակելու մտադրութիւն Թոււրքիոյ կառավարութիւնը կարծես թէ դեռ չունի, իսկ միլիարներու դիմաց գաղթականներուն Թուրքիոյ մէջ «բանտարկած» եւրոպացիները  գործած են ըստ թրքական ասացուածքին. «Kuzuyu kurtlara emanet etmek» (Գառնուկը վստահիլ գայլերուն):

Սոֆիա Յակոբեան

Scroll Up