«Կին Ըլլալ Չըլլալը Որեւէ Բանով Չի Խանգարեր. Եթէ Աշխատող Ես, Ուրեմն Կ’աշխատիս». Սուրիահայ ձեռներէցներ

Սուրիահայ ձեռներէց կանայք` Արեւելեան արտադրանքի «Հալէպ» խանութներու ցանցի հիմնադիր Ալին Սարեան եւ «Հայլենտ էկովիլիճ» համալիրի հիմնադիր Քերոլայն Զաքարեան ուրախութեամբ կը փաստեն, որ Հայաստանի մէջ գործ նախաձեռնելու ոլորտին մէջ միակը եղած են: Սակայն այսօր պատրաստ են մրցակցութեան:
womennet.am-ի հետ զրոյցին Ալին Սարեան կը խոստովանի` սկիզբը շատ դժուար էր. «Հայաստան եկանք 1998-ին, մասնագիտութեամբ շինարար էի, կ’աշխատէի Հալէպի քաղաքապետարանին մէջ: Մենք մեր որոշումով եկանք: 98-ին այստեղ շինարարութեան ոչ մէկ նշոյլ չկար: Հետեւաբար սկսայ մտածել, ինչով սկսիլ: Քանի որ այնտեղ ընդգրկուած էի Հին Հալէպի զարգացման ծրագիրին, հետեւաբար ծանօթ էի իրենց ամէն ինչին` բոյրին, համեմունքներուն, մշակոյթին: Որոշեցի ատիկա օգտագործել: Սկսայ փոքրէն: Կին ըլլալ չըլլալը որեւէ բանով չի խանգարեր: Եթէ աշխատող ես, ուրեմն կը շարունակես աշխատիլ:
Ձեռներէց կինը կը յիշէ, որ պատերազմի աւարտին շատ չէր անցած, օրէնքները անընդհատ կը փոխուէին. «Հաշուապահս չէր հասցներ օրէնքները իւրացնել, երկու ամիս անց կրկին կը փոխուէին: Սկիզբը այդ գործին մէջ մինակ էի, ոչ մէկուն մտքով չէր անցած նման բան ընել: Նորութիւն էր: Ատիկա ինծի բաւական օգնեց: Հիմա ինչպէս ամէն ոլորտի մէջ, այստեղ ալ մրցակցութիւն կայ: Եւ ես պատրաստ եմ»:
Ինչու՞ Հայաստան եկող սուրիահայերուն մեծ մասը կը դժգոհի, որ չի կրնար որեւէ բանով զբաղիլ. «Իրենք պարտադրողաբար դուրս եկան այնտեղէն, ոչ իրենց կամքով: Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի: Յետոյ, եթէ իրականութիւնը պիտի խօսիմ, ապա սկիզբը ես ալ կը կարծէի, որ Հայաստանն է պատճառը: Յետոյ ըսի` չէ, մէկ վայրկեան, այդպէս չէ, ուր ալ տեղափոխուիս, ատիկա իրեն հետ կը բերէ համակերպուելու անհրաժեշտութիւնը: Իրենք դեռ չեն ուզեր համակերպիլ»:
«Հայլենտ էկովիլիճ» համալիրի հիմնադիր Քերոլայն Զաքարեանը ձեռներէցութեան իր ոլորտին մէջ շատ մրցակիցներ չունի. ««Էքոռեզօրթ» չկար Հայաստանի մէջ, երբ մենք սկսանք: Մենք ունինք ճաշարան` հայկական ու լիբանանեան խոհանոց, սնունդը մաքուր է: Մեր սնունդը պատրաստուած է մեր արտադրանքէն: Քանի որ այդպիսի բան չկայ Հայաստանի մէջ, մեր գործարարութիւնը անմիջապէս ծաղկեցաւ: Ունինք փայտէ սարքուած հիւրանոց: Երբ նոր կը սկսէինք գործը, կը մտածէինք, որ հիմնական յաճախորդները պիտի ըլլան զբօսաշրջիկներ ու արտասահմանցիներ, բայց ուրախ եմ ըսելու, որ մեծ մասամբ յաճախորդները Երեւանէն են, կազմակերպութիւններ են»:
Զաքարեան կը ցանկայ իր փորձը ներկայացնել հայաստանցի կանանց, օգնել անոնց. «Եթէ չես տեսած նման բաներ, ինչպէս կրնաս սկսիլ նման գործ ու ղեկավարել: Այստեղի կանայք դեռ սորվելու բաներ ունին, եւ ես վստահ եմ, որ կամաց-կամաց իրենք ալ կը սկսին ու յաջողութիւն կ’ունենան»:
Ալին Սարեան այլ կարծիք ունի: Կը խոստովանի, երբ նոր Հայաստան եկած էր, տղամարդոց կը «փնտրէր». «սնունդի շուկան կանայք էին, ոսկիի շուկան կանայք, դպրոցները կանայք էին: Լուրջ կ’ըսեմ, այս երկիրը մայրերու ուսերու վրայ էր, 98-ին ուղղակի կը խեղդուէի, կ’ըսէի` ուր են,կը տեսնէի 5-6 տղամարդ իրար հետ կը զրուցեն, արեւածաղիկ կ’ուտեն: Հիմա պատկերը այլ է, բայց եթէ ձեր մայրերն ու քոյրերը 98-ին չըլլային…»:
Հ. Կարապետեան