“Ապագայ”-ի մասնակիցները` Սփիւռքի, ապագայի ու իրենց տեսլականի մասին
Նոյեմբեր 27-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, “Գալուստ Կիւլպէնկեան” հիմնարկութեան եւ Նիժնի Նովգորոդի “Իմաստ” երիտասարդական ընկերակցութեան կողմէն համատեղ կազմակերպուած Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովը` “Ապագայ” խորագիրով:
“Հայերն այսօր”-ը զրուցած է համաժողովի մասնակիցներու հետ, ովքեր կը ներկայացնեն իրենց կատարած աշխատանքը համայնքներու մէջ, հարցադրումներն ու սպասելիքները այս համաժողովէն:
Անտոն Վարդանեան-ՌԴ, Ստաւրոպոլի “Նայիրի” հայկական ազգամշակութային ինքնավարութեան գործադիր տնօրէն
Համայնքային աշխոյժ գործունէութեամբ կը զբաղին 2012 թուականէն, եւ այս 4 տարիներու ընթացքին Ստաւրոպոլի համայնքը սերտօրէն կը համագործակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ: Մշտապէս կը մասնակցինք Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն, կազմակերպած ձեռնարկներուն, եւ այս համաժողովը եւս բացառութիւն չէ: Բոլորովին վերջերս ալ հեռակոնֆերանս կազմակերպուած էր մեր համայնքի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ, որուն ընթացքին քննարկեցինք համատեղ ծրագիրները, խնդիրներն ու ընելիքները: Կրնամ ըսել, որ Ստաւրոպոլի “Նայիրի” հայկական ազգամշակութային ինքնավարութիւնը բաւականին կազմակերպուած է եւ տարուան կտրուածքով տարբեր միջոցառումներ կ’իրականացնէ: Բացի համայնքային գործունէութենէն, կ’աշխատինք նաեւ Ստաւրոպոլ քաղաքի գործադիր մարմիններու հետ, կը մասնակցինք քսղաքապետարանին կից գործող կոմիտէներու նիստերուն ու կը փորձենք լուծել մեր հայրենակիցներու ինտէգրման եւ տարաբնոյթ այն խնդիրները, որ կ’ունենան` այստեղ ապրելով:
Հպարտութեամբ պէտք է նշեմ, որ մեր ինքնավարութեան մէջ կը գործեն 3 խումբէ բաղկացած հայերէնի ուսուցման դասընթացներ, մշակութային առումով եւս աշխոյժ ենք. երաժշտական խմբակ կը գործէ, ուր ցանկացողները տուտուկ կը սորվին, ինչպէս նաեւ ազգային երգ ու պարի անսամպլ ունինք, ուր կը յաճախէ շուրջ 100 երեխայ:
Ռուսլան Տրապիզոնեան-Աբխազիա, Գագրայի հայերու միութեան նախագահ
Ես մի քանի ամիս է, որ կը զբաղեցնենք այս պաշտօնը, եւ ինծի համար իսկապէս այս ամէնը շատ հետաքրքրական է, նոր է ու ուսուցողական: Խօսելով Գագրայի հայ համայնքի ձեռքբերումներու մասին` ուրախութեամբ կ’ուզեմ նշել, որ 2 տարի է, որ Գագրայի մէջ հայկական եկեղեցի կը գործէ. Գագրայի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կառուցումը կարգ մը բարերարներու նուիրատւութեան արդիւնքն է: Սա մեծ իրադարձութիւն էր ոչ միայն Գագրայի հայութեան համար, այլ նաեւ` ողջ Աբխազիայի, քանի որ հայերը վերջապէս իրենց եկեղեցին ունեցան Աբխազիայի մէջ: Ի դէպ, եկեղեցւոյ օծման արարողութեանը ներկայ էր նաեւ աբխազիայի Խորհրդարանի նախագահը: Կրնամ ըսել, որ Աբխազիայի մէջ, ինչպէս Սփիւռքի շատ այլ համայնքներու մէջ, կարեւորագոյն խնդիրը լեզուի խնդիրն է: Երիտասարդները, անոնց շարքին նաեւ՝ ես, կը դժուարանամ հայերէն խօսիլ, եւ անոր համար բազմաթիւ օպյեկտիւ պատճառներ կան: Ճիշտ է Աբխազիայի մէջ հիմա 31 հայկական դպրոց կը գործէ, բայց աշակերտներու թիւը երթալով կը պակասի: Օրինակ` Գագրայի մէջ գործող 10-ը հայկական դպրոցներէն հիմա 6-ը կը գործեն, միւս 4-ը, ցաւօք, փակուած են: