Աշխարհի մեծերը հայերու մասին. ՌԻՉԻՈՏԻ ԿԱՐԻՊԱԼՏԻ

Իտալացի զօրավար, ծերակուտական Ռիչիոտի Կարիպալտին (1847-1927) Իտալիոյ ազգային հերոս Ջուզեպպէ Կարիպալտիի կրտսեր որդին է: Ան բազմիցս որպէս զինուոր կռուած է հօր հետ կողք-կողքի: 1870-ին ֆրանս-պրուսական պատերազմի ժամանակ կռուած է Ֆրանսայի կողմէ:
1887-1890-ին եղած է Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ:
1897-ին Ամիլկար Չիպրիանիի հետ կարիպալտական 1300 մարտիկներու գլուխն անցած յոյն-թրքական պատերազմի ժամանակ կռուած է թուրքերու դէմ:
1912թ. Պալքանեան պատերազմի ժամանակ ան իր երեք որդիներուն հետ, շարունակելով Կարիպալտիներու ընտանիքի աւանդոյթը, ստեղծած է նոր 1200 հոգինոց ջոկատ եւ մարտնչած յանուն Յունաստանի:
«Հայերն այսօր»-ը իր ընթերցողի ուշադրութեան կը ներկայացնէ անոր խօսքը` ուղղուած «Դրօշակ»-ին /1899, N3, էջ 34/:
ԶԷՆՔԸ ՁԵՌՔԻՆ
Խաղաղութեան խորհրդաժողովին դիմելը բացարձակապէս անօգուտ կը կարծեմ: Այդ ժողովը կը հրաւիրուի ռուս ինքնակալի նախաձեռնութեամբ, որ խաղաղութիւն քարոզելու իսկ պահուն կը ջնջէ իր ընդարձակ կայսրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող նուազագոյն իսկ ազատութիւնը (կ’ուզեմ նշել Ֆինլանտայի օրինակը). այդ իրողութիւնը ապացոյց մըն է, որ անոր առաջարկութեան տակ ծուղակ մը թաքնուած է ի վնաս ժողովուրդներու արդարութեան, ազատութեան եւ անկախութեան:
Եթէ հայերը, ինչպէս եւ միւս ժողովուրդները, որոնք այսօր կը կրեն Թուրքիոյ բռնութեան լուծը, կ’ուզեն ազատ ըլլալ, արդարութեան եւ մարդկայնութեան այդ գործը պէտք է պահանջեն զէնքերը ձեռքերնին:
Եւրոպական դիւանագիտութեան միայն այդ կերպ կարելի է ստիպել, որ լսէ թշուառ ժողովուրդներու ձայնը:
Այդպէս ըլլալու պարագային ես եւ իմ բարեկամներս մեզի կը դնենք դժբախտ հայ ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, որուն հետ է մեր ամբողջ համակրութիւնը:
Միշտ հաւատացէք անկեղծ բարեկամութեանս:
Հռոմ, 27 Մարտ, 1899
Ռիչիոտի Կարիպալտի
Աղբիւրը` ՍԵՒ ԳԻՐՔ /ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՕՏԱՐԵՐԿՐԱՑԻՆԵՐԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ/