Ասատ շնորհակալութիւն յայտնած է Փութինին

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ երէկ երեկոյեան ժամանած է Մոսկուա ու բանակցած Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիտրի Փէսկով:

Ըստ Ռիա Նովոստիի` երկու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ մէջ ռուսական օդանաւային գործողութիւնները: Փէսկով նշած է, որ բանակցութիւնները անցած են նեղ եւ ընդլայնուած կազմով: «Ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններուն մասնակցած է Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Բանակցութիւնները բաւականին երկար  տեւած են, իսկ թեման` բաւականին հասկնալի»,- armradio.am-ի փոխանցմամբ` աւելցուցած է Փէսկով:

Բանակցութիւններուն ժամանակ քննարկուած է «Ծայրահեղական ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարին», ինչպէս նաեւ սուրիական բանակի յարձակողական գործողութիւններուն աջակցելու հարցերը: Ասատ շնորհակալութիւն  յայտնած է Փութինին ռազմական օգնութեան համար:

 

Scroll Up