Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատի «Տօ ես ձեր…» յօդուածի թիրախին մէջ թրքական իշխանութիւններն են

«Պոլսահայ յայտնի լրագրող, թրքական ընդդիմադիր «Taraf» թերթի սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատը, որուն դէմ Անգարայի քաղաքապետ Մելիք Կեօքչէք դատ բացած էր իրեն «հայ» անուանելուն համար, «Տօ ես ձեր…» վերնագիրով յօդուածին մէջ թրքական իշխանութիւններուն իրենց ընդդիմախօսներուն հալածելուն համար:

«Մարդը դուրս կու գայ եւ դիմացինին «հայ» կ’անուանէ` կարծելով, թէ կը վիրաւորէ վերջինին: Այս կուսակցութեան անդամները հայ են, այն կուսակցութեան հանրահաւաքին գացողները ծպտեալ հայեր են: Այսպէս ըսելով` միլիոնաւոր մարդոց առաջ ցուցադրութիւն կը սարքէ: Այդ մարդը կը փափաքի, որ ապրինք այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր «հայ» բառին պատասխանը աւելի սաստիկ կ’ըլլայ քան մայր կամ քոյր հայհոյելու պատասխանը»,- ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ Պաղտատը` ակնարկելով Անգարայի քաղաքապետ Մելիք Կեօքչէքին:

Շարունակելով միտքը.

«Վեր կը կենաս ու կը պատասխանես` «հայը դուն ես, ստոր մարդ: Ինչպէ՞ս ես կը համարձակիմ այդպէս խօսիլ: Իսկ յաջորդ օրը լուրերուն մէջ կը կարդաս` Հայկօ Պաղտատ 2.5 տարուան ազատազրկման կը դատապարտուի: Մարդուն ստոր ըսած է, հայ ըսած է:

Այս իշխանութիւնները իրենց բոլոր ընդդիմախօսներուն ահաբեկիչ կը յայտարարեն: Ուղիղ եթերներէն ու թերթերթու շապիկներուն վրայ երկիրը կը լեցնեն այնպիսի լուրերով, իբրեւ թէ FETճ-ն (Ֆեթոլահական (Կիւլէն) ահաբեկչական կազմակերպութիւն), PKK-ն (Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն), DHKP-C-ն (Ժողովուրդի փրկութեան յեղափոխական կուսակցութիւն-ճակատ), Doğan Medya-ն, հայկական սփիւռքը, հրէական լոպին, այդ բոլորը միասին թրքական պետութեան դէմ դուրս եկած են: Քիւրտերու «պահապան» Մեհմէթ Մեթիների ու հայերու «պահապան» Մարգար Եսայեանի նման 15-20 զաւզակ ալ ամէն Աստուծոյ օր մեր անունները կը սեւցնեն:

Կ’ըսես. «Ահաբեկիչը դուն ես: Անոնք, որոնց բեռնատարներով զէնք կ’ուղարկէիր, հիմա աչքներնուդ առջեւ մեր երիտասարդներուն կը սպաննեն:»

Կ’ըսեն. «Թուրքիոյ հանրապետութեան ահաբեկիչ անուանեց, խփէք այդ անպարկեշտին»:

Դատարանները կը լեցնեն ընդդիմադիր լրագրողներով:

Դուն ալ կ’ըսես. «Ես չեմ հաւատար այս արդարադատութեան համակարգին»:

Կ’ըսեն.  «Սա մեղաւոր կը ճանչցուի ժողովուրդին ատելութեան ու թշնամութեան դրդելուն համար»:

Ահա այս բոլոր  պայմաններուն մէջ երկրի նախագահը վեր կը կենայ ու կ’ըսէ. «ԺԴԿ-ն (Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւն) բոլոր խելապակասներուն պատգամաւորի թեկնածու  առաջադրած է: Ահաբեկչութեան այդ աջակիցներուն իրենց տեղը ցոյց պիտի տանք»:

Կ’ըսես. «Ինչպէ՞ս կը խօսիս: Դուն պատուովդ կ’երդուիս, որ անկողմնակալ պիտի ըլլաս»:

Վայնասուն կը բարձրացնեն. «Մեր նախագահին բան ըսի՞ր: Գրոհէք ասոր թերթը, տունը»:

Նմանատիպ նախադասութիւններով պատասխան տամ.

Իրական խելապակասը Դուք էք:

Ահաբեկիչն ալ, դաւաճանն ալ, գողն ալ, «հայն» ալ, անհաւատն ալ, մարդասպանն ալ, անջատողականն ալ, անդաստիարակն ալ Դուք էք:

Twiter-ի մէջ գրութիւններուս տակ «Ձայնդ կտրէ» գրող դատաւորին ի պատասխան ալ կ’ըսեմ. «Դուն լռէ»:

Թերեւս քիչ մը  հանգստացայ:

Scroll Up