«Ինչ-որ բան մը կայ, որ մենք մոռցած ենք…». Այսօր յուղարկաւորեցին Անգարայի ահաբեկչութեան ժամանակ զոհուած հայ գործիչը

Հոկտեմբեր 10-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ խաղաղութեան նուիրուած ցոյցի ժամանակ տեղի ունեցած երկու պայթիւններէն մահացած 120 (ըստ ոչ պատօնական տուեալներու 128) զոհերէն մէկուն` տերսիմցի հայ Սերտար Պենի յուղարկաւորման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր առաւօտեան. Հոգեհանգիստը կատարուած է Սթամպուի Կազի ալեւիական մէսճիտին մէջ:
Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ յայտնի է Սերտար Պենի եղբօր` Հասան Պենի անունը, որ դեռեւս երեսուն տարի առաջ զոհուած էր քրտական շարժման զինեալներու եւ թուրք զինուորներու բախման ժամանակ:
Մէկ կողմ ձգենք այն հարցերը , թէ ինչ քաղաքական հայեացքներ, կրօնական պատկանելիութիւն ունէին Սերտար Պենն ու իր եղբայրը, ինչպէս կ’ընդունէին իրենց հայկական ծագումը, ինչ գործ ունէր Հասանը քիւրտ զինեալներու շարքին մէջ երեսուն տարի առաջ, իսկ Սերտարը Անգարայի ցոյցին, եւ այլն… Անշուշտ, քրիստոնեայ համայնքէն չըլլալու պատճառով Սերտար «պաշտօնապէս» հայ չի համարուիր նաեւ Թուրքիոյ մէջ եւ մեր համայնքը ըստ պաշտօնական տուեալներու այս ահաբեկչութեան ժամանակ կորուստներ չէ գրանցած:
Յայտնի չէ, թէ հարիւրէ աւելի զոհուածներու շարքին քանի հոգիի երակներուն մէջ կրնար հոսիլ հայկական արիւն, Սերտար Պենի հայ ըլլալուն մասին ալ կրնային երբեւէ չիմանալ ,բայց այդ հարցն ալ անցնիմ:
Լուրը առիթ տուաւ աւելի շատ խորհելու հետեւալ հարցերու շուրջ.
Երբ Թուրքիոյ մասին որեւէ լուր կը հրապարակուի, մեզմէ քիչերը ատիկա կ’ընկալեն որպէս տեղեկատուութիւն, որ կը վերաբերի նաեւ հայերուն, այո, Թուրքիոյ հայերուն:
Առհասարակ, ամէն ինչ կապուած է Թուրքիոյ հետ, բայց չառնչուիր անմիջապէս Ցեղասպանութեան թեմային, մեզի քիչ կը հետաքրքրէ: Քանի որ որքան ալ մենք վերջին տարիներուն գիտակցինք, որ այնտեղ դեռ հայեր կան, միեւնոյնն է` մեր ենթագիտակցութեան մէջ ատիկա ամբողջութեամբ հայաթափուած տարածք է, որուն հետ մեր կապը աւարտեց ուղիղ հարիւր տարի առաջ:
Իրականութեան մէջ մենք գիտենք, որ կրօնափոխ հայերը կան, մեզմէ ոմանք կ’ընդունեն անոնց, բայց անոնք չկան մեզի համար Ցեղասպանութեան թեմայէն դուրս: Կա՞նք արդեօք մենք իերնց մէջքին ետեւը, յուզական ելոյթներէն դուրս, Արեւմտեան Հայաստան զբօսաշրջիկ այցելութիւններէն դուրս, իսլամացած հայերուն մասին ֆիլմերէն դուրս: Կը ցանկանք ճանչնալ անոնց իսկապէս, թէ ոչ… Սա է հարցը:
Թուրքիոյ մէջ պատերազմ է: Կը մահանան թուրք զինուորներ , քիւրտ գիւղացիներ, կը ձերբակալուին քաղաքացիական գործիչներ, կ’այրին տուներ, դաշտեր, լեռներ:
Առաջին հայեացքէն այս ամէնը մեզի հայերուս չի վերաբերիր: Աւելին` մեր երկու թշնամիները ��?’իրար կ’ուտեն”, կարծես թէ եկած է ահեղ դատաստանը, գուցէ ուղիղ մէկ դար անց կ’իրականանան մեր տատերու` դէպի Տէր-Զօր գաղթի ճանապարհին ամէն օր հնչեցուող անէծքները:
Բայց… Ինչ-որ բան կայ որ մենք մոռցած ենք
այո, Ցեղասպանութեան տարիներուն մեր տատերն ու պապերը ճարահատուած ըլլալով ձգած են ճանապարհին բազմաթիւ որբեր, որոնց մէկ մասը մնաց կենդանի եւ անոնք ինչ-որ տեղ մը,ինչ-որ կերպ,ինչ-որ մէկուն կողքին ապրեցան, շահագործուեցան կամ պաշտպանութեան տակ առնուեցան: Ապրեցան: Քիւրտի,թուրքի,արաբի կամ հայու ինքնութեամբ: «ծպտեալ հայեր» ըսելով ինչպիսին կը պատկերացնենք անոնց… Ցեղասպանութեան շրջանի պէս գաղթի ճամփաներուն որեւէ ծառի կամ քարի տակ ծպտուա՞ծ: Կամ անտեսանելի՞: Կամ լճացած, մեկուսացուած զանգուած մը, որ բացարձակապէս կապ չունի թուրք հասարակութեան հետ, չունի քաղաքական հայեացքներ, չի մասնակցիր այդ երկրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն:
Բայց անոնց երեխաները կ’երթան դպրոց, անոնք կը բուժուին թրքական հիւանդանոցներու մէջ, նաեւ իրենք կը սպասարկեն թուրքերուն, քիւրտերուն, արաբներուն, լազերուն ու այդ երկրի բոլոր քաղաքացիներուն ամենատարբեր ոլորտներու մէջ: Իսկ այս պատերազմին անոնք կրնան ըլլալ եւ ճնշումներու ենթարկուող քիւտերու շարքերուն եւ հէնց զէնքը ձեռքին կանգնած թուրք զինուորներու շարքին:
Սերտար Պենի մահուան լուրէն յետոյ առաջինը, որ յիշեցի, Սթամպուլ ծնած մեծցած հայ տղու թուրք-իրաքեան սահմանին անցուցած բանակային ծառայութեան այն դառը պատմուածքներն էին, որոնց մանրամասները լսելն անգամ բարդ է առանց հոգեկան սարսափելի ապրումներու: Երբ միայն կը փորձես պատկերացնել, որ երիտասարդի մը, որուն ծնողները ոտաբոբիկ հասած են Սասունէն Սթամպուլ, այո այդ երիտասարդին հայ ըլլալը իմանալով հանդերձ անոր յանձնարարած էին ռմբակոծել Հաքքարիի քրտական ճամբարները, անձամբ հետեւելով գործողութեան ամբողջ ընթացքին: Եւ այդպէս երկար ու ձիգ ամիսներ շարունակ:
Այսպիսի պատմութիւններ բազմաթիւ են: Ամէն մէկը լսելէ յետոյ կը հասկնաս մէկ բան.
իրականութեան մէջ մենք ( եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ) բաւականաչափ պատկերացում չունինք Թուրքիոյ հայութեան խնդիրներուն իրական չափի եւ ծանրութեան մասին: Աւելին` մենք մինչ օրս չենք ընկալեր անոնց որպէս համայն հայութեան մէկ մասը. անոնք մեզի համար կը շարունակեն մնալ պարզապէս մեր ցեղասպանուած ըլլալու խորհրդանիշն ու ապացոյցը Թուրքիոյ մէջ, թանգարանային նմուշ. «Օհհ,այնտեղ դեռ հայեր կան: Օօօ իրաւ՞: Ինչ յուզիչ է»:
Քանի մը աղմկահարոյց յօդուած, քանի մը զգացական եւ հիմնականին մէջ չափազանցուած ու ծաղկեցուած տեղեկագրութիւններ, քանի մը լուսանկար Արեւմտեան Հայաստանի ��?’քրտացած”-ներէն մի քանի հոգիի հետ, քիչ մը արցունք, քիչ մը հոգեյոյզ ձեւեր, քիչ մը հայրենասիրական ��?’քոմենթներ” ֆէյսպուքի վրայ, եւ վերջ:
Իսկ ինչ կ’ընէին անոնք մինչ մեր ու իրենց «յայտնութիւնը»… Որուն հետ կ’ապրէին, որուն հետ կը կիսէին իրենց ցաւն ու ուրախութիւնը, որուն հետ կ’ամուսնանային, որուն կողմէն կը հալածուէին կամ պաշտպանութեան տակ կ’առնուէին, կուշտ էին, թէ սոված:
Անոնք եղած են եւ կան բոլոր կողմերուն մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ ոչ մէկ հասարակութեան մէջ չեն երեւիր: Սերտար Պենը ,օրինակ, թուրքերու համար «քռօ» (այդպէս թուրքերը կ’անպատուեն քիւրտերուն) էր թուրքերու մէջ, «ֆըլլա» (քրտերէն` հայ, քրիստոնեայ) քիւրտերու մէջ, «տաճկացած»` հայերու մէջ եւ այլն:
Ի վերջոյ մենք ալ եթէ անգամ կ’ընդունինք անոնց, միեւոնոյնն է` երբ կը խօսինք «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» եռամիասնութեան մասին, Թուրքիոյ հայութիւնը այս երեքէն ոչ մէկուն մէջ չի մտներ:
Անոնց կրնան աշխատանք չտալ Մուշի մէջ, դրամատնային վարկ չտրամադրել Իզմիրի մէջ, «հայու ծնունդ» ըսելով ապտակել թրքական բանակի շարքերուն մէջ եւ ետեւնէն «թուրք» բղաւել Հայաստանի մէջ` ինչպէս ատիկա պատահեցաւ վերջին համահայկական խաղերուն ժամանակ Սասուն-Մոսկուա, Սամաթիա-Երեւան եւ քանի մը այլ խաղերու ժամանակ:
Իրականութեան մէջ` սփիւռքահայ ըլլայ թէ հայաստանցի` մեզի համար նախ եւ առաջ բարդ է ընկալել հայուն կամ հայկական ծագում ունեցող մէկուն որպէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի: Այո, հայ, իսկ անձնագրին վրայ թրքական կիսալուսինն ու աստղը: Այո, հայ, որ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական ծառայող, թրքական բանակի զինուոր… Հայ, որ կը մասնակցի նախագահական կամ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հայ, որ պարտաւոր է դպրոցին մէջ երգել Թուրքիոյ ազգային օրհներգը: Աւելին` հայ, որ գուցէ յաջողի ներկայացնել Թուրքիան որեւէ միջազգային մրցոյթի մէջ եւ այլն…Թուրքիոյ քաղաքացի հայ, այսինքն` հպատակ դրօշի մը, որ տեսնելուն պէս այդքան բացասական զգացումներ կ’ունենայ գրեթէ ամէն հայ:
Մենք երկար ժամանակ ի վիճակի չենք ըլլար հայերու այս խումբը ընկալելու այնպիսին ինչպիսին կան, պիտի փորձենք աչք փակել այն ամէնուն վրայ, որ մեզի ձեռնատու չէ հասկնալ ու պատմել:
Եւ ամենակարեւորը` ինչպէս բոլոր երկիրներու մէջ Թուրքիոյ մէջ ալ կան լաւ ու վատ, հայրենասէր ու դաւաճան, անտարբեր ու աշխոյժ հայեր: Ոմանք կ’երթան եկեղեցի, սակայն Աթաթուրքի նկարը կը կախեն իրենց պատշգամէն, ոմանք հինգ անգամ նամազ կ’ընեն, բայց կ’ամուսնանան միայն հայերու հետ, ոմանք կ’ընեն ամէն ինչ, որպէսզի իրենց երեխաները չմոռնան իրենց պապիկի վերապրածներն ու նոյնն ալ պատմեն իրենց երեխաներուն, ոմանք ալ ջղային շարժումներով կը հասկցնեն, որ «ինչ եղած եղած է, ինչ կարիք կայ անընդհատ անցեալը փորփրելու»: Ոմանք իշխանամէտ են, ոմանք քրտամէտ, ոմանք հայ ազգայնական, որոնցմէ անգամ սփիւռքի ամենապահպանողական գաղթօճախներուն մէջ դժուար կ’ըլլայ գտնել: Ոմանք քրիստոնեայ են, ոմանք մահմետական, ոմանք ալեւի, ոմանք ալ աթէիստ:
Անոնց ճանչնալը ժամանակ, համբերութիւն, ջիղեր կը պահանջէ մեզմէ:
Ոեւէ մէկը չի լսեր,աշխարհ զբաղած է. Պատերազմ է …
Թուրքիոյ մէջ շարունակուող պատերազմն ու ամբողջ այս զարգացումները կ’ենթադրեն ընդհանուր փոփոխութիւններ ոչ միայն քիւրտերու կամ թուրքերու համար, այլ նաեւ մեր հայկական համայնքին համար: Եթէ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացածները ռմբակոծութիւններու ձայնէն ու ոստիկաններու նետած կազի հոտը առնելով կը զգան պատերազմը, ապա Կ.Պոլսոյ հայ համայնքէն ներս քիչ մը տարբեր է. նոր յարձակումներ պատրիարքարանի եւ եկեղեցիներու վրայ, ազգայնական գրութիւններ հայական դպրոցներու պատերուն եւ գերեզմաններուն, նախագահին կողմէ ԱՍԱԼԱ-ի մասին յիշատակում եւ այլն:
Չմոռնանք նաեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վրայ երկու գրոհները, եւ Ճիզրէի մէջ քիւրտերու վրայ կրակահերթ բացած ոստիկաններու «բոլորդ հայու ծնունդ էք» բացականչութիւնները:
Անշուշտ, առանց այդ ալ կամաց-կամաց դէպի Եւրոպա արտագաղթող Պոլսոյ հայերը գուցէ պարզապէս արագացնեն Սթամպուլի հայ համայնքի նօսրացման գործընթացը: Առաջին հայեացքէն` լաւ է, Թուրքիայէն հեռու, կրօնական ճնշումներէն ազատած, թրքացումէն փրկուած: Բայց… փաստն այն է, որ եւրոպական երկիրներու մէջ այս զանգուածը պիտի ձուլուի տասն անգամ աւելի արագ, քան հէնց Թուրքիոյ մէջ: Այսօր աւելի մեծ թափով տեղի ունեցող այս գործընթացին մասին Հրանդ Տինքը դեռ գրած էր տարիներ առաջ ու իրաւացիօրէն նշած, որ, ցաւօք սրտի, ազատ միջավայրի մէջ համայնքները աւելի արագ կ’ըդելուզուին տուեալ հասարակութեան մէջ եւ երկու-երեք սերունդ յետոյ պարզապէս կը ձուլուին, ի տարբերութիւն մահմետականներու մէջ ապրելով աւելի փակ համայնքային կեանքով ապրող զանգուածի, ուր միշտ գիտեն եւ շատ դժուար կը մոռնան իրենց «տարբերութեան»` հայ ըլլալուն մասին:
Այո, թէկուզ մեզի առաջին հայեացքէն թուի, թէ թուրք-քրտական այս պատերազմին հետ մենք որեւէ կապ չունինք , մէկ բան լաւ պէտք է յիշենք` որեւէ պատերազմ Թուրքիոյ մէջ, ըլլայ արտաքին թէ ներքին, իշխանութիւններուն համար նաեւ յարմար առիթ է հայկական տարրը մինչեւ վերջ արնաքամ ընելու:
Այդպէս իրականացուեցաւ Ցեղասպանութիւնը Առաջին համաշխարհայինի տարիներուն այդպէս թուլացուեցաւ Թուրքիոյ հայ համայնքը Երկրորդ համաշխարհայինի ժամանակ, այդպէս ալ ոտնձգութիւններու ամբողջ շարան մը նախապատրաստուած է արեւմտահայութեան համար նաեւ այս անգամ: Ոեւէ մէկը չի լսեր, աշխարհ զբաղած է: Եթէ յանկարծ լսեն ալ` գիտեն ինչ ըսեն. «Պատերազմ է, կը պատահի, միայն հայերը չեն տուժած»:
Սոֆիա Յակոբեան