Արմէն Սիմոնեան.«Աշխատանքերուս մէջ միշտ հայկական հետք կը ձգեմ»

«Հայերն այսօրի» զրուցակիցը Ուաշինկթընէն ժամանած «Էքոլոկիապէս (բնապահպանութեան) անվտանգ շինութիւններ» կազմակերպութեան հիմնադիր-ղեկավար, ճարտարապետ Արմէն Սիմոնեանն է:

Ճարտարապետ Արմէն Սիմոնեան 36 տարի է, որ Իրանէն տեղափոխուած է Ուաշինկթըն ապրելու:

1987 թուականին հիմնադրելով «Էքոլոկիապէս անվտանգ շինութիւններ» կազմակերպութիւնը` սկսած է զբաղիլ շինարարական գործունէութեամբ. Հիմնականին մէջ բնակարաններու, առանձնատուներու նախագիծեր կը պատրաստէ: Պարոն Սիմոնեան Վիրճինիոյ համալսարանին մէջ կը  դասաւանդէ Կանաչ  ճարտարապետութիւն, Ձեւաւորում եւ նախագիծերու պատրաստում առարկաները:

Ճարտարապետը կ’ըսէ, որ Ուաշինկթընի մէջ հայ համայնքը այդքան ալ մեծ չէ, իսկ հայ ճարտարապետներ այնտեղ դժուարութեամբ կը գտնես:

«Բոլոր աշխատանքներուս մէջ կը փորձեմ հայկական հետք ձգել, անգամ երբ այլազգի պատուիրատուներու համար աշխատիմ. Կը պատկերեմ հայկական  զարդանախշեր, մանրանկարչութիւններէն, հին հայկական եկեղեցիներու քանդակներու նմանութեամբ ինչ-որ մասնիկներ: Պատուիրատուներս, իրենց տուներուն մէջ տեսնելով հայկական մշակոյթի տարրեր,  կ’ոգեւորուին, կը հետաքրքրուին մեր ճարտարապետութեամբ»,-նշեց Արմէն Սիմոնեան:

Արմէն Սիմոնեան Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը մասնակցի ՀՀ սփիւռքի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւններու, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան, ՀՀ Ճարտարապետներու միութեան կողմէ իրականացուող Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովին: Ընդհանուր առմամբ գոհ է համաժողովի արդիւնքներէն, յաջորդ տարիներուն նոյնպէս պիտի փորձէ մասնակցութիւն ունենալ:

Ան այն կարծիքին է, որ օտարութեան մէջ ապրող ճարտարապետներն ալ իրենց ուժերուն եւ հնարաւորութիւններու սաhմանին մէջ պէտք է աջակցին, որպէսզի Հայաստանի մէջ ճարտարապետութիւնը եւ շինարարութիւնը յառաջընթաց ունենան.

Որքան կը նկատեմ` Հայաստանի մէջ մեծ թափով շինարարութիւն կ’իրականացուի, ամէն քայլափոխի նորաոճ կառոյցներ կը նկատեմ: Սակայն հարկաւոր է ոչ միայն ուշադրութիւն դարձնել շինութիւններու շքեղութեան, այլեւ  անվտանգ  ըլլալուն»,-եզրափակեց ճարտարապետը:

Գէորգ  Չիչեան

 

Scroll Up