Նիտերլանտներու Ասէն քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէս բացուած է

Հոկտեմբեր 10-ին Նիտերլանտներու Ասէն քաղաքի «Փոտիում Զաուտհախէ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Նիտերլանտներու մէջ բնակող հայ նկարիչներու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է Ասէնի «Արմէնիա» միութեան կողմէ, պիտի գործէ 6 շաբաթ եւ կը ներկայացնէ հայազգի նկարիչներ Պետրոս Մարկոսեանի (Ալմելօ), Սամուէլ Յարութիւնեանի (ՀՀ), Մովսէս Պօղոսեանի (ՀՀ), Աննա Ֆատոյի (Ասէն) եւ քանդակագործ Համբարձում Սայատեանի (Ասէն) աւելի քան 80 գործ:
Ինչպէս կը կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, ցուցահանդէսի բացման մասնակցներուն իր խօսքը ուղղեց Ասէնի փոխքաղաքապետ Ռուտ Վիսեման, որ յիշեց Ասէնի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման շուրջ ծաւալուած գործընթացները եւ ատոր կարեւորութիւնը որպէս յանցագործութեան դատապարտման գործին մէջ էական գործօնի: Մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Փոտիում Զաուտհախէ» մշակութային կեդրոնի տնօրէն Կ. Նիւուելն, որ գոհունակութիւն յայտնեց մշակութային կեդրոնի տանիքի ներքոյ նման ցուցահանդէս հիւրընկալելու հնարաւորութեան կապակցութեամբ:
Բացման արարողութեան մասնակիցներուն իր ուղերձը յղեց նաեւ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան: Ան կարեւոր համարեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարուան նման ցուցահանդէսի բացումը, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի կենսականութիւնն ու արարելու ջիղը, որ իր արտացոլումը գտած է ներկայացուած նկարներու գոյներու ու պատկերներու մէջ: Ան նշեց, որ ցեղասպանութիւն մտայղացած ոճրագործ մտքի լաւագոյն պատասխանը անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն է, որ իր բարեկամներուն ու աջակիցներուն հետ կը ջանայ հայ ժողովուրդին համար կերտել ապահով, բարգաւաճ ու պայծառ ապագայ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան հայ աւանդական տուտուկի կատարումներով հանդէս եկան Նիքոլա Ռոմաշուկը ու Վահէ Յովհաննիսեանը: