“Զարթօնք” 78 Տարեկան

Ինչպէս բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, մեր ժողովուրդին ալ գոյութեան մաս կը կազմէ մամուլը։ Թերեւս ա՛լ աւելի հայ Սփիւռքին մէջ, կերպով մը ընդհանուր հսկիչ է ան, եւ յաճախ ալ կարապետ: Այս դերը ըմբռնելու են միանգամայն մամուլն ու ընթերցողը: Մէկը միւսով կ՛ապրի, որովհետեւ առանց մամուլին` հայը չի կրնար այլեւս հայ մնալ: Որպէս ազգային իր պատրաստութիւնը, իր յառաջացումն ալ մամուլէն կախում ունի, մեծ մասով: Նոր բան մը ըսած չեմ ըլլար, բայց կ՛արժէ կրկնել, որ թերթը դպրոց մըն է, ուր ընթերցող աշակերտը շատ բան կրնայ սորվիլ, եթէ ուշադիր է եւ տրամադիր: Իբր հրապարակագիր, երկար տարիներու փորձառութեամբ տեսած եւ հաստատած եմ, թէ համեստ խանութպաններ, որոնք նախակրթարան իսկ չեն լրացուցած, մի միայն թերթ կարդալով, յաջողած են ամբարել այնքան այլազան եւ պիտանի գիտելիք, որքան համալսարանականներ իսկ չեն կրցած իւրացնել, հակառակ տարիներով սպառած իրենց թուղթին ու մելանին: Երբ այս է իրականութիւնը լրագիրին եւ լրագրութեան համար «Զարթօնք» շատ իրաւամբ կրնայ հպարտանալ եւ գոհունակութիւն զգալ` դաստիարակիչ ու հրահանգող այն դերին համար, զոր կը կատարէ 78 տարիներէ ի վեր, հայ իրականութեան մէջ ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար Լիբանանի ու ընդհանուր առմամբ Սփիւռքի հայութեան մէջ…:

Ողջոյն «Զարթօնք»ին` իր հրատարակութեան եօթանասունութ ամեակին առթիւ: Հայու ամենատաքուկ զգացումներով շնոր հաւորութիւններ անոնց, որոնք մտայղացան, ծրագրեցին եւ հիմնեցին «Զարթօնք»ը, անոնց որոնք գործի լծեցին եւ բանեցուցին հայ մամուլը, անոնց որոնք անոր էջերուն մէջ արտայայտեցին իրենց միտքին հարստութիւնը եւ մանաւանդ այն բոլոր խմբագիրներուն, որոնք ամէնէն զոհաբերող ու ամէնէն նուիրեալ աշխատանքը կատարողներն եղան, եւ որոնք ամէն օր կը սպառեն ու կը սպառեն իրենց աչքին լոյսը եւ միտքին իւղը:

Եօթանասունութ տարի առաջ էր երբ հիմը դրուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ «Զար թօնք»ին, որ նոյն ատեն իմացական երկնումի ծնունդ էր գաղափարի անմահ ընկերներու` Միհրան Տամատեան եւ խումբ մը ուխտեալ մտաւորականներու, որոնք հիմը դրին պատմական առաքելութեան մը ճակատագրուած այս օրկանին: Սովորութիւն է, տարեդարձներու կամ յոբելեաններու առթիւ անդրադարնալ հաստատութիւններու, անհատներու կամ այս պարագային թերթերու մատուցած ծառայութեանց, թուել անոնց բարեմասնութիւնները եւ շեշտել ձեռք ձգուած արդիւնքները, ապագային նայելու աւելի ինքնավստահութեամμ, աւելի լայնածիր ծրագիրներ հիմնաւորելու եւ ժամանակի պահանջները գոհացնելու: Բնականոն ու տրամաբանական այդ սովորութենէն պիտի շեղինք սակայն, որովհետեւ բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրիչներ զանազան առիթներով խօսած եւ գրած են «Զարթօնք»ի կատարած վիթխարի դերին ու գործին մասին: Այրող անհրաժեշտութիւն է այս փշոտ ու սպառիչ աշխատանքին լծուիլ` յօգուտ իր կարեւորութեան եւ կենսունակութեան: Մտահոգիչ պարագան ընդգծելու համար պիտի բաւէ հարցնել, թէ ինչ պիտի ըլլար ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորաբար հայ Սփիւռքին վիճակը ազգային տեսակէտով, առանց հայ մամուլին: Պատասխանը շատ պարզ է եւ մէկին: Հայոց ոսկեղնիկը պիտի տժգունի ու ձուլումը համատարած պիտի ըլլայ ամէն կողմ: Ուրիշ ոչ մէկ ազդակ անոր դերը պիտի կրնայ կատարել: Հայ մամուլը կը ներկայացնէ ոյժ, բարիք ու դիմագիծ: Ան անսպառ ու բերրի դպրոց մըն է, իր ուսանելի եւ ողջունելի շտեմարանով:

Ինչպէս վերը ըսինք, բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, մեր ժողովուրդին ալ գոյութեան հիմքն է մամուլը, մանաւանդ Սփիւռքի պարագային, որովհեռեւ անոր վերապահուած է առաջնորդող դերը: Այս այնքան կարեւոր դերը մամուլին ըմբռնելու է մեր ժողովուրդը, որովհետեւ առանց մամուլի` հայը շատ բան կը կորսնցնէ իր գոյութենէն, որովհետեւ անոր ազդեցութեան ոլորտները բազմատեսակ են եւ բոլորն ալ խի՛ստ շահեկան:

Այս գիտակցութեամբ ալ ամէն կերպ օժանդակելու է անոր նիւթապէս եւ բարոյապէս, որպէսզի կանգուն մնայ հայ մամուլը` անսասան դառնայ «Զարթօնք»ը:

Մեր տունին մեծերը ըսած են, թէ իր գոյութեան առաջին օրէն «Զարթօնք»ը եղած է մեր տան հարազատ մէկ մասնիկը, անոր էջերուն մէջէն ստացած են առողջ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան սեր մերը, անոր էջերուն մէջէն տեսած են հայութեան գոյատեւման ճիգն ու պայքարը:

Յետագային «Զարթօնք»ը եղած է նաեւ իմ դաստիարակիչս, բարեկամս, գաղափարի ընկերս, հարազատ տունս, տուն կը նկատեմ, որովհետեւ անսայթաք եւ առողջ հայրենասիրութեամբ ուղղուած է ան եւ մեր ժողովուրդի ոգին կը բաբախէ անոր մէջ: Եօթանասունութ ամեակի ուրախ այս պատեհութեամբ անգամ մը եւս կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ անոնց, որոնք լոյսին բերին «Զարթօնք»ը եւ անոնց որոնք իրենց միտքէն, իրենց հոգիէն, իրենց էութենէն առատօրէն արտայայտուեցան անոր էջերէն եւ վերջապէս այն վաստակաւոր խմբագիրներուն ու բեղուն գրիչներուն, որոնք եղան եւ են ու կը մնան վէմը «Զարթօնք»ին:

Scroll Up