Շաքէ Մանգասարեան. “Անկարելին կարելի դարձնելու ջանքերով` Սփիւռքի նախարարութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել նոր ծրագիրներ”

ՀՀ սփիւռքի նախարար ազնուափա՛յլ տիկին, Հրանոյշ Յակոբեան,
Հհ սփիւռքի նախարարութեան անձնակազմ,
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եօթամեակի առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորս: Աշխարհասփիւռ հայութեան եզակի կառոյցը, որ կը կամրջէ հայկական համայնքները իր նոր մարտահրաւէրներով եւ 21-րդ դարու դիմագրաւած դժուարութիւններով, կ’իրականացնէ անհնարինը` բոլոր խնդիրներուն լուծում գտնելու համար:
Ողջունելի է Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ նախարարութեան գործունէութիւնը եւ յատկապէս այն, երբ Տերսիմի եւ Տիարպեքիրի մէջ ապրող ծպտեալ հայերը մասնակցեցան “Արի տուն” ծրագրին:
Եւ անկարելին կարելի դարձնելու ջանքերով` նախարարութիւնը կը շարունակէ կեանքի կոչել նոր ծրագիրներ:
Ողջունելի է, երբ հայապահպանութեան, ազգային արժէքներու տարածման ու պահպանման համար կը պարգեւատրուին Սփիւռքի մէջ ապրող անհատներն ու գործող կառոյցները: 2015 թուականի Յուլիս 22-ին ռատիօ “Այգ”-ը եւս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն առաջին կարգի մրցանակի արժանացաւ` հայապահպանութեան, Հայաստանն ու Սփիւռքը կամրջելու, հայոց լեզուն ու հայկական մշակոյթը պահպանելու առաքելութեան համար:
Ողջունելի է նաեւ տեղեկատուական դաշտի համախմբումն ու նպատակուղղուած աշխատանքը, այն քննարկումները, որոնք կը խթանեն են համագործակցութեան ծաւալման, երբ Սփիւռքի ներկայացուցիչները առիթ կ’ունենան համախմբուելու եւ արծարծելու նոր հեռանկարներ:
Ողջունելի է արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներուն նուիրուած համաժողովը, որուն ժամանակ հնարաւոր եղաւ լսել օգտակար զեկուցումներ` գրական երկու լեզուաճիւղերուն առնչուող խնդիրներու, ուղղագրութեան միասնականացման դասական հիմքերու մասին:
Մեր սէրն կը փոխանցենք եօթամեայ Սփիւռքի նախարարութեան` մաղթելով այնքան եռանդ, որ կարելի ըլլայ նուաճել նոր հորիզոններ:
Կապոյտ հորիզոններ Ձեզի եւ համայն հայութեան:
Ռատիօ “Այգ”-ի հիմնադիր-տնօրէն
Շաքէ Մանգասարեան