Սահմանը Պաշտպանող Զինուորները Կը Շնորհաւորեն Շուշան Պետրոսեանի Ծննդեան Տարեդարձը
Մեր սիրելի Շուշան Պետրոսեան, այսօր ծննդեանդ տարեդարձը կը շնորհաւորենք ԼՂՀ Մարտակերտ քաղաքէն, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային հատուածներու դիրքերու տարբեր ուղղութիւններէն…
Ընդունիր մեր ջերմ բարեմաղթանքները քեզի եւ ընտանիքիդ:
Շնորհակալութիւն քեզ, որ միշտ մեր կողքին ես` հասարակութեանս եւ զինուորիս…
Սիրելի Շուշան, քեզի կը մաղթենք ամենալաւն ու բարին աշխարհի մէջ։
Մենք միշտ կը սպասենք, հերթական այցիդ… Այցիդ կը սպասենք նաեւ դիրքերուն` զինուորներս, որպէսզի միասին երգենք, ինչպէս երգեցինք միւս այցիդ ժամանակ` հակառակորդէն 30 մեթր հեռաւորութեան վրա…
Բարի տարեդարձ կը մաղթենք քեզ, մեր սիրելի, յարգելի Շուշան Պետրոսեան…Աստուած քեզի միշտ պահապան.
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Մարտակերտի շրջանի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթի Ֆէյսպուքեան էջէն: