Քիւրտիստան` յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան նոր հարեւան

Միջին Արեւելքը մտած է փոփոխութիւններու դարաշրջան: Այն համակարգը, որ ստեղծուած էր անցեալ դարասկիզբին Արեւմուտքի կողմէ, այլեւս չի գործեր: Արդէն իսկ պարզ է, որ տարածաշրջանի պետութիւնները կը տրոհուին, կը ձեւաւորուին նոր համակարգեր:

Արագ քայլերով պետական միաւորում կը ստեղծեն քիւրտերը, որոնք վերջին երկու տարիներուն ընթացքին մեծ դեր  սկսած են խաղալ թէ՛ ԻՊ-ի դէմ պայքարին, թէ՛ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ:

Թուրքիոյ մէջ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն  յետոյ իրավիճակը լարուած է: Երկրի ներքին կեանքին մէջ մեծ ուժ  հաւաքած է քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութիւնը` հաւաքելով 14 տոկոսէն աւելի ձայներ: 2002 թուականին իշխանութեան եկած Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան եւ անոր համախոհները Նոյեմբերին կայանալիք վերընտրութիւններուն ընդառաջ ամէն կերպ կը փորձեն ձայներ կորզել մրցակիցներէն: Անոնց թիրախը ազգայնական ծայրահեղական կողմնորոշում ունեցող քաղաքացիներ են: Ասիկա այն հիմնական պատճառներէն մէկն է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը մղէ աւելի աշխոյժ գործողութիւններու եւ քիւրտերու դէմ բիրտ ուժի կիրառման: Վերջին ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ մէջ սովորական  դարձած են բախումները եւ պայթիւնները. հրադադարը PKK-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ փաստացիօրէն աւարտած է:

Թուրքիոյ գործողութիւններուն նկատմամբ գերտերութիւններու վերաբերմունքը միանշանակ չէ. ԱՄՆ-ն Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը ներառած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին: Այդ պատճառով անոնք չեն դատապարտեր Թուրքիոյ կողմէ ուժի կիրառումը կուսակցութեան նկատմամբ: Միւս կողմէն, ԻՊ-ի դէմ գործող արեւմտեան դաշնութիւնը` ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ կը զինէ Հս. Իրաքի քիւրտերուն: Եւրոպայի մէջ այդպէս չէ, մասնաւորապէս Գերմանիոյ մէջ ամենաբարձր մակարդակով կը քննարկուին Թուրքիոյ գործողութիւնները, մասնաւորապէս, ռազմական ուժի կիրառումը քիւրտերու նկատմամբ:

Այս իրավիճակը իր անմիջական հետեւանքները կրնայ ունենալ հայերուն համար: «Երբ հարեւան պետութեան մէջ ներքին քաղաքական կեանքը սրուի, առաջին հերթին հարուած կը հասցուի հայերուն: Որքան սրուի իրավիճակը Թուրքիոյ մէջ, որքան թրքական իշխանութիւնները աւելի ուժեղ հարուածներ ուղղեն քրտական բնակչութեան դէմ` վտանգը հայկական համայնքին նկատմամբ կը մեծնայ, մանաւանդ դաւանափոխ եղած հայերուն, որոնք կը շարունակեն ապրիլ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ», ankakh.com-ի փոխանցմամբ` կը գտնէ թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան:

Սակայն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները մեզի առաջին հերթին կը հետաքրքրեն Քրտական պետութեան ստեղծման ծիրին մէջ: Ստեղծուած է այնպիսի իրավիճակ, երբ ընտրութիւն պէտք է կատարուի չարեաց մեծագոյնի կամ փոքրագոյնի միջեւ: Այս պահուն քիւրտերու հետ մեր շահերը ունին եւ՛ ընդհանուր, եւ՛ բախման կէտեր:

«Մոտուս Վիւենտի» կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Արա Պապեան կը գտնէ, որ Հայաստան քրտական ուժերուն հետ տարբեր մակարդակի շփումներ եւ համագործակցութիւն պէտք է ձեւաւորէ. «Ի հարկէ, այսօր միջպետական շփում կը բացառուի, որովհետեւ  քիւրտերը պետութիւն չունին, բայց հասարակական եւ գիտական մակարդակով աւելի սերտ պէտք է ըլլանք անոնց հետ: Նման մէկ-երկու փորձ եղած է, մանաւանդ Իրաքի Քիւրտստանի պարագային: Սակայն Թուրքիան հաշուի առնելով` պէտք է նուրբ խաղ վարել. եթէ մենք չըլլանք այդ խաղին մէջ, ապա ուրիշները պիտի ըլլան եւ հերթական անգամ կրնայ իրողութիւն տեղի ունենայ եւ մենք կանգնինք փաստի առջեւ: Մենք ունինք շահեր եւ՛ ընդհանրութիւն, եւ՛ բախում: Ընդհանրութիւնը այն է, որ մենք ունինք մէկ միասնական թշնամի, սակայն նաեւ շահերու բախում ունինք, քանի որ յաւակնութիւններ ունինք նոյն տարածքին նկատմամբ: Շատ կարեւոր է Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռը. գոնէ ատիկա մենք պէտք է հնչեցնենք, որպէսզի քիւրտերը յստակ իմանան իրենց սահմանը, որ, ի դէպ, այդ իրաւարար վճիռի եւ Սեւրի պայմանագիրի 62-րդ կէտին մէջ յստակ գրուած է. ստեղծուելիք քրտական պետութեան հիւսիսային սահմանը պէտք է ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան այն սահմանը, որ պէտք է գծէր Վուտրօ Ուիլսոնը, այսինքն` Վանայ լիճէն հարաւ: Պէտք է ընդհանուր լուծում գտնել քիւրտերու հետ հնարաւոր զարգացումներու պարագային գործելու համար»,- «Անկախի» հարցին պատասխանելով ըսաւ քաղաքագէտը` ընդգծելով, որ հնարաւոր է` յառաջիկայ երկու-երէք տասնամեակներու ընթացքին սահմանակից ըլլանք ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ այլ պետութեան:

Ռուբէն Սաֆրաստեան կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ գործող Քրտական շարժման որոշ ղեկավարներ կը գիտակցին Հայկական հարցի գոյութան. «Անոնց խօսակցութիւններուն  ու քննարկումներուն մէջ անընդհատ կը զգացուի, որ իրենք գիտեն` այդ տարածքներուն մէջ հայեր ապրած են, անոնք կը վայելեն այն քաղաքակրթութեան հազարամեայ գործունէութեան արդիւնքները, որ ստեղծուած են հայերուն կողմէն: Հիմա, երբ քրտական շարժումը կամաց-կամաց ինքնագիտակցութիւն կը ձեւաւորէ, աւելի լայն նպատակներ  կրնայ ձեւակերպել եւ կը մօտենայ տարածքային ինքնավարութեան, անոնց համար աւելի սուր կը դառնայ հայկական հարցի գոյութիւնը: Փորձ կ’ըլլայ ինչ-որ ելքեր գտնել այս խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար: Ասիկա սաղմի վիճակի մէջ կը գտնուի, սակայն անհրաժեշտ է օր առաջ հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի քիւրտ ժողովուրդի ընդերքին գաղափարական եւ պատմահոգեբանական առումով»:

Սեւրի պայմանագիրը թէեւ չէ վաւերացուած, բայց պատմական փաստաթուղթ է. ատիկա միակ միջազգայնօրէն ընդունուած փաստաթուղթն է, ուր կը խօսուի Քիւրտիստան պետութեան մասին: Այս առումով Հայաստան մեծ աշխատանքներ պէտք է կատարէ, որպէսզի, երբ բարձրացուի Քիւրտիստանի ստեղծման հարցը եւ Սեւրի պայմանագիրը կրկին դառնայ արդիական, Հայաստան զինուած կ’ըլլայ իրաւական փաթեթներով եւ լուծումներով իր շահերը պաշտպանելու համար:

Scroll Up