Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ մօտ 30 միջեկեղեցական պատուիրակութիւն.տեսանիւթ

Հայ առաքելական եկեղեցին այս օրերուն կը պատրաստուի Սեպտեմբեր 27-ին կայանալիք միւռոնօրհնէքի արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական բաժինը: Մօտ 30 միջեկեղեցական պատուիրակութեան ներկայութիւն կ’ակնկալուի նշանակալի այս իրադարձութեան: Պատուիրակութիւններէն 25-ը արդէն դրական պատասխանած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրաւէրին: