Սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստը

Այս տարուան Օգոստոսին, 80 սուրիահայ երեխաներ հնարաւորութիւն ունեցան մէկ շաբաթով իրենց հանգիստը իրականացնելու Լոռի մարզին մէջ գտնուող «Գուգարք» ճամբարին մէջ: Արշաւներ, խաղեր, նոր ընկերներ, իրական ճամբարական զգալու այս հնարաւորութիւնը ընձեռած էր ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը: ՄԱԿ ՓԳՀ-ի այս հերթական նախաձեռնութիւնը ուղղուած էր ո՛չ միայն սուրիահայ երեխաներու ամառնային հանգիստի իրականացման, այլ եւս մէկ միջոց էր` նպաստելու անոնց ընդելուզման:

«Գուգարք» ճամբարի տնօրէն Սէյֆուլինա Դանիէլեան նշեց, որ ճամբարը առաջին անգամ է սուրիահայ պատանիներ կը հիւրընկալէ:

–  Սկիզբը  ինծի կը թուէր, թէ կը դժուարանանք, սակայն հէնց առաջին օրը հասկցայ, որ կը սխալիմ: Բոլորն ալ շատ շուտ սորվեցան մեր ճամբարային կարգը ու կը կարծեմ, մեկնեցան այստեղէն մեր  կարգախօսը` «ճամբարը մենք ենք եւ մենք ենք անոր տէրը»,  իրենցը դարձած զգացողութեամբ: Ինծի նաեւ շատ հիացուցին անոնց ջոկատային ելոյթները, հայրենասիրական երգերու եւ բանաստեղծութիւններու լաւ իմացութիւնը: Յակոբը, Նժդեհը շատ կարդացած պատանիներ էին, Թումանեան արտասանեցին…

ճամբարականներուն հետ  մենք հանդիպեցանք  հերթափոխի ժամանակ: Արամ Առաքէլեան  սուրիահայ երեխաներուն հետ աշխատող  ջոկատավարներէն է.

–          Ես մինչեւ 12 տարեկան  փոքրերու հետ կ’աշխատէի: Շատ կարեւոր գործ էր.  այս  քանի մը օրերուն ընթացքին փորձեցինք անոնց մօտեցնել հայրենիքին ու կապել մեզի հետ, նաեւ կոտրել այն կարծրատիպերը, որ մինչ այդ հասցուցած էին իրենց մօտ յառաջանալ  շրջապատի ոչ միշտ բարեացակամ վերաբերմունքէն:  Երեխաներէն ոմանք կ’ըսէին, որ կը պատահի`  իրենց լաւ  չեն վերաբերիր` խանութին, փողոցին մէջ,  կը կարծեմ, որ մենք կրցանք փոխել անոնց այդ  կարծիքը ու սորվեցնել այլ աչքերով նայիլ հայրենիքին, – կը նշէ Արամ Առաքէլեան:

Առնոն ու Գէորգը  2-րդ ջոկատէն էին:  12  տարեկան են եւ առաջին անգամ ճամբարի կը մասնակցէին.

–          Շատ լաւ բաներ սորվեցայ այստեղ, խաղեր, ֆութպոլ խաղցանք, նոր ընկերներ ունեցայ,- կ’ըսէ Գէորգ,- յետոյ վերջին օրը մեզի տարին Թումանեանի տուն թանգարան: Այնտեղ շատ հետաքրքիր էր, տեսանք Թումանեանի իսկական մահճակալը,  շորերը, նկարները…

13-ամեայ  Արփին իր ընտանիքին հետ երեք  տարի առաջ  տեղափոխուած է Հայաստան: Դպրոց կը յաճախէ ու ինչպէս ինք կ’ըսէ, արեւելահայերէն խօսելու չի դժուարանար:

– Օրերը այստեղ շատ հետաքրքիր կ’անցնէին, վերկացէն յետոյ կը մարզուէինք, յետոյ կ’երթայինք նախաճաշելու….ես ամէնէն շատ սիրեցի, որ մարդիկ մեր ճամբարին մէջ  շատ ջերմ էին, շատ մեծ ջերմութիւն կար իրենց մէջ, – կը խոստովանի Արփին եւ մեր  հարցին, թէ տուն հասնելուն առաջինը ինչ պիտի պատմէ, ուրախութեամբ ցոյց կու տայ «Միսս Գուգարքի»  իր տիտղոսի վկայականը.

– Մրցոյթ կար ճամբարին մէջ, մեզի կ’առաջարկէին թեմաներ եւ մենք պէտք է հագուստները  համադրէինք ու մոտելներ ստանայինք: Այդտեղ շատ մրցանակներ կային, իբրեւ արդիւնք  ես «Միսս Գուգարք» տիտղոսը ստացայ, – ուրախութեամբ  կը պատմէ Արփին:

Մինչ Արփին, Գէորգը ու այլ երեխաներ վառ տպաւորութիւններով հրաժեշտ կու տային «Գուգարքին», սուրիահայ պատանիներու նոր խումբ մը ժամանեց ճամբար: Անոնց համար ամէն ինչ սկիզբն էր … Նաեւ իրենց բաժին ջերմութիւնը, որ այդքան անհրաժեշտ է  անոնց` պատերազմը  մոռնալու համար…

Երեխաներու վարակիչ աշխուժութիւնն ու ոգեւորութիւնը ստիպեցին   մեզի շրջանցել ծանր յիշողութիւններու հետ կապուած որեւէ հարց, յատկապէս որ մինչ այդ սուրիահայ երեխաներուն հետ տեղի ունեցած շփումներէն նկատած էինք, որ անոնք պատերազմի մասին չեն սիրեր խօսիլ…

 Կարապետ Առաքէլեան 12 տարեկան է, մէկ տարի առաջ  եկած է Հայաստան: Կ’ըսէ, որ անցեալ տարի ալ ճամբար գացած է  եւ անհամբեր կը սպասէ նաեւ այս հանդիպման:

–          Ճամբարին մէջ շատ սիրեցի բնութիւնը, նաեւ որ շատ ընկերներ ունեցայ, նոր խաղեր սորվեցայ, օրինակ, որ կանգնած տեղէն պէտք է մեծ ցատկ կատարել, – կը պատմէ Կարապետ:

Կարապետը որոշած է ճարտարապետ դառնալ.

–          Գայի անուան դպրոցը կ’երթամ, ամենասիրած առարկաս երկրաչափութիւնն է: Կ’ուզեմ ճարտարապետ դառնալ: Քոյրիկս ձեւաւորող է, ինծի շատ կ’օգնէ: Շէնքեր, տուներ նկարել շատ կը սիրեմ,- կ’ըսէ Կարապետ:

 Ցոլերն ու Գառնին ալ հէնց իրար կողք կողքի նստած էին: Իրար կը ճանչնան դեռ Սուրիայէն, նոյն դպրոցը  յաճախած են: Երկուքն ալ նոր եկած են Հայաստան. Գառնին ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ.

–          Դեռ շատ քիչ բան  տեսած եմ այստեղ, մինակ հրապարակը… առաջին անգամ կ’երթամ  Երեւանէն դուրս ու նաեւ ճամբար երբեք չեմ գացած, – կ’ըսէ Գառնին:

 ՄԱԿ ՓԳՀ  հասարակական տեղեկատուութեան եւ արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայարապետեան, խօսելով նախաձեռնութեան մասին, նշեց որ ճամբարը ըմդելուզման կարեւորագոյն գործիքներէն մէկն է:

– Ցանկացած մեր նախաձեռնութեան միջով  կարմիր թելով անցնում են ՄԱԿ ՓԳՀ-ի մանդատի մէջ մտնող հիմնական նպատակները, որոնցից մէկը` փախստականների ինտէգրմանը նպաստելն է: ճամբարը շատ մեծ հնարաւորութիւն է տալիս այդ նպատակին հասնելու համար` կեանքի կոչելով խաղաղ գոյակցութեան, ընկերութեան, հանդուրժողականութեան սկզբունքները… Սիրիահայ երեխաներն այստեղ աննախադէպ հնարաւորութիւն ունեն ` հաճելի մթնոլորտում մօտիկից  շփուել տեղացիների հետ, ընկերանալ, նոր ծանօթութիւններ ու  կապեր ձեռք բերել եւ դրանով իսկ հոգեբանօրէն օգնել  ինտերգրուելու նաեւ իրենց ծնողներին: Ի վերջոյ  մեծապէս հէնց երեխաների շնորհիւ է, որ ծնողները ինտերգրւում են նոր միջավայրում: Չէ որ եթէ երեխաները հանգիստ գնում են դպրոց, բակի երեխաների հետ են խաղում, ընկալում եւ կիսում են իրենց շրջապատի  արժէքներն, ապա ծնողներն էլ աւելի հանգիստ են լինում, զբաղւում են աւելի շատ աշխատանքի ու այլ հարցերով,- կը նշէ Անահիտ Հայրապետեան` աւելցնելով, որ իրենք որոշած են  զարգացնել նաեւ բակային ճամբարի գաղափարը.

– Բակային ճամբարը Ֆինանսական մեծ միջոցներ չի պահանջեր, բայց հնարաւորութիւն կու տայ երեխաներուն  շփուիլ կազմակերպուած ձեւով, միջմշակութային կրթութեան լաւագոյն միջոցներէն է. լեզուական դժուարութիւնները կը հարթուին, սուրիահայ երեխաները կրնան իրենց երգի եւ ասմունքի գեղեցիկ մշակոյթը փոխանցել տեղացիներուն…

ՄԱԿ ՓԳՀ-ն ճամբարանային ծրագիրներ բազմիցս իրականացուցած իր գործընկեր կազմակերպութիւններու` Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան,  ՄԱԿ-ի հայկական ընկերակցութեան հետ համատեղ: Ի դէպ, նման ճամբարներ կազմակերպուած են նաեւ տարիներ առաջ` Ատրպէյճանէն եկած փախստականներու երեխաներուն  համար:

Լիլիթ Քոչինեան

womennet.am

Scroll Up