Հայ Ֆրանսիս Քուրքճեան նոր բոյր ստեղծած է

Tert.am-ը կը տեղեկացնէ, որ հայ յայտնի հոտավաճառ Ֆրանսիս Քուրքճեան բոյրեր  ստեղծած է ոչ միայն խոշոր ընկերութիւններուն համար, այլեւ բացառիկ բոյրեր, որոնցմէ շատերը կ’արտացոլեն այս կամ այն յայտնի վայրի մթնոլորտը, օրինակ` Վերսալը կամ Փարիզի Կրան-Պալէն: Հէնց այդ շարքէն է նոր բոյրը, որ կը կոչուի MCY 105,- կը գրէ rbc.ru-ն:

 Նոր օծանելիքին մէջ կը նկատուին կաշուի, փայտի, ովկիանոսի աղի ջուրի մասնիկներ, որոնց, որպէս համեմունքներ, աւելցուած են ինտոնեզական տարչինի եւ այլ բաղադրիչներու բոյրեր:

 Օծանելիքը ստացուած է միաժամանակ հարբեցնող եւ հանգստացնող: Հեղինակին կարծիքով` հէնց այդպիսին պէտք է ըլլայ ճանապարհորդութիւնը զբօսանաւի վրայ:

Սակայն Քուրքճեանի նոր բոյրը չըլլար ազատ վաճառքի: Այն կարելի է ձեռք բերել միայն նոր Monte Carlo Yachts 105 զբօսանաւի հետ միասին:

Scroll Up