ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը եւ Հասասեան եղբայրները

Օգոստոս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը եւ սփիւռքահայ գործիչներ փրոֆէսոր Մանուէլ եւ Յովհաննէս Հասասեան եղբայրները:

 Սրբազան Հայրը նախարարին նուիրեց ամերիկաբնակ գիտնական-մատենագէտ Էտի Եղիայեանի կազմած “The Armenian Genocide” («Հայոց ցեղասպանութիւն»)  անգլերէն ստուարածաւալ մատենագիտութիւնը, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջարկով հրատարակած էր Սուրբ Վատիկանի հրատարակչատունը:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով բացառիկ գիրքին համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց ատոր հրատարակումը յատկապէս Վատիկանի կողմէ: Ատիկա կը նպաստէ, որ այն արագօրէն տարածուի եւ դառնայ որպէս աղբիւրագիտական հիմք` բազմաթիւ այլազգի հետազօտողներու եւ ցեղասպանագէտներու համար:

 Այնուհետեւ, նախարարը հիւրերուն պատմեց սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց հիմնական նպատակը հայապահպանութեան ու հայութեան միասնականութեան նպաստելն է:

 Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի Պատրիարքի Սեպտեմբերի վերջը Հայաստան կատարելիք այցին հետ կապուած հարցեր:

r1 r2

Scroll Up