Ուաշինկթընի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նուէրը «Շուշան» մանկապարտէզին

ԱՄՆ Ուաշինկթըն քաղաքի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Էջմիածինի քաղաքապետարանի թիւ 10 «Շուշան» մանկապարտէզին նուիրած է 30 մահճակալ:

«Հայերն այսօրի» թղթակիցին հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ Էջմիածինի քաղաքապետարանի Լրատուութեան բաժինէն տեղեկացուցին, որ նախաձեռնութիւնը բարեգործական բնոյթ կը կրէ եւ այն շարունակական պիտի ըլլայ:

Բարեսիրական այս ձեռնարկը իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփաքեանի ջանքերով: «Սուրբ Մայր Աստուածածին եկեղեցու վարչութիւնը բարեգործական ծրագրերի համար յատուկ ֆոնտ ունի յատկացրած, պարբերաբար համանման ձեռնարկներ է իրականացնում: Եւ իմ միջնորդութեամբ` կարողացանք կեանքի կոչել եւս մէկ մարդասիրական ծրագիր»,-«Հայերն այսօրի» թղթակիցին ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Աւելցնենք, որ Էջմիածինի քաղաքապետ Կարէն Գրիգորեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ոսկան արքեպիսկոպոս Գալփաքեանին եւ անոր փոխանցած Մայր Աստուածածին եկեղեցւոյ վարչակազմին հասցէագրուած քաղաքապետի շնորհակալագիրը:

shushan2 shushan

Scroll Up