«Արի տուն»-2015-ի մասնակիցներ. «Արի տուն» ծրագիրէն ներս «Քոյրեր» դարձանք»

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2015» ծրագիրի մասնակիցներ Վանի Աթթարեանն ու Կալլի Մարգարեանը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն են: Հայաստան տեղափոխուած են Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակի պատճառով: Սակայն յոյս կը փայփայեն, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ կրնան վերադառնալ իրենց ծննդավայրը: Անոնց յիշողութեան մէջ միշտ վառ է Հալէպը, այնտեղ անցուցած անհոգ, ուրախ օրերը: Գալով Հայաստան` մարդոց հետ շփուելու խնդիրին առջեւ չեն կանգնած, միջավայրին արագ յարմարած են, իսկ դասընկերներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունին:
Աղջիկները դեռ երկար կը յիշեն «Արի տուն» ծրագիրը, որուն մասին հետեւեալը ըսին. «Հալէպի մէջ իրար կը ճանչնայինք, բայց առիթ չէր եղած ծանօթանալու: Մասնակցելով ծրագիրին` մենք շատ մտերմացանք, այնքան, որ ողջ շրջագայութեան ընթացքին միշտ միասին էինք, կարելի է ըսել` «Արի տուն» ծրագիրէն ներս «Քոյրեր» դարձանք»:
Վանին Հալէպի մէջ պասկեթպոլի յաճախած է, մտադիր է Հայաստանի մէջ ալ շարունակել փորձերը: Իսկ Կալլի երազանքը լրագրող դառնալն է: Կ’ըսէ` ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի երազանքը իրականութիւն դարձնէ:
Վանին համացանցի միջոցով տեղեկացած է «Արի տուն» ծրագիրին մասին: Երբ դիտած է ծրագիրի լուսանկարները, մասնակցելու ոգեւորութիւնը մեծցած է: Ան կը կարծէ, որ բոլոր սփիւռքահայ երիտասարդները անպայման պէտք է մասնակցին այս ծրագիրին, քանի որ այն կը նպաստէ Հայրենիքին կապուելուն:
Կալլին կը վստահեցնէ, որ «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` աւելի ուշագրաւ պատմութիւններ լսած է Հայաստանի մասին, որուն շնորհիւ սկսած է աւելի սիրել եւ հպարտանալ Հայրենիքով:
«Յիշարժան, զուարթ օրեր անցուցած եմ այս ընթացքին, որոնք յիշողութեանս մէջ դեռ երկար կը մնան, իսկ ծրագիրին մասնակից ընկերներուս շատ կը կարօտնամ, անոնք բոլորն ալ լաւ են ու սիրալիր»,-ըսաւ աղջնակը:
Գէորգ Չիչեան