Ան չէր գիտեր, որ հայ է…

Ցեղասպանութեան հետեւանքով իսլամացած հայերու մասին շատ լսած էր, բայց չէի հանդիպած: Չէի գիտեր, որ  օր մը կրնամ հանդիպիլ, այն ալ` Հայաստանի մէջ:

Իպրահիմին ծանօթացայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ժամանակ: Ընդհանուր ծանօթի միջոցով իմացայ, որ ծագումով հայ է եւ որոշեցի հանդիպիլ: Իպրահիմը յուզուեցաւ, երբ իմացաւ, որ կը ցանկամ զրուցել հետը, յատկապէս, երբ իմացաւ, որ Արցախէն եմ:

Իպրահիմ կ’ապրի Մուշի մէջ,ամուսնացած է, ունի 3 զաւակ: Ինչպէս ան կը պատմէ`  քանի մը տարի առաջ  իմացած է, որ հայ է: «Մենք միշտ որպէս քիւրտ  ապրած ենք, ծնողներս երբեք չեն ըսած, որ մենք հայ ենք, երեւի վախէն կամ մէկ այլ պատճառով լռած են:

Սակայն Մուշի մեծ տարիքով քիւրտերը շատ լաւ գիտեն, թէ  Մուշի մէջ ով ինչ պատմութիւն, ինչ ծագում ունի: Անոնցմէ ալ շատ պատահական իմացայ, որ ծնողներս հայ են, հարցուցի` ծնողներս չժխտեցին»,- կը պատմէ Իպրահիմը եւ կ’աւելցնէ, թէ պարզած է, որ իր նախնիները Սասունէն  գաղթած են Մուշ: Ցեղասպանութենէն փրկուելու համար` իսլամացած են, ապրած են քիւրտերու հետ որպէս քիւրտ:

Իպրահիմ կը խօսի քրտերէն,  քանի մը հայերէն բառեր գիտէ միայն, որ ինքնուրոյն  սորված է: Անոր կը թարգմանէր ընկերը, որ Սթամպուլէն է եւ հայերէն աւելի լաւ գիտէ:

«Մեծհօրս անունը եղած է Սագօ Սարգսեան,- կ’ըսէ Իպրահիմ,-  ինծի համար ցնցող էր, երբ իմացայ ծագումիս մասին: Հաւատալ չէի կրնար: Որոշեցի` հայեր փնտրել, հայերէն սորվիլ»:

Իպրահիմը իմացաւ, որ Մուշի մէջ կը գործէ «Տարօն-Մուշ» հայկական միութիւնը եւ միացաւ միութեան: Միութիւնը կոչուած է համախմբելու տեղի հայերը, պահպանելու անոնց հայեցիութիւնը, չգիտցողներուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն ուսուցանելու: Իպրահիմ այնտեղ առաջին անգամ հայերէնին ծանօթացաւ եւ հիմա քանի մը բառեր, քանի մը պարզ նախադասութիւններ գիտէ:

«Տարօն-Մուշ» միութիւնը Համահայկական խաղերուն մասնակցած է ֆութպոլային խումբով, Իպրահիմն ալ խումբի կազմին մէջ  հանդէս եկած է: «ճիշդ է` խումբը յաջողութիւն չունեցաւ, բայց ես ուրախ եմ, որ առաջին անգամ Հայաստան եկայ: Ես այցելեցի Գառնի ու Գեղարդ: Գեղարդը մեծ տպաւորութիւն գործեց վրաս, յուզումս անհնար էր թաքցնել: Ատիկա մեր պատմութիւնն է, ատիկա նաեւ իմ ու իմ նմաններու պատմութիւնն է, որուն մասին չէի գիտեր, որ նոր գտայ…»:

Իպրահիմ կը պատմէ, որ Մուշի մէջ շատ կան իսլամացած, ծպտեալ հայեր ու անոնցմէ շատերուն կը ճանչնայ անձամբ: Անոնցմէ շատերը նոր իմացած են իրենց հայկական ծագման մասին, որովհետեւ նախնիները թաքցուցած են իրենցմէ: «Քիւրտերու շրջապատին մէջ շատ դժուար է որպէս հայ մնալը»,- կ’ըսէ ան:

Իպրահիմ երկու հօրեղբայր ունի, մեծ հօրեղբայրը 125 տարեկան է: «Երբ գիտցայ, որ հայ եմ, հարցուցի հօրեղբօրս, եւ ան պատմեց, որ ինք տեսած է Ցեղասպանութիւն, կը յիշէ` ինչպէս կ’աւերէին, կը սպաննէին, կը թալանէին, կը խարազանէին. բան չէին խնայեր»,- կը պատմէ  զրուցակիցս եւ կ’աւելցնէ. «Երեւի նման հայերը հրաշքով  փրկուած են, բայց անոնց չենք մեղադրեր, անոնք ստիպուած էին ծպտեալ ապրիլ»:

Իպրահիմ երկար չխօսեցաւ, կ’երեւէր, որ կը յուզուի հայերէն չգիտնալու պատճառով: Ան ըսաւ, որ այլեւս իրեն որեւէ բան չի  բաժներ Հայաստանէն, յաջորդ անգամ կնոջն ու երեխաներուն ալ պիտի բերէ…

Հերմինէ Աւագեան

aparaj.am

մուշ1

Scroll Up