Հանդիպում «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց»-էն Ներս
«Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի սփիւռքի լրագրողներու դասընթացքի մասնակիցներուն հետ յուլիս 26-ին հանդիպում ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էւելինա Բաղդասարեան:
Տիկին Էւելինան նախ ծանօթացաւ սփիւռքահայ լրագրողներուն հետ, ներկայացուց Մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան գործառոյթները եւ այն ամենօրեայ աշխատանքը, որ կ’իրականացնէ վարչութիւնը:
Վարչութեան պետը խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին,
անդրադարձաւ հայապահպանութեան, ազգային ներուժի համախմբման, համահայկական խնդիրները վեր հանելու գործին մէջ լրագրողներու կատարելիք աշխատանքներուն: Կարեւոր համարեց լրագրողներու համագործակցութիւնը ինչպէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, այնպէս ալ «Հայերն այսօր» պարբերականին հետ:
Հանդիպման ընթացքին Էւելինա Բաղդասարեան լսեց մասնակիցներու առաջարկները եւ պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն:
Լ. Աբրահամեան, Ծաղկաձոր