107-ամեայ Կենսալի «Ասպարէզ»-ը

Օգոստոս 14-ին, «Ասպարէզ» կը դառնայ 107 տարեկան:
Անկիւնադարձային պէտք է ըլլայ այս տարին: Հաւատացած ենք ու համոզուած, որ դո՛ւք ալ կը հաւատաք մեզի:
Մեր իրագործումներու շարքին է հայերէն տպագիր լրագիրի ընթերցողներու թիւը չկորսնցնելով՝ բազմապատկել համացանցի վրայ մեզի հետեւողներու թիւը:
Մեր անգլերէն կայքի հետեւողներու թիւը հարիւր հազարներով է: Հայերէնը տակաւին կը դեգերի տասնեակ հազարներու շրջանակին մէջ: Նոյնը կրնանք ընել նաեւ հայերէնի պարագային: Պիտի՛ ընենք:
«Ասպարէզ»ի 107րդ տարեդարձը եկէք նշանաւորենք՝ համացանցի մեր ծրագիրները զարգացնելու եւ առաւել ընդարձակելու գործին սատարելով: Այդ ծառայութիւնը դուք կը վայելէք անվճար, եւ այդպէս ալ պիտի շարունակուի:
Յառաջիկայ 15 օրերուն, մեծ կամ փոքր դրամական նուէրով կրնաք շնորհաւորել «Ասպարէզ»ի 107ամեակը:
Տուրքէ զերծ ձեր նուիրատուութիւնը կրնաք փոխանցել՝ այցելելով մեր կայքը եւ գործածելով ձեր «քրետիդ քարտ»ը, կամ՝ աւանդական չէքով:
Եկէք նոր մրցանիշ մըն ալ հաստատենք ա՛յս հանգանակութեամբ: Խմբագրութենէն կամ տնօրէնութենէն ոչ ոք պիտի հեռաձայնէ ձեզի, ոչ ոք նեղութիւն պիտի պատճառէ ձեզի:
Ձեր գնահատումը դո՛ւք պիտի կատարէք: Նուիրատուներու ցանկը պիտի հրատարակենք Օգոստոս 22ին: