Ո՞վ Է «Թուրքիոյ Ազգային Միասնականութիւն»-ը Հարուածողը

Սուրուճի գործողութիւնը Թուրքիոյ տարածքին կատարուած միջադէպերէն եւ ռմբահարումներէն կ՛առանձնանայ եւ նոր իրավիճակի մը նախաբանի հանգամանքը կը ստանայ հետզհետէ:

«Իսլամական պետութիւն» ընդդէմ քրտական ուժեր պատերազմը կը տարուէր թրքական սահմաններէն դուրս, յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: «Իսլամական պետութեան» կողմէ քրտական կեդրոնին դէմ իրականացած յարձակումը Սուրուճի մէջ պատերազմի տեղափոխութեան լուրջ նախադրեալ կրնայ նկատուիլ: Եւ այստեղ անտեղի չեն այն բոլոր վարկածները, որոնք կը կեդրոնանան Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած «Իսլամական պետութեան» վերահսկողութենէ դուրս գալուն եւ թէկուզ քրտական ուժեր հարուածելու նպատակով նոյնինքն թրքական շահերը հարուածելու իրողութեան վրայ:

Քաղաքական տրամաբանութեամբ անհաւանական պէտք չէ նկատել նաեւ այն, որ մահապարտին Սուրիայէն Թուրքիա թափանցած ըլլալը սահմանային գօտիներու անվտանգութեան նպատակով Անգարայի ծրագիրներուն կրնայ յագուրդ տալ կամ նոյնիսկ արդարացնել թրքական ներխուժումը Սուրիա` ահաբեկիչներու Թուրքիա անցումը կանխարգիլելու յայտարարութեամբ:

Այս առումով մինչ այժմ Թուրքիայէն Սուրիա ահաբեկիչներու անարգել հոսքին մասին էր խօսքը. բնականաբար հակառակ ուղղութեամբ ալ կ՛աշխատէր ահաբեկիչներու անցք տրամադրող թրքական կամուրջը. սակայն տարբերութիւնը այս պարագային այն է, որ Թուրքիա վերադարձողը այս անգամ գործողութիւն կը կազմակերպէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:

Ամերիկեան զգուշացումները Անգարային սկսած են ձեւ ու մարմին ստանալ. Իսլամական պետութիւնը այն գործիքն է, որ զինք սնողին դէմ կրնայ աշխատիլ, երբ աւելի մեծ կեդրոններէ յղուին համապատասխան ազդանշանները:

Դժուար կացութիւններու առջեւ կանգնած պաշտօնական Անգարային համար երեսփրկութեան (face saving) յատկանիշով բնութագրուող յայտարարութիւն է այն, որ Սուրուճի յարձակումին թիրախը Թուրքիոյ ազգային միասնութիւնն էր: Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատարին այս յայտարարութիւնը քիւրտերը բացառապէս Թուրքիոյ քաղաքացիները կը նկատէ, որոնք այս տրամաբանութեամբ թրքական ազգին կարեւոր բաղադրատարրեր են: Միեւնոյն յանկերգն է, որ կ՛օգտագործուի նաեւ այս պարագային. Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդները, այսօրուան Թուրքիոյ քաղաքացիները, համատեղ բնօրրանին մէջ ապրողները: Միեւնոյն ազգը նկատելով քիւրտերը, վարչապետի պաշտօնակատարը սակայն կատարած է երկրորդ յայտարարութիւն մը. ընդունած, որ Թուրքիոյ ազգային միասնութիւնը (թէկուզ իրենց պատկերացումով) այսօր վտանգուած է: Ասիկա  յար եւ նման է  նախագահ Էրտողանի նախընտրական ճառին, ուր ընդգծուած էր Թուրքիոյ մասնատման վտանգին առկայութիւնը` դարձեալ շեշտելով, որ արեւմտեան լրատուամիջոցներն ու հակաիշխանական որոշ ուժեր կը սպառնան Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան:

Տաւութօղլուի տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ մնալով կը հետեւի այն, որ թուրք ազգին միասնականութիւնը խախտողները «Իսլամական պետութեան» խմբաւորումներն են: Հասցէագրումը ուղղակի չէ թրքական կողմէն. ըստ լրատուութիւններուն, տակաւին կը ստուգուին անձնասպանական գործողութեան հեղինակին «Իսլամական պետութեան» հետ ունեցած ենթադրեալ կապերը: Անգարան ուրեմն ցարդ պաշտօնապէս չէ ամբաստանած «Իսլամական պետութիւն»-ը` անձնասպանական գործողութեան ետին կանգնած ըլլալու յանցանքով:

Անկախ այն իրողութենէն, որ ՔԱԿ-ի զինուորական գործողութիւններու վերաձեռնարկելու որոշակի տուեալներ կ՛առարկայանան, պէտք է ըսել, որ «Իսլամական պետութիւն» – քրտական ուժեր պատերազմը, որ խորքին մէջ Թուրքիա-Քիւրտիստան պատերազմ է, ըստ էութեան կրնայ որոշ դիմափոխութիւն ունենալ ոչ միայն աշխարհագրական վայրի փոփոխութեամբ:

Սուրուճը եթէ իրօք նախաբան է, այս կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ տարածքին «Իսլամական պետութիւն»-ը պիտի փորձէ հարուածել քրտական կեդրոններ: Իսկ քրտաբնակ շրջաններէն կարեւոր մաս մը պատմական առումով ունին յստակ պատկանելիութիւն:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Scroll Up