Ժամանակակից երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը` որպէս Մայրենիի ուսուցման միջոց

Այսօր մեր երիտասարդներէն դժուար է գտնել ոեւէ մէկուն, որ արձանագրուած չըլլայ ընկերային ցանցերէն գոնէ մէկուն մէջ: Մայրենի լեզուի դասաւանդման ընթացքին` կիրակնօրեայ դասերու ժամանակ, ես կը հասկնայի, որ աշակերտներուն համար քիչ է շաբաթը մէկ կամ երկու ժամով հայերէն խօսիլը:

Ամէն ինչ սկսաւ անկէ, որ ուսանողներէն մէկուն կը խնդրէի կիրակի օրուան յանձնարարութիւնները բջջային հեռախօսով լուսանկարել եւ տեղադրել ընկերային ցանցի վրայ`իրենց ստեղծած խումբին մէջ, որպէսզի յաջորդ դասին անպատրաստ գալու պատճառ չըլլար: Այնուհետեւ աշակերտներս զիս առաջարկեցին ներգրաւուիլ խումբին մէջ: Եւ երբ արդէն ունէի իմ էջս, երիտասարդներէն մէկը` Էդուարդ Տէրտէրով, ստեղծեց նոր խումբ` «Մեծ հայկական ընտանիք» անուամբ:

Սկիզբը խումբէն ներս կը խօսէին ռուսերէն, բայց երբ ես կ’անցնէի հայերէնին, բոլորը, իրենց կրցածին չափով, կը գրէին հայերէն` սակայն լատինատառ: Ապա սկսանք զրուցել հայատառ հայերէնով : Եւ անոնք, որոնք տարուան ընթացքին ինչ-ինչ պատճառներով կիսատ ձգած էին ուսուցումը կամ չունէին հայերէն ստեղնաշար, զրոյցէն յետ չմնալու համար ներբեռնեցին հայերէն տառերը` սկսելով աշխուժօրէն մասնակցիլ քննարկումներուն ու զրոյցին: Մարդիկ, որոնք կը զլանային կամ աշխատանքի, ուսման պատճառով ժամանակ չունէին հայերէն յօդուածներ կամ գրականութիւն կարդալու, սկիզբը դժուարութեամբ եւ ստիպուած, ապա արդէն բաւականին վարժ ու հաճոյքով կը կարդային եղած յօդուածը կամ գրականութիւնը` ետ չմնալու համար քննարկումներէն, որոնք արդէն կ’անցնէին հայատառ հայերէնով: Այժմ կրնամ գոհութեամբ նշել, որ 2015թ․ Մայիսէն ստեղծուած ընկերային ցանցի խումբը մեծ արդիւնք տուաւ, քանի որ ուսանողները այստեղ հայերէն կը գրեն եւ կը կարդան ամէն օր եւ ամէն ժամ: Այժմ խումբին մէջ բոլորը տեղեակ են` ինչ կը կատարուի հայրենիքի մէջ եւ իւրաքանչիւր յայտնի հայու աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ այդ ամէնը` հայերէն:

Սկիզբը խումբը ունէր 30 անդամ, այժմ 42, որոնք իրար հետ կը հաղորդակցին Մայրենիով եւ կ’ապրին հայրենիքով:

Կոչ կ’ուղղեմ սփիւռքի մէջ գործող կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն․ արդիւնաւէտ դարձնենք մեր ուսանողներու ժամանակակից հետաքրքրութիւնները․ սորվեցնենք Մայրենին իրենց հասանելի ու հաճելի ճանապարհով:

Լուսինէ Սարգսեան

ՌԴ ք․Աստրախան «Մեսրոպ Մաշտոց» կիրակնօրեայ դպրոց

Scroll Up