Թուրք Պետութեան Անճրկած Ջղաձգութիւնը

Մարզպետ Մարկոսեան կը գրէ.
Թուրք եղեռնագործութեան ու մեր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է այս տարի: Այս առիթով, հերթականօրէն տեղի ունեցան կարգ մը պետութեանց ճանաչումները Հայոց ցեղասպանութեան: Այս անգամ կարեւոր տարբերութիւն մը կար. այդ Ցեղասպանութիւնը հաստատողները կը գլխաւորէր Հռոմի պապը, որուն խօսքը եւ նախագահած պատարագը մեր կաթողիկոսներու եւ նախագահի ներկայութեան, իր վրայ կիզակէտեց համաշխարհային դիւանագիտութեան ուշադրութիւնը: Անկէ ետք չուշացան Աւստրիոյ ու մանաւանդ Գերմանիոյ նախագահին հաստատումները` վերջ տալով տարիներու իրենց խուսափումին: Կը մնայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` իր 2008-ի խոստումը դրժած նախագահի խուսափումով: Առ այժմ չենք գիտեր, թէ այս նախագահը ի վերջոյ պիտի վերադառնա՞յ իր խոստումին: Կը ձգենք իր մտաւորականի, դիւանագէտի խղճմտանքի եռեւեփումի արդիւնքին:
Այս բոլորին մէջ առանցքային պետութիւնը` Թուրքիան, տակաւին կ՛ուրանայ, տակաւին կ՛ոստոստէ իր հիւսած ուրացման ոստայնի թելերուն վրայ` յուսալով, որ կը յաջողի աշխարհը խաբել:
Այս տարուան նորութիւնը հարիւրամեակն է նաեւ Կալիփոլիի ճակատամարտին` վեց օրուան յետաձգումով իր իրական թուականէն` 1915 ապրիլ 18-էն: Խե՜ղճ ու հէգ թուրք պետութիւն, այնքան մը վատանալ էր պէտք, որպէսզի իւրացնէր Ցեղասպանութեան թուականն իսկ` չգոհանալով մեր երկրի կողոպուտով ու մեր ժողովուրդի զանգուածային սպանդով: Այդքան սնանկ են ու զզուելիօրէն կարեկցելի իրենց ջանքին մէջը` խոչընդոտելու մեր հարիւրամեակի ձեռնարկները: Այս կացութեան մէջ նորութիւն չկար, երբ ամէն մարդ կը կարծէր, թէ ամէն ինչ իր հունը գտած էր` ապրիլ 24-ը իր խորհուրդով, իսկ թուրք մերժողականութիւնն ու ուրացումը իրենց բարոյական վայրագութեամբ: Յանկարծ թուրք պետութիւնը կը յղանար իրապէս անակնկալ ու անսպասելի լրբութիւնը` իրենց նախագահին ուղեղային քերուըտուքէն ժայթքած գաղափարը Կալիփոլիի հարիւրամեակը տօնելու միեւնոյն օրը` ապրիլ 24-ին: Ապաբարոյութիւնը թուրք պետութեան արուեստի վերածուած դիւանագիտութիւնն է: Անհասկնալին, մասնակցող պետութեանց ճաշակը, մանաւանդ Մեծն Բրիտանիոյ` հազուագիւտ այն պետութիւններէն մին, որ տեղեակ պէտք է ըլլայ եւ է Եղեռնի ծրագրաւորումէն ու կիրարկման, իրագործման մանրամասնութիւններէն:
Այս ընդհանուր ուրուագծէն ներս չանտեսուելի երկու նորութիւն կայ իրարմէ մէկ տարիով հեռու, բայց նոյնանման խորքային կեղծիքով` Թուրքիոյ 2014 ապրիլի վարչապետ Էրտողանին եւ 2015 ապրիլի վարչապետ Տաւութօղլուի արտայայտած ցաւակցութիւնները` ապրիլ 24-ի առիթով: Նոյնաբովանդակ ցաւակցական յղումներ են, որոնց հիմնական նպատակը մեր ժողովրդի ցաւը բաժնելու, մեղմելու կասկածելի արարքը` ցոյց տալու աշխարհին, թէ թուրք պետութիւնը կը դիմագրաւէ պատմութիւնը ու ցաւակցութիւն կը յայտնէ մեզի ամէնէն բարձր մակարդակի` նախագահի ու վարչապետի հեղինակութիւններով: Խորքին մէջ եղած յղումները կը փառասիրեն հիմնական սադրանք մը, երբ թուրք պետութիւնը կը ջանայ հաւասարեցնելու մեր ցեղասպանութիւնը թուրքերու կորուստին հետ` ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, իրենց ընտրովի, ծաւալողական փառասիրութիւններուն արդիւնք` Ա. Համաշխարհային պատերազմին: Կը փորձեն աշխարհը համոզել, թէ մեր կրած կորուստները 500.000-ը չէին անցներ, իսկ իրենց «հարիւր»-ի յայտնութիւնը ա՛յն է, թէ «հարիւր հազարներու» կը հասնէին զոհերուն թիւը` ընթերցողին ձգելով յարմար թիւ մը ընտրելը, որպէսզի համոզուին: Թուրք պետութեան ջանքը` զոհին կրած կորուստը հաւասարեցնելու ոճրագործներու զոհուած թիւին, կը յառաջացնէ տեղին հարցումը. եթէ իրենք զբաղած էին մեր նախահայրերու ոչնչացումը իրականացնելու աշխատանքով (չմոռնանք` մերինները անզէն էին), իսկ բանակ զօրակոչուած հայ երիտասարդութիւնը ապազինման էր ենթարկուած եւ սպաննուած` թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ ու թաղուած մեր հարազատներու իսկ փորած գերեզմաններու մէջ, ու ահա հարցումը` անզէն նահատակուողը ինչպէ՞ս պիտի յաջողէր թուրքերը սպաննել:
Թուրք շիլ տրամաբանութիւնը միայն կը յաջողի նման այլանդակ ապաբարոյութիւն մը յղանալ ու հրապարակ նետել առանց նուազագոյն տատամսումի: Թուրքերը երբեւիցէ մտածա՞ծ են, թէ ինչպէ՛ս կրնար համաշխարհային հանրային կարծիքը հակազդել, եթէ Գերմանիա փորձէր պերեւեթել ճիշդ թուրքերու նման` ըսելով, թէ իրենք պատասխանատու չեն հրեաներու հրկիզման, որովհետեւ իրենք եւս միլիոններով զոհ են տուած Բ. Համաշխարհային պատերազմին: Թուրք տրամաբանութիւնը միայն կրնայ նման արդարացում մը ձաբռտել: Թերեւս անկարելի չէ նման ելոյթ թուրք պետութենէն, այնքան ատեն որ պրն. Էրտողանն է նախագահը եւ, առ այդ, առողջութիւն պէտք է մաղթել իրեն նման յայտարարութիւններ կատարելու համար` անտեղեակ ծիծաղելի ըլլալու ստոյգ հաւանականութենէն: Մարդիկը ջերմեռանդ հետեւողականութեամբ ու այնքա՛ն աճապարանքով կը փորձեն ոչնչացնել Ցեղասպանութեան իրականութիւնը ճիշդ այնպէս, ինչպէս ոչնչացուցած են մեր հետքերը մեր հայրենիքէն, որպէսզի աշխարհին ներկայանան իբրեւ մարդ` ի հեճուկս իրենց քամահրելի լկտիութեան:
Թուրք պետութեան ղեկավարները` վարչապետ ու նախագահ, չեն փախցներ առիթը` ըսելու, թէ մեր սփիւռքը օսմանցիներուն զաւակներն ու թոռներն են եւ իրենց ալ սփիւռքն է: Թէ` իրենք կ՛ուզեն երկխօսութեան սկսիլ այդ սփիւռքին հետ, եւ կ՛ուզեն հասկացողութեան գալ նոյն այդ սփիւռքին հետ` մոռնալով, որ իրենք եղան սեղանանենգ սեղանակապուտները հայ ազգաբնակչութեան` իրենց բարեկամներուն ու մօտիկ դրացիներուն: Հետաքրքրական էր, երբ թրքահայ մը` Էթիէն Մահճուպեանը, նշանակեցին որպէս վարչապետի աւագ օգնական` այդ գործընթացը իրականացնելու համար, բայց անոր ներկայութեան հանդուրժեցին քանի մը ամիս միայն, մինչեւ որ այդ աւագ օգնականը յայտարարեց, թէ ինք վստահ է, թէ ի՛նչ որ պատահած էր, ցեղասպանութիւն էր, թէեւ ինք համամիտ չէ սփիւռքի պահանջատիրական ջանքերուն:
Ակներեւ հակասութիւն մը կայ թուրք պետութեան հաստատումին` կապ հաստատելու սփիւռքին հետ եւ իրենց նախաձեռնած քայլերուն ու գործնական արարքներուն միջեւ: Եթէ կապ հաստատել ըսելով` կը հասկնան զանազան անհատներու հետ, ներառեալ` Պոլիս հրաւիրուող ու իրենք զիրենք պատմութեան դասախօսներ կարծողները, պրն. Տաւութօղլուն սխալ ընթացքի մէջ է, որովհետեւ փաստօրէն այդ մարդոց միակ կարեւորութիւն տուողները իրենք` թուրքերն են: Պրն. Տաւութօղլուն ոչ թէ պէտք է գիտնայ, այլ վստահաբար գիտէ, թէ միակ մարդը, որուն հետ պէտք է խօսի եւ միակ մարդը, որ կրնայ խօսիլ ամբողջական սփիւռքի անունով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.-ն է` Անթիլիասի մէջ, Սիսէն առժամաբար հոն փոխադրուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Պրն. Տաւութօղլուն երեք-չորս տարի առաջ Պէյրութ էր այցելած որպէս արտաքին գործերու նախարար եւ հոն գտնուած միջոցին այցելեց Պքերքէ Ռայի պատրիարքին, հաւանաբար` կարեւոր նիւթերու շուրջ խօսելու: Թերեւս: Թերեւս նաեւ զգուշացնելու Հալէպի մէջ պատահելի դէպքերու մասին: Չենք կրնար գիտնալ, բայց բան մը կար, որ կարելի չէր չգիտնալ, Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութիւնը Անթիլիասի մէջ, Պքերքէ չհասած:
Ճիշդ է` ուղղաթիռով գացած էր Պքերքէ, բայց անկարելի է, որ նշմարած չըլլար Անթիլիասի մայր տաճարի երկնաձիգ գմբեթը եւ անդրադարձած չըլլայ անոր յիշեցումին, թէ «մենք նաեւ հոս ենք»: «Մենք»-ին ով ըլլալուն համար ինք որեւէ բացատրութեան չէր կարօտեր:
Կրկնելու գնով պէտք է հարցնել, թէ ինչէ՞ն վախցաւ պրն. Տաւութօղլուն Անթիլիաս երթալէ: Չենք գիտեր, վստահ ալ չենք, թէ վախցաւ: Թերեւս արհամարհեց` խորհելով, որ եթէ այցելէր կաթողիկոսին, կարեւորութիւն տուած պիտի ըլլար անոր: Այդ բոլորը ձգելով իրեն, իր գործն էր, բայց ինք այժմ կ՛անդրադառնա՞յ իր սխալին: Որովհետեւ հիմա եւ յառաջիկայ ամիսներուն, եթէ ուզէ իսկ տեսնուիլ, պիտի չկարենայ, որովհետեւ Արամ Ա. որպէս կաթողիկոս Կիլիկիոյ համայն հայոց կենդանի թէ նահատակներ սրբացեալ, վերածուած է պողպատեայ տէգի ու խրած` թուրք պետութեան կողին, մնալու համար հոն մինչեւ վերջին հատուցման պարտամուրհակի վերջին վճարումը: Պրն. Տաւութօղուն սխալած էր իր ամբարտաւանութեան մէջ` Կիլիկիոյ հայոց հայրապետը չեն արհամարհեր:
Հիմա դատարան է ներկայացուած պահանջը ու պէտք է սպասել ատեն մը, թերեւս` տարի մը, լաւագոյն պարագային կամ քանի մը տարիներ` հանգուցալուծման համար:
Վարչապետէն անկախ, կայ նաեւ նախագահը` պրն. Էրտողանը, որ շփոթի, ահազանգի մատնուած անհատի մը տպաւորութիւնը կու տայ, միեւնոյն ատեն` արդի, ոճրամիտ իթթիհատականի մը կերպարը ցոլացնելով: Կարծէք` նոյն նպատակն է, որ կը հետապնդէ: Հոս ըսել ուզուածը այն չէ, թէ նախագահը ոճրագործ մըն է, այլ` շեշտելու այն իրականութիւնը, թէ ան կ՛ափսոսայ ու բնականաբար կը ջղայնանայ իթթիհատականներէն` գործը արմատապէս ամբողջացուցած չըլլալնուն, չկարենալ լուծելնուն համար: Եւ ուրեմն, իբրեւ տարբերակ, գտած է թուրք համալսարաններու թուրք, բացի մէկէն, դասախօսներու խումբը եւ հրաւիրած` զանոնք` նախագահական նոր ապարանքին մէջ քննարկելու Ցեղասպանութեան հարցը: Ի դէպ, բարի վայելում պէտք է մաղթել այդ ապարանքի ընտրութեան համար, որովհետեւ այդ նստավայրը ծանրաբեռնուած չէ հայոցմէ կողոպտուած ըլլալու իրականութեամբ, ինչպէս Թուրքիոյ շէնքերու մէկ երրորդէն մինչեւ կէսը հասնող հայոց տուները, մէջը ըլլալով Չանգայայի նախագահական նախկին պալատը, որ տակաւին չէ վերադարձուած իր իրաւատիրոջ` Գասապեաններուն կամ Հայաստանի Հանրապետութեան: Պրն. Էրտողան սխալած է, սակայն, ինչպէս միշտ, սայթաքած է, երբ կը փորձէ իր իսկ պատմութիւնն ու մեր պատմութիւնը դիմագրաւել: Հրաւիրած դասախօսները արդէն ժխտողական կեցուածք ունին ու կ՛ըսեն այն, ինչ որ նախագահը պիտի ուզէր լսել: Վերջին հաշուով, նոյն այդ մարդիկն են, որոնք պատրաստած են թուրք վարժարաններու մէջ գործածուող պատմութեան դասագիրքերը, որոնց միջոցով հայատեաց թոյնը անկասելիօրէն կը սրսկուի պատանի աշակերտներու գիտակցութեան մէջ: Այդքան այդ շեփորուած հանդիպման մասին:
Այս բոլորը կիզակէտող իրականութեան մը ականատես կ՛ըլլանք: Երբեմն թուրք դիւանագիտութեան կը տրուին առասպելական գնահատականներ, թէ թուրք դիւանագէտները միշտ իրենց պետութեան ուզածը կը յաջողին իրականացնել: Այդտեղ մասնաւոր յատկութիւն մը չկայ, այդպէս ալ պէտք է ըլլայ: Տարօրինակօրէն, սակայն, անյարիր բան մը կայ: Քեմալական հանրապետութեան հիմնումէն ասդին, 1923-էն ի վեր, թուրք պետութիւնը որոշած է ամէն գնով մերժել Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, որովհետեւ նոր, քեմալական խորհրդարանը կազմուած էր առաւելաբար իթթիհատական ոճրագործներէ եւ աւազակներէ, որոնք իրենց կողոպուտը Քեմալի տրամադրութեան տակ դրած էին: Վստահօրէն թուրք հաշուակալները գիտեն, թէ այդ գումարները քանի՛ միլիառ տոլարի կը հասնին ու գիտեն նաեւ, թէ այդ գումարներէն քանի՛ միլիոն կամ քանի՛ միլիառ տոլար տրուած է տարբեր դասակարգի դիւանագէտ ու այլ ցնծուհիներու, որպէսզի օգնեն թուրք պետութեան իր ջայլամային ուրացման քաղաքականութիւնը յաջողեցնելու: Պիտի չյաջողին: Խնդիրը սակայն այն է, թէ պրն. Էրտողան եւս կը վճարէ անոնց թուրք պետութեան գանձէն` ըլլալով միջնորդը ցնծուհիներու եւ պետութեան միջեւ: Հարցը, ուրեմն հետեւեալն է. պրն. Էրտողան Թուրքիոյ նախագա՞հն է թէ՞ այդ ցնծուհիներու կաւատը ինչպէս հանրապետութեան միւս նախագահները իրմէ առաջ բացառելով թերեւս նախագահ Կիւլը:
Պէտք է յուսալ, որ սխալած եմ այս արժեւորումին մէջ: Կայ նաեւ ուրիշ ու շատ կարեւոր, գործող ուժային համակարգը` թուրք բանակի օսմանօֆաշիստ սպայակոյտը, որ ահռելի ճնշում կը բանեցնէ նախագահին վրայ որդեգրուած քեմալական վարքագծէն չշեղելու: Էրտողանը հաւանաբար պիտի չուզէ ասպարէզ կարդալ անոնց եւ ի հեճուկս անոնց փոխել կեցուածքը: Ի վերջոյ նախագահներէն Թուրկութ Էօզալի օրինակը բաւականին թարմ է, եւ Էրտողանը պիտի չուզէր երկրորդ Օզալը ըլլալ:
Կու գանք թուրք դիւանագիտութեան առասպելական «հմուտ ճկունութեան», որ կը թուի յօդս ցնդիլ, երբ հայերու հետ է կապուած հարցը: Հակառակ բոլոր վերապահումներուն, թուրք պետական գանձատունին համար շատ աւելի ձեռնտու է հաշուետուութեան նստիլ մեր ներկայացուցիչներուն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ սկսի խօսիլ: Պրն. Էրտողանը ինք եւս թերեւս զարմանայ արդիւնքէն, որ բաւականին նպաստաւոր կրնայ ըլլալ եւ խնայողական` թուրք գանձին ու թուրք պետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի համար հաւասարապէս: Անկէ ետք փոխադարձ վստահութիւնը կը սկսի, եւ թէեւ քիչ մը երկար ժամանակ պէտք ըլլայ մօտիկ բարեկամութիւնը վերահաստատելու, բայց անկարելի չէ, մանաւանդ երբ արդէն երկու ժողովուրդի մէջ կան նկատառելի զանգուածներ, որոնք երբեք ժամանակ պիտի չկորսնցնեն վերսկսելու բարեկամութիւնը` անհատական փոխադարձ վստահութիւնը ունենալով իբրեւ ամուր կռուան:
Ուրեմն, պրն. Էրտողան, վե՛րջ տուէք ուրացումի, ատելութեան եւ օսմանօֆաշիստ չարիքի նախաձեռնութեանց եւ հրաւիրեցէք ձեր հայ գործընկերները անկեղծ ու սրտբաց զրոյցի, կարծիքներու փոխանակումները, Կարսի դաշնագրի ձեր ձեռքով պատռելու, անվաւեր հռչակման իրականութիւնը մեկնակէտ ունենալով այդ մտատեսական հսկայական ոստումին իբրեւ խորապատկեր: