Աշխարհի Չորս Կողմէն Հայեր Մասնակցեցան Հայկական Ոճով Նաւապտոյտին

Ստորեւ յապաւուած եւ թարգմանաբար ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթէն լոյս կ՛ընծայենք Պարպըրա Յարութիւնեանի յօդուածը՝ Ամերիկահայ մշակութային միութեան կազմակերպած 18րդ նաւապտոյտին մասին.
Ամերիկահայ մշակութային միութեան 18րդ տարեկան նաւապտոյտը Մայամիէն ճամբայ ելաւ, իրականացնելու 2015, Յունուար 17էն 24 երկարող պտոյտը, «Տիվինա» զբօսանաւով եւ մասնակցութեամբ մօտաւորապէս հազար հայրենակիցներու։
Հայկական նաւապտոյտը իւրայատուկ առիթ մըն էր վայելելու նշեալ գեղեցիկ զբօսանաւը, միաժամանակ ըմբոխշնելով հայկական մշակութային ծրագիրներ ու ժամանցի բազմազան առիթներ։
Նաւը խարիսխ նետեց Ճամայքայի, Մեծն Քէյմըն կղզիի, Մեքսիքօ (Քոսումել) եւ Պահամազի (Կրէյթ Սթիրըփ Քէյ) մօտ, իսկ հայ մասնակիցները եկած էին Միացեալ Նահանգներու 17 նահանգներէ, Հայաստանէն, Աւստրալիայէն, Քանատայէն, Անգլիայէն, Գերմանիայէն, Թուրքիայէն եւ Վենեզուելլայէն:
Նաւուն վրայ էր նաեւ Արեւմտեան թեմի նախորդ առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ ամէն առտու առաւօտեան ժամերգութիւն մատուցուեցաւ։
Առաջին երկու օրերուն, մինչեւ առաջին ցամաք հասնիլը, մասնակիցները վայելեցին նաւուն ծրագրած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ներկայ եղան հայկական նիւթերով դասախօսութիւններու կամ հայկական շարժապատկերներ դիտեցին։
Բոլորին հետաքրքրութիւնները բաւարարող միջոցառումներ ծրագրուած էին։ Իւրաքանչիւր առաւօտ հայերէն խօսելու դասընթացք մատուցուեցաւ՝ դոկտ. Պերճուհի Այվազեանի առաջնորդութեամբ, մինչ Մարկօ Քաֆթէճեան հայկական պար կը սորվեցնէր։ Անդրանիկ Պուտաքեանի եւ Համբար Վարդանեանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան նարտիի եւ պլոթի մրցումներ, մինչ Ամերիկահայ մշակութային միութենէն Մարօ Ասատուրեան դէպի Հայաստան կազմակերպուած Սեպտեմբեր 17-Հոկտեմբեր 1 շրջապտոյտին մասին տեղեկութեանց սեղան մը դասաւորած էր։ Նաեւ ճամբորդներուն ցուցմունքներ տալու նպատակով սեղան մը պատրաստուած էր Ամերիկահայ մշակութային միութեան կողմէ։
Տեղի ունեցան նաեւ պասքեթպոլի 3 մրցումներ, կազմակերպութեամբ Ճան Ճեքիքեանի։
Երեկոները, մասնակիցները առիթ ունեցան վայելելու երգիչներ Օննիկ Տինքճեանի, Ճան Պէրպէրեանի, Սթիւ Օսպիկեանի եւ Արթուր Աբգարեանի երգերը, իսկ առաջին երեկոյեան, Մարիա Դաւթեան եւ Մարկօ Քաֆթէճեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուին նաւապտոյտին ընթացքին իրականացուելիք նախաձեռնութեանց մասին։
Կիրակի օր տեղի ունեցաւ ամուրիներու հաւաքոյթը, իրարու աւելի մօտէն ծանօթանալու առիթ ընծայելով աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկած ամուրի հայորդիներուն։ Նաեւ, առաջին անգամ ըլլալով հայ գործարարներու իրարու ծանօթացման հաւաք մը տեղի ունեցաւ։
Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ մշակութային միութեան կազմակերպած եւ «Թրեվըլ Կրուփ Ինթըրնեշընըլ»ի ու նաւապտոյտի յանձնախումբին հովանաւորած քոքթէյլի շքեղ հիւրասիրութիւնը, որուն մասնակիցները վայելեցին հայկական համեղ ճաշատեսակներ։
Հինգշաբթի օր, Պարպըրա Յարութիւնեանի գլխաւորած յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, նաւուն լողաւազանին շուրջ կայացաւ Հայկական փառատօնը՝ երաժշտութեամբ, պարով եւ հայկական ուտելիքներու սպասարկութեամբ: Մրցանակներ տրուեցան եռագոյնով կարուած ամէնէն գեղեցիկ եւ ինքնատիպ տարազին, ինչպէս նաեւ լաւագոյն հայկական պար պարողին։
Ներկայացուած դասախօսութիւններէն էին հետեւեալները.
– Տոքթ. Ճոն Պիլեզիքեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ոսկորի տկարացման դէմ տարուող աշխատանքին մասին.
– Յովսէփ Սարաֆեան խօսեցաւ Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու կարելիութեանց եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին։
– Գէորգ Եկանեան զեկուցում մը կատարեց Հայաստանի բանակին մէջ իր ծառայութեան մասին.
– Ռաքսեն Մաքասճեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթով դասաւանդութեանց ծրագիրներու մասին.
– Քանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեանի ներկայացուցած զեկուցումը Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն մասին էր.
– Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան զեկուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք կատարուելիք նախաձեռնութիւններուն մասին.
– Գոհար Պալեան անդրադարձաւ «Ֆուլըր» կեդրոնին կողմէ Հայաստանի մէջ բնակարաններ կառուցելու ծրագիրներուն.
– «Վարդանանց Ասպետներ»ն ու «Վարդանանց Դուստրեր»ը կազմակերպած էին Հրանդ Տինքի նուիրուած ներկայացում մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Պապ Պարսամ, իսկ հոգեհանգիստ կատարեց Վաչէ արք. Յովսէփեան.
– Դոկտ. Պերճ Մինասեան ներկայացուց «Չուզ Թու Թրայվ» հատորը։
Նաեւ, ՀՕՄը կատարեց իր աւանդական թէյասեղանի հաւաքը, իսկ Բրիտանիայէն ժամանած էր համով կատակներ ներկայացնող եւ դաշնակահար Գեւ Օրքեան, որ ուրախացուց ներկաները:
Արդէն իսկ պատրաստութիւնները կը կատարուին 2016 տարուան նաւապտոյտին, որ պիտի սկսի Յունուար 9ին ու պիտի տեւէ ութ օր: Այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել՝ (866) 447-0750 թիւին, կամ այցելել http://www.armenianheritagecruise.com կայքը։
Նշենք, որ Ամերիկահայ մշակութային միութիւնը ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն մըն է (501(c)(3)), որ կը նպաստէ հայկական ուսումնասիրութեանց, մշակութային նախաձեռնութիւններու եւ թերթերու:
ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 18ՐԴ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԷՆ
– «14 տարիէ ի վեր կը մասնակիցիմ այս նաւապտոյտներուն, մեր սիրելի բարեկամներ՝ Պարսամներուն հետ։ Անիկա անհաւատալի փորձառութիւն մըն է։ Կարծես երկինք կը հասնինք, երբ ականատես կ՛ըլլանք հարիւրաւոր հայերու համերաշխ գոյակցութեան». Ներսէս եւ Մարուշա Արթաններ, Լոս Անճելըսէն։
– «Նաւապտոյտը կը նախընտրեմ «Փոքրիկ Հայաստան» կոչել, որովհետեւ հոյակապ է ականատես դառնալ աշխարհի չորս կողմէն ժամանած հայերուն, որոնք միասնաբար կը վայելեն հայ երգն ու պարը, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւնները։ Ասոնց վրայ կու գայ աւելնալու գեղեցիկ կղզիներու տրամադրած հաճոյքի բազմապիսի առիթները։ Այս մէկը 2րդ պտոյտս էր եւ երկու պարագաներուն շատ հաճելի պահեր անցուցի». Գոհար Պալեան, Հայաստանէն։
– «Այս առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէինք Ամերիկահայ մշակութային միութեան նաւապտոյտին ու լաւապէս տպաւորուած ենք անոր ծրագիրներով ու ելոյթներով։ Դասախօսութիւնները՝ մեր հայրենիքը յուզող հարցերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած, այժմէական նիւթերու յատկացուած էին եւ շատ դաստիարակչական էին իրենց բնոյթով։ Նաւապտոյտին ընթացքին ստեղծուող բարեկամութիւնները եւ հին բարեկամներու հետ հանդիպումները հոյակապ էին եւ այդ պատճառով զայն կը յանձնարարենք բոլորին». Երուանդ եւ Մերի Պետիկեաններ, Պեվըրլի Հիլզէն (Միշիկըն)։
– «Այս մեր 10րդ մասնակցութիւնն է Ամերիկահայ մշակութային միութեան նաւապտոյտին, որ միւսներուն նման, լի էր ուրախութեամբ եւ անակնկալներով։ Ամէն օր կը հանդիպէինք աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած մեր հին բարեկամներուն եւ դասընկերներուն, որ աւելի իմաստալից դարձուց այս մէկ շաբաթեան պտոյտը։ Կը շնորհաւորենք կազմակերպիչներուն այս իրագործումը եւ կը յուսանք բոլորին դարձեալ տեսնել յառաջիկայ տարուան պտոյտին». Երուանդ Շահինեան եւ Կարօ Եղոյեան, Թորոնթոյէն։
– «Նաւապտոյտը հոյակապ էր։ Կղզիներու վրայ պտոյտները, դասախօսութիւնները եւ հայկական երաժշտութիւնը վայելելու առիթները շատ հաճելի էին։ Նաւապտոյտը նաեւ շատ լաւ առիթ մըն է հանգստանալու, հանդիպելու հին բարեկամներու եւ նոր բարեկամութիւններ մշակելու։ Կը հանդիպինք գալ տարի». Ռեպեքա Պաղտասարեան եւ Տանիէլ Շեկերեան, մայրաքաղաք Ուաշիկթընէն։