Ես խորհուրդ կու տամ բոլոր սփիւռքահայերուն, որ գան Հայաստան թէկուզ մէկ ամիսով եւ մտածեն ապագայի մասին. Արա Աշճեան

Ծնած է Պաղտատ, 1960 թուականին: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պաղտատի Հայոց ազգային միացեալ վարժարանին մէջ: 1983թ. աւարտած է Պաղտատի համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքի քաղաքաշինութեան բաժինը (Civil Engineering Department): 1988թ. ստացած է մագիստրոսի տիտղոս` Պաղտատի (Technology) համալսարանի շինարարութեան բաժինէն (Building and Construction Engineering Department): Աշխատած է իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ` իբրեւ շինարար ճարտարագէտ, ինչպէս նաեւ դասախօսած է համալսարանէն ներս: Երկար տարիներ դասախօսած է հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութիւն, մեկնաբանած  Ս. Գիրքը Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանէն ներս: Իբրեւ լրագրող  աշխատած է իրաքեան «Սաութ Ալ-Թալապա» (Աշակերտութեան Ձայնը), ապա` «Ալ-Մուսթաքպալ» եւ «Ալ-Տիուան» շաբաթաթերթերուն մէջ:

–  Պարո՛ն Աշճեան, ես արդէն ունիմ Ձեր այցեքարտը, հիմա պէտք է խնդրեմ պատմէք, թէ երբ եկաք ու հաստատուեցաք Հայրենիքի մէջ: Ձեզի կարելի՞ է անուանել հայրենադարձ, որ դարձած է Հայաստանի մշտական բնակիչ:

–  2007-էն Հայաստանի մէջ  եմ եւ, իրապէս, հայրենադարձ եմ, որ դարձած է Հայաստանի բնակիչ, Հայաստանի հայութեան մէկ մասնիկը: Դեռեւս 2006-ին եկայ Հայրենիք մէկ ամիսով, որպէսզի ծանօթանամ պայմաններուն, աշխատանքիս հարցը լուծեմ. ես հիւանդ եղբայր ունէի եւ մտահոգուած էի նաեւ անոր առողջական խնդիրներով, որոնց կարգաւորման հարցերը եւս պէտք էր լուծէի այստեղ: 2007-ին տեղափոխուեցայ Պաղտատէն, աշխատանքի անցայ Հայրենիքի մէջ, ամուսնացայ, ընտանիք կազմեցի, երեխաներ ունեցայ: Կինս ալ հայրենադարձ է. եկած է Թուրքմէնստանի Աշխապատ քաղաքէն: Համացանցով  ծանօթացած ենք: Ինք այստեղ կ’ուսանէր եւ կ’աշխատէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ:

–  Ուրկէ՞ են Ձեր արմատները:

–  Հայրիկս Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերու զաւակ է: Հօրս` Սարգիս Աշճեանի ընտանիքի բոլոր անդամները սպաննուած են 1915-ին, մնացած են ինքն ու եղբայրը: Անոնք Ուրֆա քաղաքէն էին, ուր հերոսական պաշտպանական մարտեր  մղուած են: Մայրիկիս` Արաքսի Նազարեանի արմատները Կիլիկիայէն են, Քիլիսէն, իսկ ինք ծնած է Հալէպ: Անոնց ընտանիքը Իրաք հաստատուած է 1947թ.: Հայրս առաջին ամուսնութենէն 3 զաւակ  ունեցած է, կինը մահացած է, հայրս երկրորդ անգամ ամուսնացած է մօրս հետ եւ ունեցած  2 զաւակ` քոյրս` Անին, որ իր ընտանիքով կ’ապրի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ ես: Սա՛ է իմ արմատներու, իմ ընտանիքի պատմութիւնը: Դեռեւս 1947-էն հայրիկս երազած է Հայաստան տեղափոխուելու մասին, բայց ինչ-ինչ հանգամանքներ խանգարած են, եւ ահա ես, 60 տարի անց, իրագործեցի հօրս երազանքը` տեղափոխուելով Հայրենիք: Հայրս միշտ կը պատմէր 1915-ին հայերու ապրած սոսկալի տառապանքներուն, որբանոցին մէջ իր անցուցած տարիներուն մասին: Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ հայրս որքա՜ն կը յուզուէր ու կը տխրէր Եղեռնի մասին պատմելուն: Զաւակներուս կոչած եմ ծնողներուս անուններով` Սարգիս եւ Արաքսի: Ինչ-որ ձեւով փորձած եմ երախտագէտ զաւակ ըլլալ, վառ պահել անոնց յիշատակն ու անունները: Հայաստան ու հայ ժողովրդը դեռեւս փոքր ժամանակէն սիրած եմ, երազած եմ Հայրենիքի մասին` ճանչնալով այն միայն դասագիրքերէն: Այդ սէրը մէջս մնացած է` մինչեւ ինքս  սկսած եմ Հայոց պատմութիւն դասաւանդել մեր Առաջնորդարանին մէջ: Ես մասնագիտութեամբ շինարար-ճարտարագէտ եմ, բայց ուսումնասիրելով մեր պատմութիւնը` դարձած եմ անոր մունետիկներէն մէկը:

–  Իսկ Ձեր մասնագիտութեամբ աշխատա՞ծ էք Պաղտատի մէջ:

Այո՛, աշխատած եմ մասնագիտական ոլորտին մէջ, իսկ այստեղ 2007-էն աշխատանքի  անցած եմ Լինսի ծրագիրով ճանապարհաշինութեան ոլորտին մէջ, մասնաւորապէս` կամուրջաշինութեան: 2008-ին աւարտած եմ այդ ծրագիրը եւ մտած եմ «Հազարամեակներու մարտահրաւէրներ հիմնադրամի» ՊՈԱԿ, եղած եմ ծրագիրի ղեկավար, Մայր ջրանցքներու, երրորդ կարգի ջրանցքներու վերակառուցման պայմանագիրի ծրագիրի պատասխանատու եղած եմ եւ մնացած եմ այդ աշխատանքին մէջ մինչեւ 2011 թուական: Այդ աշխատանքը նաեւ յաւելեալ առիթ էր` ծանօթանալու Հայաստանի տարբեր մարզերուն, գիւղերուն, շփուելու աշխատասէր, բարի, հիւրասէր հայ գիւղացիներու հետ: Ատիկա  դպրոց մըն էր, հայրենաճանաչութեան մեծ դաս:  2012 թուականէն կ’աշխատիմ ՄԱԶԾ հայաստանեան գրասենեակին մէջ` որպէս Հայաստան-Վրաստան պետական սահմանի` աւելի քան 65 մլն. ԱՄՆ տոլար ընդհանուր արժէքով անցակէտերու արդիականացման ծրագիրներու ղեկավար: Կը կառուցենք նոր, արդիականացուած, եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանող սահմանային անցակէտեր: Մենք ոչ միայն կ’արդիականացնենք անցակէտերը, այլեւ կը զբաղինք հոսանքի մատակարարման, գազաֆիկացման խնդիրներով, եւ սա կը վերաբերի ոչ միայն անցակէտերուն, այլեւ` շրջակայ համայնքներուն: Ես կը սիրեմ իմ աշխատանքը եւ հաճոյքով կը կատարեմ այն: Աւելի քան 21 տարուան մասնագիտական փորձառութիւն ունիմ, 8 տարի ալ Իրաքի մէջ դասախօս  աշխատած եմ, 3 տարի աշխատած եմ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը` իբրեւ աւագ թարգմանիչ: Հայկական հարցի թեմաներով դասախօսած եմ Իրաքի մեր բոլոր մշակութային միութիւններուն մէջ, դասախօսութիւններ  կարդացած եմ նաեւ իրաքցի մտաւորականներու կազմակերպած համաժողովներուն:

–  Ձեր կատարած աշխատանքներէն ո՞ր մէկը առաւել հոգեհարազատ է:

–  Բոլորն ալ հոգեհարազատ են. Առաջնորդարանին կողմէ «Կանթեղ» պարբերականին  նաեւ անդամակցած եմ, հրատարակած եմ «Լրաքաղ» ամսաթերթը, թղթակցած եմ իրաքեան  շարք մը շաբաթաթերթերու եւ նիւթեր  տրամադրած եմ Հայոց ցեղասպանութեան թեմաներով: Իրաքի նախագահ Սատամ Հուսէյնի կողմէ լրագրողական աշխոյժ գործունէութեան համար պարգեւատրուած եմ: Եւ դարձեալ ըսեմ, որ բոլոր այս բնագաւառներուն մէջ աշխատած եմ նուիրումով, սիրով ու մեծ պատասխանատուութեամբ:

–  Պարո՛ն Աշճեան, ըսիք, որ Եղեռնի թեմաներով կը գրէք:

–  Այո՛, համացանցի մէջ արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով շատ նիւթեր  գրած եմ այդ թեմայով: Իրաքի մէջ մեր համացանցը պատերազմի պատճառով սահմանափակ էր. Կը տեսնէի, որ արաբական աշխարհի մէջ շատ քիչ էին յօդուածները հայերու մասին, եղածներն ալ օտար, թրքական, աղաւաղուած տեղեկութիւններ էին: Արաբ հեղինակները միշտ կը դժգոհէին, որ հայերու մասին արաբերէնով աղբիւրները շատ քիչ են, գրեթէ չկան: Պատմաբաններուն, լրագրողներուն աղբիւրներ  հարկաւոր էին: 2006թ. Փետրուարէն ես անձնական պլոկ  ստեղծած եմ, ուր իրաքահայութեան մասին, ղարաբաղեան հարցերով նիւթեր, հաղորդագրութիւններ կը ստանամ ու կը տեղադրեմ: 2008-էն ստեղծած եմ ֆէյսպուքեան խումբեր. Ամենամեծը իրաքահայութեան խումբն է, որ այսօր ունի աւելի քան 2150 անդամ: Կը  պատրաստուիմ  քանի մը գիրք հրատարակել. Ցեղասպանութեան տարիներուն մեզի շատ աջակցած արաբական աշխարհին պէտք է ծանօթացնել հայոց պատմութեան:

–  Այս տարի, Իրաքի մէջ, Մայիս 23-ին Դուք մասնակցեցաք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համաժողովին: Կը խնդրեմ պատմէք այդ համաժողովի եւ Ձեր ելոյթի մասին:

–  Իրաքահայ համայնքը այս տարի այդ առումով մեծ վերելք ապրեցաւ. 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպեցին ձեռնարկներ, ինչպէս նաեւ` արտօնուած խաղաղ երթ` դէպի թրքական դեսպանատուն: Աւելի քան 500 միութիւններ շատ կազմակերպուած իրականացուցին այն, ներկայ էին նաեւ օտարերկրեայ հիւրեր, իսկ լրատուամիջոցները` թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային, ընդգրկուն ձեւով արտացոլեցին բոլոր ձեռնարկները: Համաժողովին Հայաստանէն զիս հրաւիրեցին, հրաւիրուած էին ակադեմիկոս, արաբագէտ Նիկոլայ Յովհաննիսեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան եւ տիկին Սեդա Յովհաննիսեան: Իմ զեկուցման թեման էր` «Հայերու իրավիճակը 19-րդ դարուն եւ Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը ընդդէմ հայերուն` մինչեւ 1923թ.»: Սա 40 էջնոց ուսումնասիրութիւն է, որմէ շատ ամփոփ ելոյթ  կազմած էի: Համաժողովին կը մասնակցէին 500 հոգի, շատ հետաքրքիր ելոյթներ եղան: Ես նաեւ պարտականութիւն ունէի արաբերէն թարգմանելու Հայաստանի մեր յարգարժան ակադեմիկոսի, պատմաբաններու ելոյթները, որոնք շատ տպաւորիչ էին: Ատիկա շատ ծանրակշիռ համաժողով էր. շուտով բոլոր ելոյթները կը հրատարակուին: Առաջին անգամ այդպէս ընդգծուած կերպով արաբ ժողովուրդը արտայայտեց իր դիրքորոշումը` խստօրէն դատապարտելով Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրը հայերու հանդէպ: Մեր հայ ակադեմիկոսները, պատմաբանները դարձեալ անդրադարձան 1915թ. Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու հանդէպ արաբ ժողովուրդի ցուցաբերած մարդասիրութեան եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայերուն օգնելուն` յաճախ իրենց կեանքը վտանգած արաբ ժողովուրդին:

–  Պարո՛ն Աշճեան, կեանքի, աշխատանքի մէջ ի՞նչ սկզբունքներով  կ’առաջնորդուիք:

–  Աշխատանքի, ընտանիքի, իմ միջավայրին մէջ կ’առաջնորդուիմ ազնուութեան, անկեղծութեան, շիտակութեան սկզբունքներով: Չեմ կրնար տանիլ սուտը, կեղծիքը: Պէտք է միշտ ճիշդը ըսել եւ ճշմարտութեան, արդարութեան ջատագով ըլլալ:

–  Ի՞նչ կը պակսի մեր երկրին, որպէսզի թէ՛ Հայրենիքի, թէ՛ ընտանիքի, թէ՛ բոլորիս համար կեանքը լիարժէք ըլլայ:

–  Կ’ուզեմ, որ Հայաստանի վիճակը տնտեսապէս բարելաւուի, աւելի կայուն դառնայ: Ես խորհուրդ կու տամ բոլոր սփիւռքահայերուն, որ գան Հայաստան թէկուզ մէկ ամիսով եւ մտածեն ապագայի մասին, ներդրումներ ընենք Հայրենիքի մէջ: Ես կ’ուզեմ, որ բոլորս միասին կառուցենք օրէնքի երկիր:

–  Դուք կը հաւատա՞ք միաւորուած, միացեալ Հայաստանի տեսլականին:

–  Այո՛, կը հաւատամ: Ո՞վ կը մտածէր, որ Սովետը կը փլուզուի, Ղարաբաղը կ’ազատագրուի, Հայաստան կ’անկախանայ: Հայկական հարցը արդէն վերելք  կ’ապրի: Եթէ Ղարաբաղ ազատագրուած է, վաղը մենք կրնանք ոտք դնել նաեւ մեր Պատմական Հայրենիքի հողին: Այսօր յառաջադէմ եւ մարդասէր թուրք մեծ մտածողներ եւս կան, որոնք կը քննադատեն Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը Հայոց Եղեռնի հարցով: Ես կը հաւատամ միաւորուած, մեծ Հայաստանի գաղափարին:

–  Շարունակէք խնդրեմ մեծ բանաստեղծի` Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» տողերը` Ձեր զգացումներով:

–  Հայաստան ասելիս հպարտ եմ զգում, ուժ եմ ստանում: Հայաստա՛նն է Սփիւռքի ողնաշարը, առանց Հայաստանի հայութիւն չկայ:

 

Կարինէ  Աւագեան

 IMG_3537

Scroll Up