ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Յունաստանի Սալոնիկի Քաղաքապետ Եանիս Պուտարիսի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Յուլիս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Յունաստանի Սալոնիկի քաղաքապետ Եանիս Պուտարիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Քաղաքապետը Հայաստան ժամանած է Սալոնիկի քոյր քաղաք Գիւմրիի հետ առաւել սերտ շփումներ եւ աշխոյժ յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով: Յառաջիկային անոնք 250-300 հայ երիտասարդներու պիտի հրաւիրեն Սալոնիկ` մասնակցելու տարբեր ձեռնարկներու, փոխադարձ կապեր հաստատելու իրենց հասակակիցներու հետ:
Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ նշեց. «Ուրախ եմ, որ Ձեր ծրագրերում շեշտը դնում էք երիտասարդութեան վրայ, նրանք մեծ ուժ են եւ մեր ապագան: Մեր ժողովուրդների բարեկամութիւնն ունի հազարամեակների պատմութիւն, եւ մենք պէտք է մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները համատեղ ուժերով յաղթահարենք: Մենք ունենք տնտեսական, կրթական, մշակութային, տուրիզմի եւ այլ ոլորտները զարգացնելու հզօր ներուժ»:
Քաղաքապետը իր խօսքին մէջ նշեց. «Սալոնիկի հայ համայնքը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ քաղաքի հասարակական կեանքին մէջ: Ձեր հայրենակիցները շատ խելացի ու աշխատասէր մարդիկ են: Այս յարաբերութիւնները նման բարձր մակարդակի վրայ դնելն ու զարգացնելը իմ երազանքներէս մէկն է, որ, յուսամ, կ’իրականանայ»:
Հանդիպման աւարտին նախարարն ու քաղաքապետը յուշանուէրներ փոխանակեցին: