Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Պարել Կը Սորվին
Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ կը շարունակուին «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-2013թ ծրագիրի Հայոց լեզուի եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացները:
Հայոց լեզուի դասընթացներուն զուգահեռ, որոնք արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն հոսքերով կ’իրականացնեն Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսները, ուսուցիչներուն կ’ուսուցանուի նաեւ հայ ազգային երգն ու պարը:
Ազգային պարի գաղտնիքներուն ուսուցիչներուն կը ծանօթացնէ «Կարին» ազգագրական խումբի ղեկավար Գագիկ Գինոսեանը:
Ինչպէս նշեց Գագիկ Գինոսեան, «Կարին» ազգագրական խումբը ազգային պարի ու երգի ուսուցման միջոցով կը փորձէ օգնել հայերուն կերտելու ազգային դիմագիծը եւ վերագտնելու իրենց իրական տեսակը: Քանզի պարը պատահական շարժում ու պարաքայլ չէ. այն, ինչպէս Կոմիտասը ըսած է, կ’արտայայտէ ազգի բնորոշող գիծերը, անոր բարքն ու քաղաքակրթութեան աստիճանը:
Գագիկ Գինոսեան Սփիւռքի մէջ ապրող հայ ուսուցիչներուն յորդորեց, որ անոնք նոյնպէս այս առաքելութիւնը որդեգրեն, մանաւանդ որ անոնք կ’օգնեն, որպէսզի օտար երկրի մէջ ապրող հայն իր տեսակը, իր լեզուն ու մշակոյթը պահէ:
Առաջին դասընթացքին սփիւռքահայ ուսուցիչները սորվեցան «Գեոնդ», «Վերուերի» պարատեսակները, իսկ յաջորդ պարապմունքի ընթացքին պիտի փորձեն սերտել «Կարնոյ քոչարին»:
Մինչեւ պարերու ուսուցումը Գագիկ Գինոսեան սփիւռքահայ ուսուցիչներուն ծանօթացուց ազգային պարի ակունքներուն, պարատեսակներուն, խօսեցաւ այն մասին, թէ պարը ինչ նշանակութիւն ունեցած է հայ մարդուն համար:
Դասընթացքը անցաւ շատ ուրախ, կատակային տրամադրութեամբ: Որոշ ուսուցիչներու համար քիչ մը դժուար էր պարի ռիթմին վարժուիլը: Ինչպէս կատակով նշեցին իրենք, ոմանք արդէն երիտասարդ չեն, շատերը տատիկներ են ու երիտասարդական նախկին եռանդը այլեւս չունին: Բայց անկախ տարիքային ու առողջական «գանգատներէն»` բոլորն ալ կը ջանային կրկնել այն ամէնը, ինչ ցոյց կու տար Գագիկ Գինոսեանը:
Վերջաւորութեան ուսուցիչները այնքան ոգեւորուած էին, որ արդէն իրե´նք չէին ուզեր դասընթացքը աւարտեր:
Լ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Ծաղկաձոր