Տեղի պիտի ունենայ սուրիահայ ձեւաւորող-մոտելաւորող Գէորգ Շատոյեանի «Վերածնունդ» հաւաքածուի ցուցադրութիւնը
Յունիս 12-ին, ժ. 19:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս «Մերիտիան Էքսփօ» կեդրոնին մէջ (Հասցէ` Երեւան, Կաշեգործներու 70) տեղի պիտի ունենայ սուրիահայ ձեւաւորող-մոտելաւորող Գէորգ Շատոյեանի “Shadoyan Fashion”” նորաձեւութեան տան «Վերածնունդ» հաւաքածուի ցուցադրութիւնը:
Ցուցադրութեան ներկայ պիտի ըլլան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ոլորտի մասնագէտներ, հիւրեր:
Պիտի ներկայացուին 23 կանացի, 7 տղամարդու եւ 8 մանկական համալիր հագուստներ, որոնք բացառապէս ստեղծուած են հայկական ազգային տարազներու բաղադրիչներէ: