Արիտունցիները Հիւրընկալուեցան Դաւիթաշէն Վարչական Շրջանին Մէջ

Յուլիս 6-ին Դաւիթաշէն վարչական շրջանը հիւրընկալած էր «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները:

Արիտունցիները նախ հանդիպեցան վարչական շրջանի ղեկավար Ռուսլան Բաղդասարեանի հետ, որ ողջունեց ծրագիրի մասնակիցներուն ու իր մաղթանքի խօսքը յղեց սփիւռքահայ երիտասարդներուն:

Այնուհետեւ ծրագիրի մասնակիցները ճանաչողական շրջայց կատարեցին Դաւիթաշէն վարչական շրջանին մէջ:

Նախ այցելեցին ճատրակի աշխարհի կրկնակի ախոյեան  Տիգրան Պետրոսեանի յուշարձանը, այնուհետեւ ուղեւորուեցան Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր ներկայ գտնուեցան Սուրբ պատարագին:

Սփիւռքահայ մասնակիցներուն ողջունեց եկեղեցւոյ քահանայ Տէր Խորէնը, որ նախ խօսեցաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա երիտասարդներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալու հայու ինքնութեան, մայրենի լեզուին ու հայկական աւանդոյթներուն:

Այնուհետեւ ծրագիրի մասնակիցները այցելեցին Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան հերոսամարտի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը:

Դաւիթաշէն վարչական շրջանի «Արի տուն» ծրագիրի պատասխանատու, թաղապետարանի կրթութեան, մշակոյթի, մարզական բաժինի պետ Տիգրան Գալստեանը երիտասարդներուն ծանօթացուց զոհուած ազատամարտիկներու հերոսական պատմութեան, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան:

Ճանաչողական շրջայցը աւարտեց Քրիստոնէութեան 1700-ամեակին նուիրուած յուշարձանին մօտ:

Օրուան աւարտին վարչական շրջանի կեդրոնական այգիին մէջ կազմակերպուեցաւ գեղեցիկ հիւրասիրութիւն` վարչական շրջանի ղեկավարին կողմէ:

«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները վերադառնալով` իրենց հետ պիտի տանին ո՛չ միայն հայրենիքի ջերմութիւնը, այլեւ հայրենակիցներու սէրն ու հիւրընկալութիւնը:

Scroll Up