«Սփիւռք Ամառնային Դպրոց-2014». «Ինքնութեան Պահպանումը Կը Սկսի Լեզուէն…». Լուսինէ Շահուերդեան

Լուսինէ Շահուերդեան եկած է Ղազախստանէն   մասնակցելու «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի լրագրողներու դասընթացքին: Լուսինէն վերջին տարիներուն  միայն սկսած է Ալմա-Աթայի հայկական համայնքի կեանքին մասնակցելու: Եւ յոյս ունի, որ դասընթացները կ’օգնեն առաւել նպատակային աշխատանք իրականացնել Ղազախստանի մէջ, որոնք կը նպաստեն ոչ միայն հայապահպանութեան, այլեւ` հայկական մշակոյթի տարածման.

– 12 տարի է` կը բնակիմ Ղազախստանի մէջ, անգլերէնի մասնաւոր դասեր կու տամ:

Համայնքի կեանքին սկսած եմ մասնակցիլ վերջին երեք տարին, երբ բալիկներս մեծցան ու որոշ ազատ ժամանակ ունեցայ: Երկու տղայ ունիմ` եօթ եւ տաս տարեկան: Որպէս ծնող` երեք տարի առաջ կանգնեցայ  խնդիրի մը առջեւ: Իմ երեխաներս կրնային խօսիլ ռուսերէն, ղազախերէն,  քիչ մը` հայերէն, բայց չկար հայկական կեդրոն մը, ուր կրնային հետեւիլ, ձեւաւորուիլ` որպէս հայ: Ինծի համար կարեւոր էր, որ անոնք ծանօթանային հայերու հետ: Յատկապէս, որ ինչ-ինչ պատճառներով ես ժամանակ, հնարաւորութիւն չէի գտներ հայերու հետ  հաղորդակցելու համար: Երեխաներս սկսան յաճախել Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ կից կիրակնօրեայ դպրոց: Եկեղեցին ունի շատ հրաշալի քահանայ` տէր Մարկոսը, որ ժամանակ  կը գտնէ եւ համբերութիւն` մեզի հետ կրօնական, այլ թեմաներով խօսելու համար: Անոր կինը` Լուսինէ Սարգսեան նոյնպէս կը մասնակցի լրագրողներու դասընթացքին: Ան հայերէն կը դասաւանդէ կիրակնօրեայ դպրոցին մէջ եւ 2011 թուականին մասնակցած է «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին: Բաւականին բովանդակալից դասեր  կ’իրականացնէ, եւ երեխաները 1-2 դասէ ետք  արդէն կը սկսին  հայերէն գրել, կարդալ:

Բայց, ինչպէս բոլոր համայնքները, մենք նոյնպէս խնդիրներ ունինք:

– Որո՞նք են այդ խնդիրները:

– Ամենամեծ խնդիրը 10-20 տարեկան պատանիներու, երիտասարդներու հետ աշխատանքն է, որովհետեւ այդ տարիքին կը ձեւաւորուի հայկական մշակոյթի նկատմամբ յարգանքը, սէրը, եւ ընդհանրապէս` որպէս հայ կը ձեւաւորուին այդ տարիքին: Եւ յոյս ունիմ, որ նաեւ իմ մասնակցութեամբ պիտի կարենանք այդ խնդիրները յաղթահարել, որովհետեւ համայնքի աշխատանքներուն պէտք է ներգրաւուած ըլլան բոլորը: Մեր հիմնական խնդիրը երիտասարդներուն համախմբելն ու ձուլման վտանգը կանխելն է:

– Լուսինէ´, Ղազախստանը մուսուլմանական երկիր է եւ, կը թուի, որ նման երկրի մէջ ձուլման վտանգը այնքան ալ մեծ պէտք չէ ըլլայ:

– Չեմ կարծեր, որ ծայրայեղ մուսուլմանական երկիր է, քանի որ մեծ թիւով ռուս բնակչութիւն կ’ապրի, եւ, ընդհանրապէս, Ղազախստանը շատ եզակի երկիր է, ուր խաղաղ եւ հանդուրժող մթնոլորտի մէջ կ’ապրին 120 ազգութիւններ: Երեւի նաեւ սա է պատճառը, որ մենք այնքան ալ ուշադիր չենք հայ մշակոյթի նկատմամբ, եւ կայ ձուլուելու, կորսնցնելու վտանգը: Այս տարիներուն ընթացքին ես ծանօթացած  եմ մեծ թիւով երիտասարդներու հետ` 12-30 տարեկան, որոնք ծնած են Ղազախստանի մէջ կամ ինչ-ինչ պատճառներով տեղափոխուած են այդ երկիր: Անոնց գրեթէ 90 տոկոսը, ցաւօք, հայերէն չի խօսիր: Կը խօսին ռուսերէն, ղազախերէն, անգլերէն, բայց հայերէնը, ինչ-ինչ պատճառներով, չի համարուիր կարեւոր լեզու: Գուցէ ընտանիքն է պատճառը, ուր հայերէնի իմացութիւնը չի խրախօսուիր կամ հայկական մթնոլորտը կը բացակայի:

Իսկ ինքնութեան պահպանումը կը սկսի լեզուէն: Եթէ կայ լեզուի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք, ապա երեխային կրնանք տարբեր միջոցներով հաղորդակից դարձնել հայկականութեան:

Ալմա-Աթայի մէջ արդէն մշակութային կեդրոն ունինք, արդէն մեծ թիւով հայեր կան, որոնք հետաքրքրուած են հայ մշակոյթի զարգացմամբ եւ տարածմամբ: Պարզապէս պէտք է այդ ամէնը համակարգել:

Ես լրագրողներու դասընթացներուն կը մասնակցիմ, որպէսզի համապատասխան գիտելիքներ ձեռք բերեմ ու կարենամ Հայաստանի մէջ կապեր հաստատել  որոշ անձերու հետ, որոնք պիտի կարենան օգնել Ղազախստանի մէջ տարածել հայկական մշակոյթը:

– Դասընթացներէն գո՞հ էք:

-Այո, շատ լաւ  ձեւով կը կազմակերպեն  մեր օրը: Շատ լաւ դասախօսութիւններ, հանդիպումներ կ’ունենանք: Շատ կարեւոր է փորձի փոխանակումը, որովհետեւ տարբեր համայնքներու մասնակիցներու հետ կը ծանօթանանք: Մեր խումբին մէջ  հրաշալի աղջիկ մը կայ ` Վարդիթերը, ան Թեհրանի մէջ գործող «Յոյս» երկշաբաթաթերթի լրագրող է: Անոր հետ զրոյցներու, շփման ընթացքին հասկցայ, որ Ղազախստանի մէջ նոյնպէս շատ հետաքրքիր աշխատանքներ կրնանք իրականացնել:

Շատ հետաքրքիր ձեւով կազմակերպուած էր մեր այսօրուան օրը, երբ այցելեցինք Ազգային ժողով, ՀՀ նախագահի նստավայր, առիթը ունեցանք հանդիպելու Վարդուհի Վարդերեսեանի հետ: Կրնամ ըսել, որ ամբողջ օրը աչքերս լայն բացած կը պտըտիմ, որ կարենամ ամբողջ տեղեկութիւնները կլանել:

Գիտէք, երբ կ’ապրիս դուրսը, մտահոգութիւն կայ, թէ ինչպիսին է կեանքը Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը կառավարուի երկիրը: Երբ այսօր այցելեցինք ՀՀ նախագահի նստավայր,  ես համոզուեցայ, որ շատ դրական տեղաշարժեր կան մեր երկրէն ներս: Ինծի շատ տպաւորեց ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպումը: Ան համարեայ երկուքուկէս ժամ, առանց յոգնածութեան նշոյլի, համբերութեամբ պատասխանեց մեզի յուզող հարցերուն: Այնպիսի տպաւորութիւն էր, որ ան մինչեւ առաւօտ պատրաստ է նոյն համբերութեամբ ու ձայնով պատասխանելու մեր բոլոր հարցերուն: Ուրախ եմ, որ մեր երկիրն ունի անոր պէս պատրաստուած մարդիկ:

Լուսինէ´, տպաւորութիւնները բաւականին շատ են: Հետաքրքիր է, իսկ որոշուած ծրագիրներ արդէն ունի՞ք:

– Ծրագրած ենք հոկտեմբերին Ալմա-Աթայի մէջ իրականացնել հայկական շարժանկարներու ցուցադրութիւն: Եթէ յաջողի, Ղազախստանի այլ քաղաքներու մէջ նոյնպէս ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպենք: Յոյս ունինք, որ այդ եղանակով պիտի կարենանք քարոզել ու ճանաչելի դարձնել մեր մշակոյթը:

Ես մասնակցած եմ հունգարական, ֆրանսական, գերմանական եւ այլ ազգերու շարժանկարներու ցուցադրութիւններուն: Նմանատիպ ձեռնարկները ցոյց կու տան, որ կայ հետաքրքրութիւն այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ: Եւ ինչպէս կ’ըսէ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի մեր դասախօսներէն մէկը` Մհեր Յովհաննիսեանը, մենք գիտական, մշակութային հասարակութիւն  ստեղծելու կարիքը ունինք:

Այս օրերն իմ կեանքին մէջ շատ բան փոխեց: Նաղաշ Մարտիրոսեանի (ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն-հեղ.) հետ զրոյցի ընթացքին վերջապէս հասունացաւ իմ այն որոշումը, որ այս երեք տարիներուն ուղեղիս մէջ կը պտըտէր: Այս տարի ես կ’ընդունուիմ ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունք եւ, հաւանաբար, նոյեմբերէն համալսարանի ուսանող կը դառնամ: Ցանկութիւնս մեծ է, թէկուզ օտար երկրի մէջ, ինչ-որ բանով օգտակար ըլլալու իմ ժողովրդին, որովհետեւ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

 

Scroll Up