ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Պարգեւատրեց Ռուսաստանի Հայերու Միութեան Վոլկոկրատի Տարածաշրջանային Բաժանմունքի Եւ Վոլկոկրատի Հայկական Համայնքի Խորհուրդի Անդամ Արթուր Մարտիրոսեանը

Մայիս 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան «Պօղոս Նուբար» մետալով պարգեւատրեց Ռուսաստանի հայերու միութեան Վոլկոկրատի տարածաշրջանային բաժանմունքի խորհուրդի անդամ, Վոլկոկրատի «Հայկական համայնք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, «Մաքս» ընկերակցութեան ղեկավար Արթուր Մարտիրոսեանը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց Ա.Մարտիրոսեանի կողմէ` Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ իրականացուած բարեգործական բազմաթիւ ծրագիրները, որոնք նպաստած են հայապահպանութեան եւ հայ մշակոյթի տարածման:

«1989թ. հեռանալով Հայրենիքից` տարիներ շարունակ հեռաւոր Վոլկոկրատում ծաւալել էք հայապահպանութեանն ուղղուած լայնածաւալ գործունէութիւն:
Համայնքին մատուցած Ձեր ծառայութիւններն արդէն իսկ բարձր են գնահատուել Ռուսաստանի հայերի միութեան կողմից: Իսկ այսօր, աւելի քան 100 հազար հայութիւն ունեցող Վոլկոկրատում հովանաւորում էք կառուցուող նոր հայկական Սբ. Գէորգ եկեղեցու եւ հայկական հոգեւոր մշակութային կենտրոնի շինարարութիւնը»,- նշեց նախարարը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը յորդորեց նոր բացուող մշակոյթի կեդրոնը անուանել
Մեսրոպ Մաշտոցի անունով եւ կոչ ըրաւ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագներէն ետք մանուկներուն ու պատանիներուն անպայման ուղղորդել մշակութային կեդրոն, ուր անոնք կրնան հաղորդակցիլ նաեւ հայ մշակութային արժէքներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով նախարարութեան Սփիւռքի մէջ ապրող հայութեան հանդէպ ուշադիր եւ հոգատար վերաբերմունքի համար` Արթուր Մարտիրոսեան հաւաստիացուց, որ այսուհետ Վոլկոկրատի հայ համայնքն առաւել աշխոյժ պիտի գործակցի գերատեսչութեան հետ եւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայրենիք-սփիւռք մերձեցման ուղղուած բազմաթիւ ծրագիրներուն:

Scroll Up