Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է Ծանրամարտի Մարզադահլիճ

Ստեփանակերտի Եղիշէ Չարենցի անուան N 7 միջնակարգ դպրոցին մէջ բացուած է ծանրամարտի մարզադահլիճ:
Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Արցախի ծանրամարտի միութեան նախագահ Արթուր Շիրինեան ըսած է, որ մարզադահլիճի բացման աջակցած են ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ բարերարներ:
Ա. Շիրինեանի խօսքով` Ստեփանակերտի մէջ արդէն 2 տարիէ մարզիկները կը զբաղին ծանրամարտով: Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ գործող ծանրամարտի մարզումներուն կը մասնակցին 7-18 տարիքային խումբի շուրջ 20 մարզիկ:
Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներու մասին` Ա. Շիրինեան ըսած է, որ իրենք Ապրիլին Արցախի մէջ պիտի կազմակերպեն ծանրամարտի առաջին բաց ախոյեանութիւնը. այդ մրցաշարքին պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի մարզիկներ:
Ծանրամարտի մարզիչ Արթուր Նահապետեան ըսած է, որ նոր մարզադահլիճին մէջ այս մարզաձեւի զարգացման համար կան համապատասխան պայմաններ:
Մարզիչին խօսքով` իրենք դեռ մարզագոյքի պակաս ունին. ատոնք ժամանակի ընթացքին կը համալրուին:
«Այս ասպարէզին մէջ, իրօք, լաւ մարզիկներ ունինք, որոնք արդէն ՀՀ ծանրամարտի ախոյեանութիւններու մրցանակային տեղեր գրաւած են»,-ըսած է Ա. Նահապետեանը: