Սուրբ Վարդանանց Տօնը Եւ Խորհուրդը

Երբ, որ Հայերը 301 թուականին Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս, որպէս պետական կրօնք ընդունեցին, այդ շրջանին Հայաստանի հարաւային կողմէն հարեւան Պարսիկները կրակապաշտ էին: Պարսիկ Հազկերտ Բ.թագաւորը ուզեց հայերը կրակապաշտ դարձնել եւ հրամայեց որ,Հայ ժողովուրդը չճանչնայ Քրիստոնէութիւնը եւ կրակապաշտ դառնայ:
Հայ ժողովուրդը մերժելով այս դաւանափոխութեան առաջարկը, չհնազանդեցաւ Պարսիկ թագաւորի հրամանին ու վճռակամօրէն որոշեց կրօնն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար Պարսիկներու դէմ պայքարիլ:
Պատերազմը պիտի մղուէր երկու անհաւասար ուժերու միջեւ,անոնցմէ մին իր ինքնութիւնը պահելու ու պաշտպանելու գիտակցութեամբ 60 000-ոց ազատամարտիկներու Հայոց բանակը, որ
մահուան դէմ յանդիման գալէ եւ նահատակուելէ չէր վախնար, իսկ միւսը Հայոց ինքնութիւնը եւ խղճի ազատութիւնը ոտնահարելու վճռակամ եւ իրենց կրօնքը զրադաշտութիւնը(zerdüştlük) Հայերուն պարտադրելու նպատակ ունեցող 300 000-ոց Պարսիկ բանակը:
26 Մայիս 451 թուականին այսօրուայ Արեւելեան Թուրքիոյ “Աւարայր”ի դաշտին վրայ սկսաւ ,Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ աւելի քան 35 տարի շարունակուող “ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ” պատերազմը:Հայոց բանակին գլուխը կը գտնուէր Մամիկոնեաններու տոհմէն “Վարդան Մամիկոնեան” զօրավարը: Պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուող Հայոց քաջ զօրավարը նահատակուեցաւ եւ աւելի քան 1036 վկայ զինուորներ,նախարարներ,մարտիրոսներ, մտաւորականներ: Ճակատամարտին մասնակցած էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնցմէ էր Սբ.Ղեւոնդ Քահանան :
Պատերազմը տեւեց շուրջ 35 տարի, որուն վերջաւորութեան, Հայ զօրքերուն գլուխն էր,նահատակ Վարդան զօրավարի եղբօրորդի “ՎԱՀԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ”ը:
Հայերը կռուեցան հերոսաբար ու քաջութեամբ, ապա մեծ կորուստներ տուին ու պարտուեցան:Պարսիկ Թագաւոր Հազկերտ.Բ. Հայերու քաջութիւնը տեսնելով , կ’ազդուի եւ իր զօրքերը ետ կը քաշէ, եւ այսպէսով Հայերը թէ ազատ եւ թէ Քրիստոնեայ կը մնան:Վարդանանց պատերազմը Հայ ազտագրական պայքարի պատմութեան անուրանալի ու անմոռանալի էջերէն մին է:
Այդ շրջանին Քրիստոնէութիւնը Հայոց համար դարձած էր, ոչ թէ միայն պաշտամունք ,այլ նաեւ օրէնք, արդարութիւն, ապրելակերպ, քաղակակրթութիւն, մշակոյթ ու սկզբունք:
Ազգասիրութիւնը, մշակոյթը, դպրոցը եւ կրօնքը անքակտելիօրէն իրարու կապուած էին,որ, կարելի չէր իրարմէ անջատել:Կորսնցնել կրօնքը, հայուն համար կը նշանակէր կորսնցնել իր ազգութիւնը:
Մեծ կամ փոքր ժողովուրդ,եթէ կը պայքարին իրենց գոյատեւման համար,կարող են ապրիլ ու գոյատեւել:Առանց պայքարի կարելի չէ, յաջողութեան ու յաղթանակի ճամբան բանալ,թէեւ Աւարայրի ճակատամարտը Հայոց համար ռազմական տեսակէտով մեծ պարտութիւն մըն է,սակայն եւ այնպէս Հայ պատմութեան մէջ , իր կարեւոր, իմաստալից ու ուրոյն տեղն ունի որպէս “Բարոյական Յաղթանակ”:
Այս Ճակատամարտով, հայու ինքնագիտակցութիւնը աւելի բարձր մակարդակի հասած է, պատերազմի ընթացքին ցոյց տուած հայրենասիրութիւնը, անձնազոհութիւնը,քաջութիւնը, ազգագիտակցութիւնը մեր յառաջիկայ սերունդներուն պիտի ըլլայ ներշնչումի աղբիւր եւ նաեւ ճգնաժային պահերու ժողովուրդը ոտքի պահող ոգի ու ուժ:
Հայ Ժողովուրդը 485 թուականէն ի վեր “Բուն Բարեկենդան”էն առաջ ( 2018 թուակիր տարուայ համար 8 Փետրուար 2018 թուականին կը հանդիպի) սիրով, հպարտութեամբ ու խանդավառութեամբ աշխարհիկ հանդէսներով ու եկեղեցական արարողութիւններով կը յիշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը :
Այս առիթով կը շնորհաւորենք Ղեւոնդ, Լեւոն, Մուշեղ, Յովսէփ, Արտակ, Աբրահամ, Վարդան, Սամուէլ, Խորէն, Հմայեակ, Վահան, Տաճատ, Գարեգին, Արսէն, Մամիկոն, եւ բոլոր միւս արական անունները, որոնք անուանակոչութեան յատուկ օր չունին:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ